ՄՈԳԱԿԱՆ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ինչպէս աղանդաւորական շարժումները, այնպէս ալ քիչ չեն թիւը գուշակութեամբ զբաղողներուն, որովհետեւ այնքան ատեն որ կայ հաւատացող՝ պիտի ըլլան նաեւ այդ հաւատքը շահագործողներ։ Հայաստանի Հանրապետութեան պետութիւնը եւս իր կատարած յայտարարութեանց մէջ յայտնած է, որ յստակ թիւ մը գոյութիւն չունի, թէ Հայաստանի մէջ քանի՞ հոգի կը զբաղի գուշակութեամբ, որովհետեւ անոնք օրինական գետնի վրայ ո՛չ մէկ հետապնդում, ո՛չ մէկ պատասխանատուութիւն ունին, սակայն, պետութիւնը կը յայտնէ, թէ անցեալին եղած են գրանցում ունեցող մի քանի պաշտօնական գուշակութեան վայրեր՝ «Հայ աստղագուշակ», «Գուշակ» եւ այլ նման անուններով. պետութեան մօտ գրանցուած է նաեւ շաբաթաթերթ մը՝ «Աստղագուշակ» անուամբ:
Յստակ թիւ մը գոյութիւն չունի, սակայն, կան մի քանի գուշակներ՝ որոնք իրենց «յաջողութիւն»ներով կը տարբերին ուրիշներէ եւ ունին համբաւ։ Նման գուշակներու մօտ այցելելու համար կը պահանջուի նախապէս պայմանաւորուածութիւն, նոյնիսկ միջնորդութիւն եւ ինչպէս յայտնի է մեծ գումարներ: Շատերու համար, անշուշտ, զարմանալի է, թէ ինչպէ՞ս աշխարհի առաջին Քրիստոնեայ պետութեան մէջ նման բաներ գոյութիւն կրնան ունենալ. իսկ մենք կու գանք ըսելու, որ ո՛չ միայն գոյութիւն ունին, այլ նոյնիսկ անոնց ծանուցումը կը կատարուի. մի քանի տարիներ առաջ Հայաստանի մէջ մեծ համբաւ ունէր հեռուստացոյցէն սփռուող յայտագիր մը՝ «Վեցերորդ զգայարանք» անուան տակ, ուր կը փորձին ժողովուրդը համոզել, որ գոյութիւն ունին մարդիկ՝ հայեր, որոնք առանց նոյնիսկ անձը տեսնելու կրնան անոր կեանքը կարդալ՝ առարկայի մը եւ կամ «հոգի»ներու օգնութեամբ: Այս յայտագիրին կը մասնակցէին հայ երգիչներ, արուեստագէտներ ու հանրածանօթ մարդիկ, հասարակ ժողովուրդի մօտ ձգելու համար այն տպաւորութիւնը, որ պաշտօնով մեծ, ինչպէս նաեւ յայտնի մարդիկ եւս ունին հաւատքը այդ բոլորին… հետեւաբար պարզ քաղաքացին ինչո՞ւ չունենայ:
Այս բոլորին դիմաց Հայաստանի Հանրապետութիւնը ո՛չ մէկ օրէնք ունի. Հայաստանի մէջ գումար աշխատող իւրաքանչիւր գործունէութիւն պետութեան հսկողութեան տակ կը գտնուի՝ գանձելու համար պետութեան հասնող հարկերը, սակայն, գուշակութեան համար ո՛չ մէկ հարկ կը պահանջուի, հակառակ անոր, որ անոնք շատ անգամ շատ աւելի գումարներ կը վաստակին՝ քան այլ քաղաքացիներ: Մեր մօտ գուշակութիւնը ազատ է. նաեւ ազատ է անոնց ծանուցումը. այս վերջերս թէեւ թեթեւցած, սակայն, Հայաստանի մէջ կարելի է գտնել բազմաթիւ յայտարարութիւններ, որոնք գուշակութիւն ընել կը խոստանան: Անշուշտ, ժամանակի հետ կը յառաջանայ նաեւ ծանուցումի ձեւերը. օրինակ՝ գուշակ մը իր էջին մէջ բաժնած է իր «յաճախորդ»ներէն մէկու մը հետ ունեցած զրոյցը. աղջիկը դիմած է գուշակին, որպէսզի իր սիրած տղան վերադառնայ ու սիրէ իրեն… ու այդ կախարդութիւնը կատարուած է: Աղջիկը կը գրէ. «Քրիստինէ քոյրիկ… այսօր գրեց… ես արդէն յոյսս կտրած էի, որովհետեւ երկար ժամանակ անցաւ, բայց գրելը կը նշանակէ, թէ տակաւին զիս կը յիշէ»: Աղջիկը շարունակելով նամակը կը գրէ. «Վա՜յ Աստուած ջան, չեմ գիտեր ինչպէս շնորհակալութիւն պիտի յայտնեմ, որ ամէն բան լաւ վերջանայ»:
