ԳԻՏԱԿԱՆ ԿՈՉՈՒՄ

Կը տեղեկանանք, որ մեր համայնքի նուիրեալ կրթական մշակներէն Գարին Աթաօղլու Պողազիչի համալսարանի Կրթական գիտութիւններու ֆաքիւլթէէն ներս պաշտպանած է տոքթորականի թեզ մը։ Գարին Աթաօղլու արդէն տոքթորականի ծրագիրը աւարտած է եւ ստացած է համապատասխան կոչումն ու վկայականը՝ համալսարանի «Ալպերթ Լոնկ» պատմական սրահէն ներս կազմակերպուած հանդիսութեան ընթացքին։ Հարկ է նշել, որ Գարին Աթաօղլու Գարակէօզեան տան կրթական համակարգողն է։

Երեքշաբթի, Յուլիս 1, 2025