ԱՄՆ-Է ՎԵՐԱԴԱՐՁԻՆ ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՍՕՐ ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍ ՄԸ ԿԸ ՍԱՐՔԷ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ

Դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ երկշաբաթեայ ուղեւորութենէ վերադարձին, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այսօր Գումգաբուի մէջ կը սարքէ մամլոյ ասուլիս մը։ Նորին Ամենապատուութիւնը յետմիջօրէին Պատրիարքարանի մէջ ժամադրուած է պոլսահայ մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ։ Կը նախատեսուի, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս մամլոյ ասուլիսին ընթացքին համայնքի լրագրողներուն հետ բաժնէ իր շրջագայութեան վերաբերեալ տպաւորութիւնները եւ մեկնաբանէ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգի զանազան նիւթերը։

Մինչ այդ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան եւ Արեւելեան թեմերէն ներս Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր այցելութիւնը դարձած է իսկապէս անմոռանալի։ Ուղեւորութեան բոլոր փուլերուն ստեղծուած ոգեւորութիւնը անվիճելի ապացոյց մըն է, թէ այս այցելութիւնը պսակուած է յաջողութեամբ եւ թարմացուցած է Պատրիարքական Աթոռի եւ արտասահման հաստատուած նախկին պոլսահայերու հաղորդակցութիւնը։ Նորին Ամենապատուութեան այցելութեան եզրափակիչ փուլին, Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկներն ալ դարձած են առաւել չափով յատկանշական։ Արեւելեան թեմի Ս. Վարդան առաջնորդանիստ մայր տաճարէն ներս Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ մատուցուած Ս. Պատարագի աւարտին սարքուած ընդունելութիւնը այս ամբողջին մէջ կ՚առանձնանայ՝ ներկաներուն առթած վառ տպաւորութիւններով։ Առաջնորդարանի համալիրի «Գավուքճեան» սրահի երդիքին տակ սարքուած ճաշասեղանի ներկաներու շարքին էր ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Պարոյր Յովհաննիսեան։ Այս ճաշկերոյթի ընթացքին փոխանակուած յուշանուէրները եղան Նորին Ամենապատուութեան ոււղեւորութեան ստեղծած ոգեւորութեան շօշափելի ապացոյցները։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեանին յանձնուած յուշանուէրները խորհրդանշական մեծ իմաստ կը ներկայացնէին։ Նիւ Եորքէն հրաժեշտ առնելէ առաջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը առանձնապէս գնահատեց՝ Թամար Գայսէրլեանի կողմէ գլխաւորուած այցելութեան կարգադիր յանձնախումբին կողմէ գործադրուած ջանքերը։ Կազմակերպչական աշխատանքներուն ներգրաւուած էին բազմաթիւ հաստատութիւններ, որոնց շարքին էր C.A.R.S.-ը, որու վարչութեան գլուխը կը գտնուի Էլիզապէթ Օտապաշեան։

  

Հինգշաբթի, Յուլիս 3, 2025