ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀԱՆԴԷՍԸ

Կեդրոնականի ընտանիքը երէկ երեկոյեան հրաժեշտ տուաւ վարժարանի 2024-2025 կրթական շրջանի հունձքին։ Այս տարի եւս տօնակատարութեան մը համազօր էր Կեդրոնականի շրջանաւարտութեան հանդէսը, որ տեղի ունեցաւ Գումգաբուի մէջ՝ ըստ ընկալեալ սովորութեան։ Կեդրոնականի ընտանիքը ո՛չ միայն ողջունեց վերջին ընթացաւարտները, այլեւ տօնախմբեց դպրոցի յարատեւութիւնը՝ միշտ պատնէշի վրայ, միշտ յաւակնոտ։

Հանդէսի ծրագիրը սկսաւ Պատրիարքարան տրուած այցելութեամբ։ Այստեղ կեդրոնականցիները ջերմօրէն հիւրընկալուեցան Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի, Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեանի, Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեանի, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի կողմէ, որոնք հանդէսի ընթացքին ալ ուրախակից եղան Կեդրոնականի մեծ ընտանիքին։ Այս փուլէն վերջ, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ յարգանքի այց մը տրուեցաւ դպրոցի մեծանուն հիմնադրի՝ երջանկայիշատակ պատրիարք Ներսէս Արք. Վարժապետեանի շիրմին, որ կը գտնուի գաւիթին մէջ։ 

Շրջանաւարտութեան հանդէսի բուն ծրագիրը գործադրուեցաւ՝ մշակոյթի կեդրոնի վերածուած Ս. Որդւոց Որոտման տաճարին մէջ։ Շրջանաւարտները, ծնողներն ու հիւրերը, բնականաբար, համակուած էին բարձր տրամադրութեամբ։ Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեան եւ գործակից ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Յարութիւն Էպէօղլու, տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլորը։ Ուսուցչական կազմի անդամներն ու Կեդրոնականի ընտանիքի այլ ներկայացուցիչներն ալ ուրախութեան մէջ էին՝ քանի տարի մը եւս արդիւանաւորուած կը տեսնէին իրենց ջանքերը։ Հիւրերու շարքին էին նաեւ դպրոցի երիցագոյն շրջանաւարտներէն Հայկ Ասլանեան, որ տարիներէ ի վեր անփոխարինելի զօրակցութիւն կը բերէ դպրոցի գոյատեւման պայքարին եւ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչ։

Յայտագիրը գործադրուեցաւ շրջանաւարտներու նկատմամբ անվերապահ համակրանքի յարիր մթնոլորտի մը մէջ։ Հայկ Ասլանեան եւ Մկրտիչ Արծիւեան ջերմօրէն ողջունեցին տղաքը։ Տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեանի ելոյթը ունկնդրուեցաւ մագնիսացած ուշադրութեամբ՝ քանի բոլորը կը գիտակցին, թէ դպրոցի այսօր հասած բարձունքի տեսաբանն ու առաջամարտիկն է ան՝ տասնամեակներու իր վիթխարի վաստակով։ Շրջանաւարտ դասարանի ներկայացուցիչներն ալ սրտի խօսքերով թարգման հանդիսացան իրենց ընկերներու զգացումներուն։

Վարժարանի այս տարուան 47 շրջանաւարտը բեմին վրայ տողանցեց՝ վկայականներու բաշխման ընթացքին։ Որպէս Կեդրոնականի ընտանիքի երիտասարդ անդամները՝ անոնց յանձնուեցան նաեւ յուշանուէրներ։

Յայտագրի գործադրութեան աւարտին ընդունելութիւն մը սարքուեցաւ «Պէզճեան» սրահին մէջ։ Շրջանաւարտներուն տեսակէտէ խորհրդանշական էր իրենց համար պատրաստուած կարկանդակի շուրջ համախմբուիլը։ Այս փուլին ալ բոլորը ջերմօրէն շրջապատեցին տղաքը, որոնց անկեղծ բարեմաղթանքներ յղեցին՝ բարձրագոյն ուսման փուլին եւ ընդհանրապէս կեանքի պայքարին համար։

Շաբաթ, Յունիս 28, 2025