ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆԸ

Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ անուան տօնախմբութիւն։ Կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն նախագահեց Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան՝ ղեկավարութեամբ Էտվին Սրկ. Կալիպօղլուի։

Ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեանի կողմէ գլխաւորուած Ղալաթիոյ խնամակալութիւնը, յաւարտ Ս. Պատարագի, եկեղեցւոյ յարակից «Կոլոտ» սրահի երդիքին տակ սիրոյ սեղանով մը հիւրընկալեց հոգեւոր հայրերն ու ուխտաւորները։

Երկուշաբթի, Յուլիս 7, 2025