ՕՐՄԱՆԵԱՆ ՍՐԲԱԶԱՆ՝ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՕՐԷՆՔԻ ՄԱՍԻՆ

Մաղաքիս Արք. Օրմանեան, իր «Խոհք եւ խօսք»ին մէջ՝ որ իր ինքնակենսագրութիւնն է, կը խորհրդածէ նաեւ կրօնական օր օրէնսգիտական սկզբունքներու վրայ՝ ՀԵ. հատուածին մէջ, 1918 թուականին։

Հետաքրքրական եւ շահեկան է հետեւիլ այս խօսքերուն՝ որոնք նոյնութեամբ կը ներկայացնենք միշտ հաւատարիմ մնալով բնագրին։

«Օրէնսգիտական առողջ սկզբունքով, օրէնքներ եւ կանոններ կրկին ծագում կրնան ունենալ, մէկը վարէն վեր եւ միւսը վերէն վար յառաջելով։ Վարէն վեր է ծագումը՝ երբոր մարդուն միտքն ու կամքն է անոր ծնունդ եւ կեանքը տուողը. միտքը օգտակարութիւնն ու յարմարութիւնը կը դատէ, եւ կամքն ալ իրականացումն ու գործադրութիւնը կը հրամայէ։

«Այսպէս են ամէն մարդկային օրէնքներ եւ կանոններ, ինչ ալ ըլլայ իրենց բնութիւնը, եւ ինչ հեղինակութեամբ ալ կատարուի անոնց վճռուիլն ու հրամայուիլը։ Իսկ վերէն վար է ծագումը՝ երբոր գերագոյն իշխանութեամբ եւ կատարեալ իրաւունքովը բան մը կ՚որոշէ, կը վճռէ եւ կը հրամայէ։

«Այսպէս են ընդհանրապէս կրօնական օրէնքներն ու կանոնները, որոնք աստուածային գերագոյն իշխանութեամբ հաստատուած են, եւ մարդիկներուն հաղորդուած, որ գիտական բացատրութեամբ -Յայտնութիւն- կը կոչուի, եւ կը պարունակէ տեսական եւ գործնական մասեր, հաւատալիք ճշմարտութիւններ եւ կատարուելիք գործեր։

«Ընդհանուր սկզբունքով օրէնքի մը եւ հրամանի մը փոփոխութիւն միայն օրէնքին տէրը կամ օրէնսդիրը կամ ծագուն տուող իշխանութիւնը կրնայ տալ, եւ հետեւաբար մարդկային միտքն եւ կամքը ձեռնհաս չէ Աստուծոյ հաստատած ու յայտնած օրէնքը ու կանոնը փոփոխել, եւ որոնք որ բարեկարգութիւն ըսելով կը մտաբերեն կրօնական յայտնեալ օրէնքը փոփոխել, թեթեւցնել կամ դադրեցնել, առողջ սկզբունքի հակառակ կը խօսին, եւ երբ կը կարծեն նպատակին դիմել, ո՛չ արդար եւ ո՛չ իրաւացի եւ ո՛չ իսկ մտաւորական սկզբանց համաձայն կը խօսին։

«Քրիստոնէական օրէնքներու եւ կանոններու գալով, ընդունուած է որ անոնց հեղինակը ինքն Քրիստոսն է, որ խորհուրդներն ու հրամանները առաքեալներուն հաղորդեց ու սորվեցուց, անոնք ալ աշխարհի հաղորդեցին ու սորվեցուցին եւ առաքելական եկեղեցի կազմակերպեցին։ Առաքելոց հետեւող հայրապետներ եւ վարդապետներն ալ առաքելոց անունով գործեցին եւ առաքելոց հեղինակութեամբ զօրացան։ Մարդկային միտքն ու կամքը տեղի տուաւ աստուածային իշխանութեան, եւ քրիստոնէութեան վերաբերեալ ամէն խնդիրներ ո՛չ միտքի զօրութեամբ եւ ո՛չ կամքի հաճութեամբ եւ ո՛չ ժամանակի պահանջից փաստով լուծուեցան, այլ դէպ ետեւ բարձրանալով՝ առաքեալներուն հաստատածն ու սորվեցուցածը փնտռուեցաւ, եւ առաքելական հեղինակութեամբ զօրացաւ առաքելական եկեղեցին։

«Անուրանալի է սակայն՝ որ եթէ մարդկային միտքն ու կամքը իշխանութիւն եւ հեղինակութիւն չունի կրօնական օրէնքներ եւ կանոններ աղաւաղելու եւ եղծանելու, եւ այս է իսկական պատճառը որ քրիստոնէութեան միակ բունը բազմաճիւղ ծառի նման բազմաթիւ ոստերու բաշխուած է, եւ բազմատեսակ եկեղեցիներ կը պարունակէ, որոց իւրաքանչիւրն ալ իւր ուղղափառութիւնը, այսինքն ուղիղ առաքելութիւնը կը պնդէ, թէպէտեւ իրարու անհամաձայն ըլլալովնին հարկաւ չեն կրնար ամէնքն ալ ուղիղ ուղղափառութեամբ ճոխանայ։

«Ուրեմն անհրաժեշտ է այժմեան քրիստոնէութենէ ետ ետ բարձրանալով՝ մինչեւ հնագոյն դարերը հասնիլ, եւ այն ալ ո՛չ թէ յանկարծական ոստումով մը հինը վերանորոգելու մարմաջով, որ տեւողականութեան եւ շարունակութեան փաստը չունի իրեն կողմ, այլ սկիզբէն դէպ առաջ շարունակութեամբ որոնելով՝ թէ ո՛ւր կանգ առած է իւրաքանչիւրին վերջնական կազմակերպութիւնը։

«Այդ տեսութեամբ միանգամ ընդ միշտ դուրս թողած կ՚ըլլանք նորաղանդական կամ բողոքական դրութիւնը, որ վեցտասաներորդ դարուն մէջ յանկարծական ոստումով մը առաջին դարուն վերադառնալ կարծեց, եւ առանց իրեն հիմ ունենալու աւանդական շարունակութիւնը եւ տակաւ կազմակերպութիւնը, իւր միտքին յղացմամբ եւ հաճոյից որոշմամբ ուզեց սկզբնական դարը կերպարանել եւ վերանորոգել, որով իսկապէս կրօնական եւ քրիստոնէական սկզբունքէն շեղեցաւ, եւ մարդկային միտքն ու կամքը իբր իրաւացի իշխանութիւն եւ բաւարար հեղինակութիւն ընդունուած եղաւ…»։

Ուստի սիրելի՜ներ, որեւէ նիւթի շուրջ գաղափար մը կազմելու եւ գաղափար յայտնելու համար անհրաժե՛շտ է խնդրոյ առարկայ նիւթին մասին, եւ մա՛նաւանդ մասնագիտութիւն պահանջող նիւթերու մասին գոնէ նուազագոյն տեղեկութիւն ե՛ւ գիտութիւն ունենալ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունիս 30, 2025, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Յուլիս 1, 2025