ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄՈՌՑՈՒՈՂ ԱՆՈՒՆՆԵՐ
Բոլոր ժամանակներուն Պոլիսը տուած է արուեստի, մշակոյթի, մամուլի, գրականութեան, հրապարակախօսութեան, բժշկութեան եւ բազում այլ ասպարէզներու նուիրալներ, որոնցմէ բոլորը բազմահամբաւ չեն դարձած…
Ժամանակի եւ հանգամանքներու բերումով անոնց մեծ մասին անունները յայտնուած են ծալուած էջերու մէջ, մինչդեռ այդ մոռցուող անուններուն կատարած գործը պակաս կարեւոր չէր, քան անոնց, որոնց անունները առաւել յայտնի են լայն հասարակութեան։
Կը ներկայացնենք խումբ մը պոլսահայ մոռցուող անուններ, որոնց յոբելեանները, յիշատակի օրերը յաճախ կ՚անտեսուին, իսկ անոնց կատարած գործն ալ անծանօթ կը մնայ նոր եկողներուն։
ԽԱՉԱՏՈՒՐ ՈՍԿԱՆԵԱՆ (ՕՍԿԱՆԵԱՆ)
Գրող, լրագրող, 1818 թուականին Պոլիս ծնած Խաչատուր (Քրիստոփըր) Ոսկանեան կը յիշատակուի իբրեւ 19-րդ դարուն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ գաղթած առաջին օսմանահայը։ Ծնած ըլլալով Պոլիս՝ նախնական կրթութիւնը ստացած է անձնական ուսուցիչներէ։ Սորված է լեզուներ։
Ոսկանեան բարձրագոյն ուսում ստանալու նպատակով 1834 թուականին մեկնած է Նիւ Եորք:
1834-1840 թուականներուն ուսանած է Նիւ Եորքի համալսարանին մէջ։
1840 թուականին Պոլսոյ մէջ խմբագրած է «Ազդարար Բիւզանդական» պարբերականը։
1854 թուականին հաստատուած է Նիւ Եորք։ Արեւելքի մասին յօդուածներով աշխատակցած է «Նիւ Եորք Հերըլտ» եւ այլ պարբերականներու՝ Օսքան Քրիստոփըր անուամբ։
1857 թուականին հրատարակած է «Սուլթանը եւ իր ժողովուրդը» գիրքը՝ Օսմանեան կայսրութեան մասին։
Ծառայած է նաեւ որպէս Նիւ Եորքի Մամլոյ ակումբի նախագահ:
Մահացած է 1895 թուականին՝ Նիւ Եորք։
ՊԵՏՐՈՍ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
(Կարապետ Զէքի) հայ կրթական գործիչ, բառարանագիր։
Ծնած է 1869 թուականին՝ Պոլիս։ Իր կրթութիւնը ան ստացած է ծննդավայրի Պէրպէրեան վարժարանը։ Աւարտելէն ետք նուիրուած է մանկավարժական աշխատանքի։ Երկար տարիներ պաշտօնավարած է Պոլսոյ հայկական դպրոցներուն մէջ, որպէս օսմանեան մատենագրութեան, պարսկերէնի եւ արաբերէնի ուսուցիչ։ Սկիւտարի մէջ իր անունով բացած է «Կարապետեան» վարժարանը, որ եղած է երկսեռ եօթնամեայ երկրորդական վարժարան, ուր ուսանած են բազմաթիւ աշակերտներ։ Պոլսահայ մամուլին մէջ Պետրոս Կարապետեան տպագրած է յօդուածներ։ Ան եղած է նաեւ Պետական խորհուրդի վերաքննիչ դատարանի առաջին կարգի քարտուղար։
Պետրոս Կարապետեանի՝ զատ գիրքով լոյս տեսած աշխատութիւններէն են «Մեծ բառարան հայերէնէ օսմաներէն» (տպուած՝ 1907 թուին, Պոլիս), «Մեծ բառարան օսմաներէնէ հայերէն» (տպուած՝ Պոլիս, 1912 թուականին, կը պարունակէ մօտ 50 հազար բառ եւ արտայայտութիւն եւ վերահրատարակուած է Անգարա՝ 2009 թուականին)։ 1935 թուականին Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած է անոր մէկ այլ աշխատութիւնը՝ «Հնգադարեան յիշատակարան Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ», որ պատմական տեղեկութիւններ կը պարունակէ նաեւ Պոլսոյ հայ գաղութի սկզբնաւորման վերաբերեալ։ Ի միջի այլոց, իր մասին ալ գիրք գրուած է՝ 1911-ին, «20-րդ դարու ազգային դիբեր» մատենաշարով, եւ այդ գիրքին մէջ յատկանշական երկխօսութիւն մըն ալ զետեղուած է Պետրոս Կարապետեանին եւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադիր Միսաք Գօչունեանին (Քասիմ) միջեւ։ Պետրոս Զէքի Կարապետեան մահացած է 1937 թուականին։
