ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանաւորութեամբ, Հայ Եկեղեցւոյ համաշխարհային երիտասարդաց միաւորման (ՀԵՀԵՄ) նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած՝ «Քրիստոնեայ ընտանիքը հայ ինքնութեան խարիսխ» համահայկական ուխտագնացութիւնը արդէն հասաւ իր աւարտին։ Աշխարհի չորս կողմերէն՝ Հայաստանէն եւ սփիւռքէն, բազմաթիւ երիտասարդներ վառ տպաւորութիւններ ունեցան այս ուխտագնացութենէն, որ բոլորին համար դարձաւ անմոռանալի։

Պատրիարքական Աթոռի օրհնութեամբ սոյն ուխտագնացութեան Պոլիսէն մասնակցած երիտասարդներն ալ այս առաւօտ վերադարձան քաղաքս։ Անոնք ծրագրի բոլոր փուլերուն ներկայ գտնուեցան՝ գլխաւորութեամբ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի, որու կողքին էին Պատրիարքարանի լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան եւ երէցկինը՝ Թանիա Ուզունեան։

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, որ ՀԵՀԵՄ-ը եւս կը գլխաւորէ, ուխտագնացութեան եզրափակիչ փուլին պոլսահայ երիտասարդներուն յանձնեց վկայականներ՝ բարձր գնահատելով անոնց ներգրաւուածութիւնը։

Երեքշաբթի, Յուլիս 8, 2025