ԱԶԱՏ ԿԱՄՔԻ ՄԱՍԻՆ

Եթէ մարդ պէտք է պատասխանատու ըլլայ իր գործողութեան եւ արարքին լաւ եւ վատ հետեւանքներու համար, ան պիտի ունենայ առ այդ ոչ միայն որոշեալ չափահասութիւն կամ կատարեալ հասակ, այսինքն՝ առողջ եւ հասուն մտածողութիւն, այլ նաեւ «կամքի ազատութիւն», կամ որ նոյնն է՝ «յօժարակամ հաճութիւն»։

Առանց «ազատ կամք»ի կամ «յօժարակամ հաճութեան» կատարուած գործի համար երբեք կարելի չէ՛ պատասխանատուութիւն դնել գործողի վրայ։ Այս ընդհանուր սկզբունքը այնչափ զօրաւոր եւ ազդու է թէ՛ բնական եւ թէ իրաւաբանական յատկութեամբ, որ մինչեւ իսկ մարդասպանը երբեք ենթակայ չէ պատասխանատուութեան եւ պատժին, եթէ ան կատարած է իր չարագործութիւնը եւ ոճիրը առանց յօժարակամ հաճութեան կամ խելագարութեան մէջ, ուրիշի ստիպմամբ եւ ճնշումի, սխալմամբ եւ այլն։

Այսպէս եւ ուրեմն եթէ «յօժարակամ հաճութիւն»ը ամենագլխաւոր պայմաններէն մէկն է մարդու ամէն մէկ գործողութեան համար, ո՜րչափ առաւել եւս հարկաւոր է ան ամուսնութեան ամենածանր ձեռնարկութեան մէջ՝ ուր գլխաւոր հիմունքն է երկու ամուսինին՝ այր եւ կնոջ փոխադարձ սէրը։ Եւ ա՛յս է պատճառը՝ որ ամենահին ժամանակներէ ի վեր ամուսնութեան օրինաւորութեան գլխաւոր պայմաններէն մին կը համարուէր ամուսնացողի «ազատ կամք»ը կամ «յօժարակամ հաճութիւն»ը. «consensus»։

Հռովմէական օրէնքով յօժարակամ հաճութիւնը. «consensus» գլխաւոր պայման կը համարուէր առհասարակ ամէն տեսակ ընկերական համաձայնութիւններու համար, առանց որու վաւերական եւ օրինաւոր չէր համարուեր այդ համաձայնութիւնը եւ որեւէ պատճառով յօժարակամ հաճութիւն չունեցողը իրաւունք ունէր հրաժարուիլ համաձայնութեան պայմանները եւ պարտաւորութիւնները կատարելէ։

Եւ որովհետեւ ամուսնութիւնը նոյնպէս կը համարուէր բարոյական-քաղաքացիական համաձայութիւն, ուստի եւ անոր օրինաւորութեան համար գլխաւոր-անհրաժեշտ պայմաններէն մին կը համարուէր եւ կը պահանջուէր ամուսնացողներու ամուսնական յօժարակամ հաճութիւնը «consensus nuptialis»։

Այդ պայմանը հռովմէական օրէնքով այն աստիճան անհրաժեշտ կը համարուէր, որ եթէ միւս պահանջուած բոլոր պայմանները պահպանուած էին եւ միայն այն պակաս էր՝ ամուսնութիւնը անվաւեր էր եւ ապօրինի. եւ միւս կողմէն ընդհակառակը՝ բաւակա՛ն էր միայն այդ յօժարակամ հաճութիւնը երկու ամուսնացողին կողմէ, բաւական էր այդ ամուսնական հաճութիւնը. «consensus nuptialis», որ ամուսնութիւնը համարուէր բոլորովին օրինաւոր եւ վաւերական, որովհետեւ հռովմայեցիները կ՚ըսէին. «Consensus facit nuptias», որ կը նշանակէ՝ հաճութիւնը կամ համաձայնութիւնը կը կազմէ ամուսնութիւնը։

Բացի հռովմայեցիներէն, միւս բոլոր հին ազգերը նոյնպէս անհրաժեշտ կը համարէին ամուսնացողներու յօժարակամ հաճութիւնը՝ ազատ համաձայնութիւնը ամուսնական օրինաւորութեան եւ վաւերականութեան համար։

Մինչեւ իսկ եւ վայրենաբարոյ ցեղերու մէջ, ուր ազգակցութեան չհասութիւնը եւ ուրիշ շատ տեսակ պայմանները յայտնի չէին, յայտնի էր եւ կը յարգուէր ամուսնութեան համար ամուսնացողներու յօժարակամ հաճութիւնը։

Քրիստոնէական Եկեղեցին՝ որը մէկ կողմէն գլխաւոր սկզբունք կը համարուի մարդու ազատ կամքը եւ ազատ գործողութիւնը, միւս կողմէն՝ ամուսնութեան հիմունքը կը հաստատէ ամուսիններու փոխադարձ սիրոյ վրայ, աւելի մեծ ուժ եւ նշանակութիւն տուաւ ամուսնացողներու յօժարակամ հաճութեան։

Այժմեան բոլոր լուսաւորեալ ազգերու պետական օրէնքները, նոյնպէս կը պահանջեն ամուսնացողներու յօժարակամ հաճութիւնը եւ փոխադարձ ազատակամ համաձայնութիւնը իբրեւ անհրաժեշտ պայման ամուսնութեան օրինաւորութեան համար։

Իրականին՝ եթէ այդ յօժարակամ հաճութիւնը բռնադատուած է որեւէ կերպով՝ ամուսնութիւնը չի կրնար վայելել փոխադարձ սէր եւ յարատեւութիւն…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունիս 28, 2025, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Յունիս 30, 2025