ՇԱՐԱՍԱՆ (ՍԱՐԳԻՍ ԹԻՒԹԻՒՆՃԵԱՆ)
Շարասան (իսկական անուն մականունն է Սարգիս Թիւթիւնճեան)։ Նոյնպէս Պոլիս ծնած է։ Ծննդեան թուականն է՝ 1880։ Ան իր ժամանակին յայտնի դեղագործ էր, միաժամանակ՝ թատրոնի պատմաբան։
Ուսանած է Պէրպէրեան վարժարանը։ Իր հիմնական գործէն՝ դեղագործութենէն շատ առաջ, մանուկ հասակէն հետաքրքրուած է հայ թատրոնով եւ անոր գործիչներով, հաւաքած է 1867-1888 թուականներու պոլսահայ թատրոնի աւելի քան 150 ազդագիրներ, ինչպէս նաեւ՝ լուսանկարներ, ուսումնասիրած է մամուլին մէջ ցրուած նիւթերը՝ ժամանակակից թատերական գործիչներու մասին։ Ինքն ալ պոլսահայ մամուլին մէջ նոյն նիւթով յօդուածներ ստորագրած է։ 1898 թուականիէն սկսած է գրել «Թրքահայ բեմը եւ իր գործիչները․ 1850-1908» շարքը, որ 1907 թուականին պսակուած է «Իզմիրեանց» մրցանակով, իսկ 1915 թուականին զատ գիրքով լոյս տեսած է Պոլսոյ մէջ։ Որոշ տեղեկութիւններ նկատի առնելով, կենսագիրներ կ՚ենթադրեն, թէ Շարասան ձեռագիր աշխատութիւն ձգած է Պետրոս Ադամեանի մասին։ Շարասան մահացած է 1948 թուականին, որոշ աղբիւրներու համաձայն՝ 1949-ին։
ԳՈՀԱՐԻԿ ՂԱԶԱՐՈՍԵԱՆ
Պոլսահայ երգահան, դաշնակահար Գոհարիկ Ղազարոսեան ծնած է 1926 թուականին։ Ան իր հօր եւ քրոջ հետ Փարիզ տեղափոխուած է՝ ուսանելու, ընդունուած է Փարիզի երաժշտանոցը:
Ղազարոսեան ուսանած է ժամանակի անուանի երաժիշտներու քով, վերադարձած է Պոլիս, ուր դասաւանդած է, բայց յաճախ կրկին Փարիզ գացած է՝ հոն մնացած իր քրոջ մօտ:
1934 թուականէն սկսեալ Ղազարոսեան համերգներով հանդէս եկած է Եւրոպայի բազմաթիւ քաղաքներու եւ ԱՄՆ-ի մէջ։
1958 թուականին Փարիզի «Յառաջ» թերթին մէջ լոյս կը տեսնէ Գոհարիկ Ղազարոսեանի մէկ գրութիւնը՝ «Ուխտագնացութիւն մը դէպի Քէօթահիա» խորագրով:
Կատարած է հնագոյն վարպետներէն մինչեւ նորագոյն ստեղծագործողներու գործեր, այդ կարգին՝ Կոմիտասի եւ իր սեփական գործերը։
Գրած է սենեկային երաժշտութեան ժանրի գործեր, դաշնամուրային համանուագներ, ստեղծած է այլ ժանրերու երաժշտութիւն: Տպագրուած են Գոհարիկ Ղազարոսեանի դաշնամուրային 24 նուագները, Կոմիտասի՝ 1913 թուականին հաւաքած ժողովրդական երգերէն քսան հատին դաշնամուրային շարադրութիւնը, աշուղական երգերու մշակումներ եւ այլն։ Մահացած է Փարիզ՝ 1957 թուականին եւ մահէն շատ տարիներ ետք՝ 2021 թուականին, անոր արխիւը յանձնուած է Երեւանի «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանին:
ԲԱՐՈՒՆԱԿ ԿԵՐՏԻԿԵԱՆ
