ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱԼԻՔ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը երէկ հերթական յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ՝ Հայաստանէ ներս ծագած իշխանութիւն-եկեղեցի տագնապի պայմաններուն ներքեւ։ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ սանձազերծուած հակաեկեղեցական արշաւը վերջին օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ արծարծուած է՝ Հայաստանէ եւ սփիւռքէ բազմաթիւ եպիսկոպոսներու եւ թեմակալ առաջնորդներու ներկայութեամբ։
Մինչ այդ, երէկ Երեւանի կեդրոնին տեղի ունեցաւ բողոքի մեծ ցոյց մը, որու հիմնական պահանջն էր ազատ արձակել ազգային բարերար Սամուէլ Կարապետեանը, որ բանտարկուած է՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ի նպաստ զօրակցութիւն յայտնած ըլլալու բերումով։ Բողոքի այս երթը Երեւանի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ՝ հոծ ցուցարարներու մասնակցութեամբ։ Անոնք կը կրէին Սամուէլ Կարապետեանի մեծադիր լուսանկարները։ Բողոքի այս երթին մասնակցեցան նաեւ շարք մը բարձրաստիճան եկեղեցականներ։
Երէկուան ցոյցի ընթացքին Սամուէլ Կարապետեանի փաստաբանն ալ ներկայացուց անոր կողմէ փոխանցուած պատգամ մը։ Փաստաբանին կողմէ փոխանցուած ուղերձին մէջ Սամուէլ Կարապետեան մասնաւորապէս նշած է հետեւեալը. «Նիկոլ Փաշինեանն ու իր կառավարութիւնը ընելիք չունին Հայաստանի մէջ ու պէտք չէ կապ ունենան հայ ժողովուրդի ապագային հետ։ Կու գայ սկզբունքօրէն նոր ուժի մը շուրջ միաւորուելու, միասնական, մէկ բռունցք դառնալու ժամանակը»։