ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՍԱՀԱԿԵԱՆ-ՆՈՒՆԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍԸ
Սամաթիոյ ընտանիքը երէկ երեկոյեան ջերմ ծափողջոյններու ներքեւ հրաժեշտ տուաւ՝ թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի լիսէի բաժնի 2024-2025 կրթական շրջանի ընթացաւարտներուն։ Դպրոցի պարտէզին մէջ կազմակերպուեցաւ շրջանաւարտութեան հանդէսը, որու ընթացքին տղաքը արդէն վերջին անգամ այնտեղ աշակերտի կարգավիճակով հանդէս եկան։ Երեկոյթի բոլոր մասնակիցներուն տեսակէտէ իսկապէս շատ հաճելի էր շրջանաւարտներու խանդավառութիւնը բաժնել։
Ձեռնարկին ներկայ էին Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հովիւ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան, ատենապետ Նուրհան Տավուլճեան եւ գործակից ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սէրտար Քասափճըլար, լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Տիանա Եըլանճըօղլու, նախակրթարանի բաժնի տնօրէնուհի Ալին Եուճէլ, ուսուցչական կազմը եւ Սամաթիոյ ընտանիքի յարակից մարմիններէն այլ ներկայացուցիչներ։
Յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ շրջանաւարտներու նկատմամբ համակրանքի մթնոլորտին մէջ։ Բոլորի մաղթանքն էր, որ տղոց ապագայ կեանքի ճանապարհը ըլլայ կանաչ ու ծաղկուն։ Այս զգացումներուն թարգման հանդիսացան այն բոլոր պատասխանատուները, որոնք ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին աշակերտներուն համար։ Շրջանաւարտ դասարանի ներկայացուցիչներն ալ հրաժեշտի փուլին արտայայտուեցան յուզումնախառն զգացումներով՝ քանի Սահակեան-Նունեան վարժարանը կեանքի առաջին քայլափոխին իրենց համար եղած էր հարազատ երդիք մը, որու ներքեւ անոնք ջերմ շունչով պատրաստուած էին՝ մեծ զոհողութիւններով եւ յոյսերով։ Այս բոլորէն վերջ, Սամաթիոյ ընտանիքին տեսակէտէ արդար հպարտութիւն մըն էր՝ տարի մը եւս շրջանաւարտներուն յանձնել վկայականներ եւ յուշանուէրներ։ Ստեղծուած տօնական մթնոլորտին մէջ խանդավառութիւնը բազմապատկուեցաւ, երբ հատուեցաւ շրջանաւարտներուն համար պատրաստուած կարկանդակը։