Հայ բժիշկ, հասարակական գործիչ էր ան, որ 1824 թուականին Պոլիս ծնած է։ Աւարտած է Պոլսոյ ռազմաբժշկական ուսումնարանը։ 1847 թուականին Փոքր Ասիոյ նահանգներուն մէջ կատարած է ծաղիկի դէմ պատուաստումներ, գրած է «Ճանապարհորդութիւն Հայաստան երկրով դէպի Բաբելոն» օրագիրը (հրատարակուած է մահէն ետք)։ 1849 թուականին նշանակուած է Պոլսոյ «Հայտար Փաշա» հիւանդանոցի բժիշկ, ապա ուղարկուած է ծառայութեան։ 1850 թուականին վերադարձած է Պոլիս, մասնակցած է (Սերովբէ Վիչենեանի եւ Գասպար Սինափեանի հետ) կառավարական յանձնախումբի աշխատանքներուն, ուսումնասիրած է Պոլսոյ հայկական ազգային դպրոցներուն դասաւանդման որակը։ 1860-1865 թուականներուն. իրականացուցած է պայքարի արդիւնաւոր միջոցառումներ՝ տենդի եւ քոլերայի համաճարակներու դէմ (արժանացած է կառավարական պարգեւներու)։ 1860 թուականին Պոլսոյ մէջ մասնակցած է Հայկական ազգային սահմանադրութեան ստեղծման։ Կրիփի, գերհիւծուածութեան առաջացման պատճառներու եւ բուժման մասին Կերտիկեանի յօդուածները հրատարակուած են Պոլսոյ ֆրանսական եւ հայկական ամսագիրներուն մէջ։ Ան մահացած է 1868 թուականին։
ԵՐՈՒԱՆԴ ՄՍՐԼԵԱՆ
Հրատարակիչ, խմբագիր, հայկական տպարանային ձեռնարկութեան նուիրեալ Երուանդ Մսրլեան ծնած է Պոլիս՝ 1886 թուականին։
1902 թուականէն սկսեալ աշխատած է Պոլսոյ, 1904 թուականէն՝ Գահիրէի զանազան տպարաններու մէջ՝ իբրեւ գրաշար։
1908 թուականին Պոլսոյ մէջ հիմնած է «Կութենպերկ» տպարանը, հրատարակած է հայերէն օրաթերթեր եւ գեղարուեստական գրականութիւն։
1914 թուականին հաստատուած է Գահիրէ, աշխատած է «Խարաշօ» երգիծաթերթի խմբագրութեան մէջ։
1917 թուականին հիմնած է «Ոսկետառ» տպարանը, ուր տպագրուած են «Արկոս» հայ հրատարակչական ընկերութեան նախաձեռնութեամբ թարգմանուած (ֆրանսերէնէ) տասնեակ վէպեր, «Գանձարան հայկական երգերու» ժողովածոներու վեց հատորները եւ այլն (շուրջ 70 անուն գիրք)։ «Ոսկետառ»ը պատմական տպարան էր Գահիրէի մէջ, մինչեւ 2018 թուականը տակաւին կը գործէր եւ այդ թուին ալ գոցեց իր դռները՝ իր հետ գոցելով եգիպտահայ տպագրութեան էջ մը։
1919-1971 թուականներուն Երուանդ Մսրլեան եղած է «Սաւառնակ» երգիծական շաբաթաթերթի հիմնադիր-խմբագիրը եւ մահացած է 1971 թուականին՝ Գահիրէ։
ՎԱՀԱԳՆ ՆԻԿՈՂՈՍԵԱՆ
Վինագործ, լարային երաժշտական գործիքներ պատրաստող Վահագն Նիկողոսեան 1910 թուականին Պոլիս ծնած է։ Աշակերտած է հօրը՝ Արամ Նիկողոսեանին, որ լարային գործիքներու պատրաստման առաջին արհեստանոցի հիմնադիրն էր այդ տարածքին։ Առաջին ջութակը Վահագն Նիկողոսեան պատրաստած է տասնհինգ տարեկանին։
1929 թուականին մեկնած է Փարիզ, ուր աշակերտած է ջութակի ծանօթ վարպետ Մ. Վատլոյին։ Այդ ընթացքին պատրաստած է չորս ջութակ, մէկ թաւջութակ (անոնք 1933 թուականին ցուցադրուած են Փարիզի քանդակի թանգարանին մէջ)։ 1936 թուականին վերադարձած է Թուրքիա, հիմնադրած է ջութակի պատրաստման, վերանորոգման եւ վերականգնման արհեստանոց։
1958 թուականին Վահագն Նիկողոսեան տեղափոխուած է ԱՄՆ, ուր տասն տարի աշխատած նշանաւոր լարագործի մը արհեստանոցը, 1964-1968 թուականներուն եղած է ջութակի իտալացի վարպետ Ս. Ֆ. Սաքքոնիի օգնականը։ Յետագային Նիւ Եորքի մէջ բացած է «Անթոնիօ Սթրատիվարիուս» արհեստանոցը։ Հիմնականը վերականգնած է դասական երաժշտական գործիքներ, կարեւորած է անոնց հնչողութեան ուժգնութիւնը։ Նիկողոսեան ծանօթ եղած է նաեւ լարային գործիքներու աղեղներու հմուտ վերանորոգող։