Հետաքրքրական է այստեղ, որ իր սիրած տղան վերագտած աղջիկը Քրիստինէ քոյրիկին փոխարէն Աստուծոյ շնորհակալութիւն կը յայտնէ. պատճառը ըսենք. Քրիստինէ քոյրիկին համար երեւիլը կամ իր գուշակութեամբ անուն ձգելը այդքան կարեւոր չէ՝ ինչքան աղջկան տուած գումարը: Այդ գումարը ձեռք բերելու համար դիմացը կայ խեղճ աղջնակ մը, որ իր սիրոյն միանալու համար պատրաստ է թէ՛ գումար տալ եւ թէ իր ամբողջ հաւատքը սեղանին վրայ դնել եւ նման միամտութիւն մը շահագործելու լաւագոյն ձեւը աստուածավախութիւնն է, որովհետեւ բազմաթիւներ՝ որոնք հեռու են հաւատքէն, կը վախնան նաեւ քննարկել, որովհետեւ հոգեւորն ու անծանօթը միշտ վախ կը պատճառէ:
Մօտաւորապէս 9-10 տարիներ առաջ, Հայաստանի «Հրապարակ» հարթակին վրայ աղջնակ մը կը հրատարակէր «Ինչպէս բախտագուշակի մօտ գացի» խորագրեալ գրութիւն մը. այդ գրութեան մէջ կ՚ըսէր. «Երբ գուշակի մօտէն դուրս եկայ, վատ զգացի, որ գացած էի մարդու մը մօտ, որ դիմացս նստած Աստուծոյ անունով կը խօսէր»:
Կը հաւատանք, որ պետութեան մը համար նման գուշակներ, աղանդներ ո՛չ թէ բացասական, այլ դրական երեւոյթ որպէս կը դիտուին. նոյնն է պարագան թմրամիջոցներուն: Երբ ժողովուրդի մը մեծ մասը իր միտքը կը լեցնէ աղանդաւորական շարժումներով, գուշակութեամբ, թմրամոլութեամբ… հեռու կը մնայ քաղաքականութենէն: Ժողովուրդը քաղաքականութենէ ինչքան հեռու մնայ՝ այնքան շահաւէտ է պետութեան մը համար: Գուցէ այդ է պատճառը, որ օրէ օր մեր հայրենիքին մէջ աճ կ՚արձանագրեն աղանդաւորական շարժումները, գուշակութիւնները եւ դժբախտաբար երիտասարդ սերունդին կողմէ գործածուող թմրամիջոցները:
Հայաստանի գուշակները որոշ գուշակութիւններ կ՚ընեն… սակայն մի քանի տարիներ առաջ իր տան դիմաց սպաննուեցաւ Հայաստանի յայտնի կին գուշակներէն մէկը… խեղճը ամէն բան գուշակած էր իր կեանքին մէջ՝ բացի իր սպանութենէն:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Հայաստանի պետութիւն ինչո՞ւ գուշակութեան դէմ չի պայքարիր:
Պատասխան. Հայաստանի պետութեան գուշակութեան դէմ չի պայքարիլը կրնայ ունենալ հիմնական մի քանի պատճառներ: Գուշակութիւնը եւ նմանատիպ ծառայութիւններ յաճախ կը դիտուին որպէս անձնական համոզում եւ ազատ ընտրութիւն. այդ մէկը մարդու ազատ իրաւունքներուն մաս կը կազմէ եւ հետեւաբար պետութիւնը չի կրնար այդ իրաւունքը սահմանափակել: Միւս պատճառը այն է, որ այդ ոլորտը մեծ մասամբ գաղտնի ձեւով կը գործէ, առանց պաշտօնական գրանցումի եւ հսկողութեան: Հասարակութեան մէջ կան հաւատացողներ եւ հետեւաբար կայ նման ոլորտի մը պահանջը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան