ԾԻՐԱՆԻ ԵՂԱՆԱԿ. ԱՐԵՒԸ՝ ՁԵՌՔԵՐՈՒԴ ՄԷՋ

Յուլիսեան արեւը կը չորցնէ հողը․ անձրեւները հազուադէպ դարձած են, որ աւելի կ՚ընդգծէ ամառնային շունչը։ Արտերը կարծես կը բոցավառին, արեւէն չորցած հողին վրայ փոշին երեկոյեան ժամերուն քամիի բերան ինկած՝ կը պարէ ու քաղաքը կը շնչէ ծանր ու մռայլ։ Բայց նոյն այդ չորցնող ու կիզիչ արեւին տակ է, որ կեանքը իր բոլոր գոյներով կը ծաղկի։ Գիւղերէն ու քաղաքային շուկաներէն ծիրանի բոյրով հով մը կը փչէ․ շուկաները լեցուած են արեւավառ ծիրանով, վաճառականները շէնքերուն պատուհաններուն տակ կը ձայնեն․ «Թարմ ծիրա՜ն, քաղցր ծիրա՜ն»։

Ծիրանը արտասովոր աշխուժութիւն մը կը հաղորդէ քաղաքին․ ամէն քայլափոխի ծիրանով պարկեր եւ արկղեր են, խանութներու պտուղի փեղկերուն մէջ դեղինը կը ճչայ․․․ Ծիրանի ոսկեգոյն ու կարմրագոյն կոյտերը կը շողան արեւին տակ, պատրաստ՝ ճամբորդելու նաեւ դէպի հեռու երկիրներ։ 

Հայաստանի մէջ եթէ հարցնես՝ ի՞նչ եղանակ է հիմա, անմիջապէս կը ժպտին ու կ՚ըսեն՝ Ծիրանի եղանակ է։ Այս եղանակին է, որ արեւը կարծես ծիրանի տեսքով ձեռքերուդ մէջ կը յայտնուի՝ տաք, հասուն, լիովին քուկդ է՝ վայելէ այդ փոքրիկ արեւը․․․

Համ մըն է, որ միայն քաղցրութիւն չէ։ Զայն ամբողջ աշխարհ մըն է՝ հող, աշխատանք, ընտանիք, բարեկամութիւն, ունեցուածք, հպարտութիւն, խնամք եւ առողջութիւն։

Պատմութիւններով, աւանդութիւններով լեցուն շրջան մըն է, ուր հողի, մարդու ու արեւի գործակցութիւնը մեր առջեւ կը բացուի ամբողջ փառքով։ 

Ծիրանը մեր հայրենական հողին ամենէն քնքուշ ու արեւահամ պտուղներէն է։ Անոր բոյրը ամառուայ բոյրն է, իսկ համը՝ արեւի ու տաք հողի միաձուլումը, որ այնքա՜ն ծանօթ ու վաղեմի է․․․ Նաեւ առողջութեան գոյնն ու համը ունի ծիրանը․․․

Գիւղական կեանքն ալ ծիրանի բերքահաւաքի ժամանակ ուրիշ շունչ մը ունի։ Մութը չինկած կը հաւաքուին ընտանիքով կամ ամբողջ գիւղով, ծառերուն շուրջ կ՚արձագանգեն զրոյցներ, ծիծաղներ, կատակներ եւ կը ժողվեն ծիրանը։ Ամէն ընտանիք իր յուշերը ունի․ ոմանք կը պատմեն, թէ քանի անգամ ծառէն ինկած են, ուրիշները՝ քանի տարուայ բերքը ամբողջովին գողցած են մրջիւնները կամ թռչունները կամ ալ կարկուտը, երաշտը զարկած է․․․ Նոյն ծառերու տակ սփռոց կը փռեն եւ ընտանեկան ճաշ կ՚ուտեն ծիրանի բերքահաւաքին։

Ամէն մէկ պտուղ կարծես ընտրուած գանձ մըն է։ Մեծերը իրենց մանկութիւնը կը պատմեն, փոքրերը անհամբեր կը դիտեն ամենախոշոր ծիրանները, իսկ ամենախորամանկը ամենալաւը կը գողնայ՝ նոյնիսկ չլուացած կը ճաշակէ։ 

Կ՚ըսեն՝ ծիրանը տակաւին հազարաւոր տարիներ առաջ աճած է Արարատեան դաշտին մէջ։ Հայաստանի տարածքին հնագիտական պեղումներու ժամանակ գտնուած են ծիրանի քարացած կորիզներ, որոնք հազարաւոր տարիներու պատմութիւն կը վկայեն։

Ծիրանը հայերուս համար միայն ամառուայ հաճոյք չէ․ զայն ապրուստի միջոց մըն է․ հազարաւոր գիւղացիներ կը սպասեն ամառուայ գալուն, որպէսզի ծիրանի այգիներուն բերքը տեղ հասցնեն եւ վաստակեն իրենց յոգնութեան դիմաց։ Վաճառելէն զատ կը չորցնեն, կը պահեն ձմեռուան համար, կը ղրկեն ուրիշ երկիրներ․ տակաւին հին ժամանակներէն կարաւաններու բեռ եղած է ծիրանը՝ հասնելով Պարսկաստան, Ասորիք, Յունաստան, Հռոմ։ Եւ պատահական չէ, որ անոր լատիներէն անունը դարձած է armeniaca։

Մենք կը սիրենք ըսել, որ ծիրանը կը պատմէ հայու մասին, հողի եւ արեւու հետ աշխատող մարդու մասին, որ գիտէ իր ստեղծածը պահել, փոխանակել, ճամբորդել եւ սերունդէ սերունդ փոխանցել։

Ծիրանը հայուն համար դարձած է կեանքի, շարունակութեան, յարատեւութեան խորհրդանիշ։

Գիւղացին ծիրանի ծառ կը տնկէ պարտէզին մէջ, ըսելով․ «Տունը արեւով լեցուն ըլլայ»։

Ծիրանի ծառ տնկողը սրտանց կը մաղթէ․ «Ծիրանենի՛ս, իմ սիրտիս փափաքն ալ մեծցուր քու նման»։

Ծիրանի ծառի փայտէն հայը պատրաստած է դուդուկը՝ հայկական ծիրանափողը՝ մեղմ, ջերմ, թախծոտ ձայնով երաժշտական գործիքը։ Կ՚ըսեն՝ ծիրանենին իր հոգին կը փոխանցէ երաժշտութեան։

Հայկական գեղանկարներուն մէջ ալ յաճախ կը գտնենք ծիրանենիի պատկեր, իսկ մանրանկարներուն մէջ՝ ծիրանի պտուղներ, գորգերուն մէջ ծիրանաձեւ զարդանախշեր՝ որոնք ընտանիքի բարեկեցութիւնը եւ ապրուստը կը խորհրդանշեն։

Ծիրանը թարմ կը սիրուի։ Բայց չկայ հայաստանեան տուն մը, ուր չորցուած ծիրան չըլլայ։ Տակաւին հինէն ծիրանի չիրը շատ խնամքով կը շարէին տանիքներուն վրայ, արեւուն տակ, մաքուր տախտակներու վրայ, եւ երեխաներ կը կարգուէին պահակ, որպէսզի մժեղ չնստի, թռչուն չմօտենայ։ Այդպէս կը փոխանցուէր սերունդէ սերունդ՝ ո՛չ միայն ծիրանի համը, այլեւ՝ աշխատասիրութեան ու խնամքի մշակոյթը։

Այսօր ալ չիրատուները լեցուն են նարնջագոյն, մեղրագոյն կտորներով, կարծես անոնք ամառն ու արեւը կ՚ամբարեն ձմեռուան համար։ Չիրը միայն պահածոյ մը չէ, այլ մռայլ ձմեռուայ մէջ արեւին յիշողութիւնն է, որ ուրախ հաւաքոյթի սեղաններէն կը փոխանցուի մեզի։ Կ՚ըսեն՝ ծիրանի չիրը հին օրերուն ոսկիի չափ արժէք ունէր։ Կը փոխանակէին ալիւրով, աղով, շաքարով։

Անիկա նաեւ հիւրասիրութեան խորհրդանիշ է․ տունին մէջ արդար պատրաստուած չիրը ամենալաւ հիւրին համար է, իբրեւ ամենաքաղցր պատիւ, նոյնպէս՝ ծիրանի անուշը, որ ապակեայ ամաններու մէջ պահարաններու դարակները կոկիկ կը շարեն տանտիկիններ եւ կը հպարտանան իրենց ձեռքի գործով։ 

Ծիրանը վերջին տարիներուն դարձած է նաեւ գողտրիկ պահերու՝ անբաժան նշանդրուքներու, կնունքներու, պսակներու սեղանին վրայ եւ ծիրանը, նուրբ փաթեթաւորումով նաեւ իբրեւ տարոս կը տրուի ամուսնանալ ցանկացողներուն, այդպիսով շեշտելով հայկական բան մը։ 

Շուտով մեր եկեղեցիներուն մէջ կը կատարուի ծիրանի օրհնութեան կարգ եւ կը սկսի «Ոսկէ ծիրան» փառատօնը։ 

Ծիրանի բոյրը այնքան հարազատ է, որ հին ժամանակ հարսը լոգցնելու ժամանակ ծիրանենիի տերեւ կամ ծաղիկ կը դնէին ջուրին մէջ, որպէսզի ան «արեւի նման շողայ» նոր տունին մէջ, իսկ հագուստը հագցնելու ժամանակ ալ գրպանը թարմ կամ չոր ծիրան կը նետէին՝ հաւատալով, որ ծիրանենիի պէս պղտաբեր պիտի ըլլայ։ 

Գիւղերու մէջ հիւրասիրութեան չափանիշ դարձած է նաեւ ծիրանի օղի ունենալը․ «Մեր ծիրանէն թորուած է։ Համը կը տեսնե՞ս», կը հպարտանան տղամարդիկ եւ բաժակ մը կը լեցնեն հիւրին համար։

Ծիրանը գտած է իր տեղը նաեւ մեր լեզուին մէջ․ «ծիրանի պէս քաղցր» կ՚ըսենք հաճելի մարդուն կամ խօսքին մասին, իսկ երբ գեղեցիկ, փայլուն, երազալի բան կը նկարագրենք կ՚ըսենք՝ «ծիրանի նման»։ Երբ տրամադրութիւնը լաւ կը տեսնենք կ՚ըսուի՝ «քեֆը ծիրան է»։ Մամիկներն ու պապիկները քնացած մանուկին կը նային ու կը փսփսան․ «Ծիրանի պէս անուշ քնած է»։

Ծիրանի մշակութիւնը դարձած է գիտութիւն․ ընտրովի սերմնաւորումով աւելի մեծ, հիւթալի կամ դիմացկուն տեսակներ աճեցնելու աւանդութիւնը հին ժամանակներէ կը սկսի։ Այսօր այգեգործութիւնը արդիականացուած է, մարդիկ տարուէ տարի նոր տեսակներ կը ստեղծեն, ջրցող համակարգեր կը ներդնեն, բայց նոյն հին սովորութիւնները կը պահեն․ ծիրանի այգի կը մտնեն, կը բարեւեն, կը զրուցեն ծառին հետ, կը խնդրեն։ Ծիրան մշակողները հաւատացած են, որ ծիրանի ծառին ծաղկումը գարնան յաջողութեան նշան է։ Ծիրանենին առաջին ծաղկող ծառերէն մէկն է եւ ժողովուրդը կը դիտէր անոր ծաղիկներուն առատութիւնը կամ աղքատութիւնը՝ գուշակելով տարին, բերքն ու եղանակը։ Ասոր համար շատ ընտանիքներ գարնան կը մօտենան ծիրանի ծառին եւ անոր կը խօսին․ «Բացուէ, ծաղկէ, տունը լեցուր քաղցրութեամբ»։

Այսօր ամենաբազմազան անունները ունին ծիրանի տեսակները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը տարբեր համ ու բոյր ունի։ Ոմանք կը պատմեն, թէ Հայաստանի ամենահին այգիներէն մէկը հիմնուած է վանական գիւղի մը մօտ, ուր վարդապետ մը իր ձեռքով հողը փորած եւ տնկած է ծիրանի առաջին ծառերը։

Մեր բանաւոր աւանդութիւնը եւս ծիրանի շուրջ հիւսուած է։ Աւանդազրոյցներ կան, թէ ծիրանը արեւի աղջիկն էր, որ ի տես մարդու քրտինքին ու խնամքին յուզուեցաւ ու իր լոյսէն մէկ հատիկ յանձնեց որպէս պարգեւ։ Այլ վայրերու մէջ կը խօսին, թէ ծիրանի ծառը տնկած տունը միշտ բախտաւոր կը մնայ եւ եթէ ծիրանենիի մը ճիւղը ուրիշին այգիին մէջ տանեն ու տնկեն, այն տունին հետ բարեկամութիւն կը պահեն՝ «բարեկամութեան ծառ» անուանելով զայն։ 

Ծիրանի ծառի մասին յուշեր ու պատմութիւններ գրեթէ ամէն ընտանիք ունի։ Կ՚ըսեն՝ ծիրանը յատուկ ծառ մըն է, որ հոգի ունի․ երբ կտրես անոր ճիւղը՝ առանց պատճառի, ծիրանը կը վիրաւորուի, պտուղը կը նեղանայ, ծառը կը չորնայ։ Այդ պատճառով ծիրանենին խնամքով կը կտրեն, կը շոյեն կտրած տեղը, մաքուր գործիքով զգոյշ կը բուժեն։

Հայաստանէն դուրս ապրող հայերը ամառուայ մէջ կը ծրագրեն իրենց ճամբորդութիւնը ճիշդ այս օրերուն․ «Երեւի կը հասնիմ ծիրանին», կ՚ըսեն։ Ոմանք կ՚ուզեն իրենց զաւկին ցոյց տալ ծառէն պոկած ծիրանը, որով ան Հայաստանի բոյրը կը ճանչնայ։ Առատ ճաշակելով, հետերնին կը տանին արտասահման եւ որու կու տան կ՚ըսեն՝ «Հայաստանի համը բերած եմ»։

․․․Եւ ուր որ ալ հայ մարդը ապրի, ծիրանի համը ու հոտը իր տունը կը յիշեցնէ, Արարատեան դաշտի առատութիւնը, հողի բոյրը, արեւի ջերմութիւնը ու այն սեղանը, ուր ընտանիքը կը հաւաքուէր՝ ամառն ու արեւը վայելելու համար։

Ծիրանենին, իբրեւ մեր խորհրդանիշ, մեզի՝ հայերուս կը խօսի լուռ, բայց անկեղծ լեզուով․ «Պահէ՛ զիս։ Պահէ՛ արմատս։ Պահէ՛ քու մարդ ըլլալդ, որուն մէջ լոյս կայ»։

ԱՌԱԿՆԵՐ ԾԻՐԱՆԻ ՄԱՍԻՆ

ԾԻՐԱՆԵՆԻՆ ԵՒ ՔԱՐԸ

Գիւղի մը մէջ ծիրանենիի մօտ հին քար մը կար։ Քարը միշտ կը ծաղրէր ծառը․

-Դուն կը մեծնաս, կը ծաղկիս, բայց վերջը մարդիկ քու պտուղդ կը խլեն։ Ի՞նչ կը շահիս։

Ծիրանենին կը ժպտայ.

-Ես կու տամ, որպէսզի մարդիկ ուրախանան, համ ու հոտ ունենան։ Կը շարունակեմ գոյութիւն ունենալ իմ պտուղներուս մէջ։

Քարը կը հակադարձէ․

-Բայց դուն կը մեռնիս, կը ծերանաս, իսկ ես քար եմ եւ միշտ ամուր ու անփոփոխ կը մնամ։

Ծիրանենին անոր պատասխանը կու տայ․

-Դուն իսկապէս ամուր ես, բայց սիրտ չունիս։ Իմ ճիւղերս կը կոտրուին, բայց անոնց տեղը նոր ճիւղ կ՚ելլէ։ Իմ պտուղս մարդիկ կ՚ուտեն, բայց սերմս նոր ծառ կը դառնայ։ Ես մեռնելու տեղ կ՚ապրիմ հազար ձեւով։

Քարը կը լռէ։ Արդէն գիտէր, որ ծառին քնքուշ ուժը աւելի յարատեւ է, քան իր ցուրտ ամրութիւնը։ 

Առակին իմաստը․

Ով կու տայ ու կը նուիրէ, ան է, որ կը մնայ։ Ով միայն ինքզինքը կը պահէ՝ լուռ կը մաշի՝ առանց հետք ձգելու։

ԾԻՐԱՆԻ ԾԱՌՆ ՈՒ ՄԱՐԴԸ

Անձ մը երիտասարդ տարիներուն ծիրանի ծառ տնկեց իր պարտէզին մէջ։ Ամէն գարուն կը խնամէր, կը ջրէր, շուրջը կը մաքրէր։ Բայց տարիներ անց, երբ ծերացաւ, չկարողացաւ պարտէզ իջնել, ծառը մոռացութեան մատնուեցաւ։ Ոչ ոք ջրեց, ոչ ոք խնամեց։ Ծառը չորցած էր գրեթէ, բայց գարնան վերջին անձրեւներուն շնորհիւ բարակ ճիւղ մը ելաւ անկէ, կանաչեց։

Ծերունին կամացուկ իջաւ պարտէզ, ապշած նայեցաւ անոր։

-Ինծի կը սպասէի՞ր, փսփսաց։

Ծառը կարծես խշշաց․

-Ես միշտ պատրաստ եմ տալու, եթէ ուզես։

Ծերունին արցունքով ջրեց ծառը։ Յաջորդ գարուն ծառը ամբողջովին ծաղկեցաւ ու ամրան խոշոր ծիրաններ տուաւ։

Առակին իմաստը

Սէրն ու խնամքը, ուշանալով ալ ըլլան՝ կը զարթնեցնեն, իսկ մարդուն սիրտը կը բարգաւաճի։ Երբեւէ ուշ չէ նայելու, խնամելու, սերմանելու։

ԾԻՐԱՆԻ ՍԵՐՄԸ ԵՒ ՔԱՄԻՆ

Ծիրանի հասուն պտուղ մը ծառէն ինկաւ հողին վրայ։ Անոր մէջի սերմը մեծ հպարտութիւն ունէր.

-Ես պտուղի սիրտն եմ, ամենէն թանկ գանձը։ Առանց ինձ ծիրան գոյութիւն չունի։

Քամին ժպտաց ու սերմին հետ սկսաւ խօսիլ.

-Բայց հիմա ի՞նչ պիտի ընես։ Պտուղը հիւթոտ էր, մարդիկը ուրախացուց, բայց դուն մթին հողին մէջ պիտի թաղուիս։

Սերմը քիչ մըն ալ գոռոզութեամբ պատասխանեց․

-Չեմ ուզեր մութին մէջ թաղուիլ։ Ես ազատ եմ, ուզածս կ՚ընեմ։

Քամին մեղմ հեւքով հրեց զինք ու ըսաւ․

-Բայց եթէ չթաղուիս, երբեք ծառ չես դառնար, երբեք ծաղիկ չես կրնար տալ։ Մութը քեզի կեանք պիտի տայ։

Սերմը խորհեցաւ։ Վերջապէս անձայն ինքզինք հողին յանձնեց։ Ժամանակ անցաւ։ Հողը իր խնամքը տուաւ, ջուրը հոսեցաւ, արեւը տաքցուց։ Սերմը ճեղքուեցաւ ու բողբոջ տուաւ։ Աւելի վերջ գարնան ծաղկեցաւ, իսկ ամրան դարձաւ նոր ծիրանենի, լի պտուղով։

Առակին իմաստը

Երբ կը համարձակիս քեզ հողին յանձնել, նոր կեանք կը ծնի։ Պարծանքով փակուիլը մահ է, իսկ խոնարհ ըլլալը՝ յարատեւութիւն։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յուլիս 7, 2025