Ջութակի եւ աղեղի պատրաստման վարպետներու միջազգային միութեան եւ ընկերակցութեան անդամ եղած է։ Նիկողոսեանի ամենամեայ դասընթացքներուն մասնակցած են բազմաթիւ վարպետներ։
Պոլսահայ անուանի ջութակագործը մահացած է 1997 թուականին՝ Նիւ Եորքի մէջ։
ՎԱՀՐԱՄ ՄԱՆԱՎԵԱՆ
Օսմանեան կայսրութեան մէջ ժամանակին նշանաւոր եղած հայ նկարիչ Վահրամ Մանավեան, որ նոյնպէս Պոլիս ծնած է, 1880 թուականին։
Գրող եւ ուսուցիչ Տիգրան Մանավեանի վեց երեխաներէն մէկն էր, որ աղքատ մանկութիւն մը ապրած է։ Հայրը կանուխ մահացած է եւ ան ստիպուած իր աւագ եղբօր հետ որբանոցը ապրած է։ Հոս ալ սկսած է ի յայտ գալ նկարչութեան հանդէպ սէրը եւ իր տաղանդը՝ այդ ասպարէզին մէջ։ Նկարչութեան դասեր առած է սամաթիացի գեղանկարիչ, դիմանկարներու վարպետ Սիմոն Յակոբեանէն, որբանոցին մէջ նկարչութեան դասեր տուած է՝ մինչ այդ աւարտելով Իսթանպուլի Գեղարուեստի ակադեմիան։ Ինչ-ինչ հարցերու պատճառով աքսորուած է Հռոդոս (Ռոտոս)։ 1911 թուականին յաջողած է փախչիլ Եգիպտոս եւ ընտանիքին հետ հոն հաստատուիլ։ Եգիպտոսի մէջ նկարչութեան դասեր կու տար, բայց նիւթական նկատառումներով նաեւ լուսանկարչութեամբ կը զբաղէր։ Աղեքսանդրիայէն տեղափոխուած է Գահիրէ ե 1934 թուականին նկարիչ Երուանդ Տեմիրճեանին հետ բացած համատեղ ցուցահանդէս։ Յաջորդած են ուրիշ ցուցահանդէսներ։ Անոր կենսագրութեան մէջ կայ կրկին Պոլիս երթալու, բայց Գահիրէ դառնալու դրուագ մը։ Մանավեան մահացած է Գահիրէ՝ 1952 թուականին։ Անոր նկարները մինչ օրս զանազան առիթներով կը ցուցադրուին, նոյնիսկ Գահիրէէն դուրս ալ։
ԼԵՒՈՆ ՆԱՖԻԼԵԱՆ
Ճարտարապետ, Փարիզի «Անի» հայ արուեստագէտներու խմբակցութեան անդամ Լեւոն Նաֆիլեան 1877 թուականին Պոլիս ծնած է։
1905 թուականին աւարտած է Փարիզի Գեղարուեստի ազգային բարձրագոյն դպրոցը։ 1910 թուականին Նաֆիլեանի եւ ճարտարապետ-նկարիչ Հրանդ Գազանճեանի նախագիծերով Գահիրէի մէջ կառուցուած են Նահապետեաններու տունը, իշխանուհիի ապարանքը, Աղեքսանդրիոյ մէջ՝ Իպրահիմ փաշայի ամարանոցը, Պոլսոյ մէջ՝ «Շիրքէթ-ի Հայրիյէ» նաւային ընկերութեան Ղալաթիոյ պաշտօնատեղին, «Միլլի» ապահովագրական ընկերութեան կեդրոնատեղին։ Առաջին աշխարհամարտէն (1914-1918) ետք բնակած է Փարիզ, զբաղած է նաեւ նկարչութեամբ։
Ան ճարտարապետը եղած է նաեւ Փարիզի Ժան Կուժոն թաղամասի հայկական Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ՝ Գահիրէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (բարերար՝ Գրիգոր Եղիայեան): Պօղոս փաշա Նուպար շատ հաւնած ըլլալով Փարիզի եկեղեցին՝ թելադրեր է, որ Գահիրէի եկեղեցւոյ ճարտարապետութիւնը վըս-տահուի նոյն ճարտարապետին:
Լեւոն Նաֆիլեանի նախագիծերով կառուցուած են նաեւ Հայ ուսանողներու տունը՝ Փարիզի մէջ, Հալէպի «Պարոն» հիւրանոցը, Հալէպի Առեւտրային դրամատան շէնքը, Երեւանի «Մարի Նուպար» երկյարկանի ակնաբուժարանը (1927), Հայ եկեղեցւոյ Գահիրէի առաջնորդարանի երկյարկանի շէնքը, Գահիրէի «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցին (1927)։ Մահացած է 1937 թուականին՝ Նիսի մէջ, Ֆրանսա։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան