ԿԵՆԱՐԱՐ ԼՈՅՍԸ…
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին նախագահեց Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ։ Արարողութեան մասնակցեցան աշխարհի չորս ծագերէն հայոց նոր սերունդի ներկայացուցիչներ, որոնք կը մասնակցին՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանաւորութեան ներքեւ, Հայ Եկեղեցւոյ համաշխարհային երիտասարդական միաւորման (ՀԵՀԵՄ) կողմէ կազմակերպուած, «Քրիստոնեայ ընտանիքը հայ ինքնութեան խարիսխ» համահայկական ուխտագնացութեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, որ կը ղեկավարէ նաեւ ՀԵՀԵՄ-ը։
Օրուան քարոզին մէջ պատարագիչ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան շեշտեց, որ խոնարհութիւնն ու առաքինութիւնը կը հանդիսանան հոգեւոր կեանքի առանցքը։ Ան բացատրեց, որ Տէրը բոլորը կը հրաւիրէ պայծառակերպութեան։ «Աստուծմէ խնդրենք, որպէսզի բանայ մեր հոգեւոր աչքերը՝ տեսնելու համար ճշմարիտը, տեսնելու այն, ինչ սուրբ է եւ ամենքիս վստահուած է Տիրոջ կողմէ», ըսաւ Նորին Սրբազնութիւնը՝ յորդորելով ամրագրել համերաշխութեան, եղբայրութեան ոգին ու գիտակցութիւնը։
Անդրադառնալով ուխտագնացութեան՝ ան կարեւորեց Հայաստանէ եւ սփիւռքէ երիտասարդներու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ համախմբուած ըլլալը։ Նորին Սրբազնութիւնը շարունակեց. «Սուրբ Էջմիածինը մեզ կը ներշնչէ խոնարհելու համար մեր սրբազան աւանդութիւններուն առջեւ։ Սուրբ Էջմիածինը մեր առջեւ կը բանայ լուսաւորեալ կեանքի ճանապարհը՝ նոր թռիչք տալով ձեր ծաղկեալ հոգիներուն եւ իղձերուն, որպէսզի ինչպէս այսօր եւ յաւիտեան միաւորէ աշխարհասփիւռ հայութիւնը՝ դառնալով ոգեշնչման աղբիւր մեր զաւակներու եւ յաջորդ սերունդներու համար»։ Ան բոլորին պատգամեց ծառայութեան բարձր գիտակցութեամբ կամուրջ դառնալ Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ։ Յանուն ուխտագնացութեան մասնակիցներուն Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան Վեհափառ Հայրապետին յայտնեց իր որդիական սէրն ու երախտագիտութիւնը՝ ՀԵՀԵՄ-ի նկատմամբ հոգածութեան եւ օրհնութեան համար։ Հուսկ, ան կոչ ուղղեց, որպէսզի հաւատացեալ ժողովուրդն ու երիտասարդները Հայաստանով ներշնչուած, Սուրբ Էջմիածնով զօրացած ամուր կապուած մնան հայոց սրբութիւններուն, իրարու նկատմամբ անվերապահ սիրով յաղթահարեն փորձութիւնները եւ առաջնորդուին դէպի կենարար լոյսը։
ՀԵՀԵՄ-ի համահայկական ուխտագնացութիւնը զուգադիպեցաւ Հայաստանի մէջ բռնկած՝ իշխանութիւն-եկեղեցի լարուածութեան։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս առաւօտ եւս ընկերային ցանցերու վրայ սուր գրառումով մը հանդէս եկաւ, փաստօրէն, նոր շաբթուան սկիզբի դրութեամբ եւս արծարծուած պահելով հակաեկեղեցական արշաւը։ Իր կարգին, շաբաթավերջին Միածնաէջ Մայր Տաճարի մէջ պատարագելու ժամանակ, Դամասկոսի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպսկ. Նալպանտեան ըսաւ. «Չենք կրնար լուռ նայիլ այն ոտնձգութիւններուն, երբ կը փորձեն խաթարել մեր հոգեւոր պատկանելիութիւնը»։