ԹՈՌՆԵՐՈՒՍ ԱՄԵՐԻԿԱՆ ԵՒ ԻՄՍ
Երկուշաբթի է եւ կրկին դպրոցական արձակուրդ ու այս անգամ «Նախագահներու օր»ուայ առթիւ։ Բոլոր վարժարանները փակ են։ Սա կը նշանակէ, թէ իբրեւ մեծ ծնողք, իրապէս միշտ, դարձեալ մեզի պիտի իյնայ կամաւոր մեր թոռներուն «նայելու», յաճախ ծանր եւ սակայն նոյնքան ալ հաճելի պարտականութիւնը։
Աւելցնեմ նաեւ, որ շաբթուան ընթացքին ընդհանրապէս ժամերս ինծի պատկանելու խաբեբայ պատրանքն ալ կ՚ունենան։ Տնային պարտականութիւններ, զանազան այցելութիւն, շուկայ, բժիշկ եւ այլն:
Այլ խօսքով՝ գիրքերէս եւ աշխատանքի գրասեղանէս ու համակարգիչէս հեռացում եւ ինծի համար ժամավաճառութիւն։ Ահա թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս մէջս յաճախ կը ցամքի կենսունակութիւնը:
Բայց այդ օր տարբեր էր։ Երկու թոռներս, եօթը տարեկան Վանան եւ հինգ տարիքը հազիւ բոլորած՝ Հայկը, երկուքն ալ «օտար» վարժարան յաճախող աշակերտներ, մեր մօտ պիտի գային։
Ըստ սովորութեան՝ հրճուած եմ եւ «երիտասարդացած»։ Արդէն լայն ժպիտ մը կանուխէն գծագրուած եւ հաստատուած էր դէմքիս վրայ։ Արդեօք այս մէկը լուսաբանութեան կը կարօտէ՞ր։
-Է՜հ, ըսուած է թէ, մեծ ծնողներուն սիրտերը կ՚ունենան բիւրաւոր ակեր, որոնցմէ, իրենց թոռներուն նկատմամբ սէր ու կարօտ կը հոսին անհաշիւ: Ճիշդ ասացուածք: Իսկ հիմա, այսօր իսկ կրկին թոռներուս ներկայութիւնը՝ ինծի համար հաճելի զբօսանք պիտի ըլլայ, տաք, մտերիմ եւ նոյնքան ալ յուզական։
Շաբաթէ մը ի վեր զիրենք չէի տեսած, եւ երբ մեր տունը հազիւ մտած՝ «խենթի» նման դէպի ինծի վազեցին։ Զգացի, որ իրենց մօտ ալ պահ դրուած էր այն թարմ կարօտը, զոր աշխարհը հրաշալի կը դարձնէ։ Երկուքին ճակատներուն բազմաթիւ կարօտագին համբոյրներ դրոշմելէս ետք, իբրեւ անտեղեակ, քիչ մը զարմանքով հարց տուի.
-Ծոյլեր, ինչո՞ւ նորէն դպրոց չէ՛ք գացած։
Համարձակ Վանան՝ արագ մը պատասխանեց, արդարացուցիչ ձեւով.
-Պապիկ, մենք ծոյլ չենք, չես գիտեր, այսօր «վէքէյշըն» է…, «Փրեզիտենդ տէյ» է։
-Այսինքն, ի՞նչ ըսել է.- փորձեցի խօսքս շարունակել, մտքիս մէջ մեր միջեւ հայերէնախօսութեան իր այս «ներկայութիւնը» տեւական եւ շարունակ պահելու ճիգով եւ միտումով։
-Այսինքն… «եու նօ», դպրոց չունինք, «տաց իթ».- ըսաւ թոռնուհիս արագ, անհոգ ու վճռական ու աւելցուց. «բայց պապի՛կ, քեզի բան մը պիտի ըսեմ. լըսըն, փըլիզ…:
Զգացի, որ մտքին խորը ուրիշ բան մը ունէր դուրս տալիք։
-Ըսէ,՛ ըսի, ուրախ ձայնով։
-Դո՛ւն Ամերիկայի նախագահ չես կրնար ըլլալ,- ըսաւ եւ դառնալով Հայկին, իրմէ այս կէտին երկրորդելը սպասող ձայնով.- «Հայկօ՛, ամ այ րա՞յթ»…
Այս բոլորը ըսաւ յաղթական զօրավարի մը նման՝ շեշտակի աչքերուս նայելով։
-Ինչո՞ւ, ի՞նչս պակաս է, որ….- իմ կարգիս պատճառաբանեցի, ինքզինքս քիչ մը նեղուած ձեւացնելով։
-«Մայ Թիչըր սէտ», այս անգամ իր թոթով ձայնով միջամտեց Հայկը, իր զարմուհիին զօրավիգ կանգնող շեշտով ու ձայնով.- «պիքոզ եու շուտ պորն հիր», «սօ»…
Վայրկեանի մը համար շուարեցայ։ Ինչո՞ւ այս հարցը եւ մանաւանդ անոր ժխտական պատասխանը։ Յիշեցի։ Արձակուրդի թելադրանքէն էր անպայման։ Իրենց այսպէս դասաւանդուած էր։ Արդէն գործածած բառերը կը պարտադրէին յստակ իրականութիւն։
-Պապիկ դո՛ւն ամերիկացի չես, դուն հայ ես, միայն ե՛ս եւ Հայկը ամերիկացի ենք եւ կրնանք «փրեզիտենդ» ըլլալ։ Մենք հոս ծնած ենք, չե՛ս գիտեր. «անտ» դո՛ւն, ուրիշ տեղ… քու քաղաքդ… «սօ», դուն չես կրնար… «տաց իթ», «սորի» վերջացաւ…
Հակառակ անոր, որ օրէնքին ծանօթ էի, բայց նպատակս զիրենք խօսեցնելն էր։ Մայրենիով՝ գէշ աղէկ բացայայտուիլ։ Գոնէ մեր տան մէջ։ Այսօր։ Հետս։ Մօտս։ Արդէն ամբողջ շաբաթը իրենց դպրոցներէն եւ թերեւս ալ տուներէն ներս միայն անգլերէն խօսելով իրենց ժամերը վատնած էին։
Ու հիմա այս ձեւով, թէեւ խօսակցական հայերէնը աղօտ վանկերու խումբ մըն էր, որ դուրս կու գար այդ փոքր շրթներէն, իրենց միտքը պատկերող յանգերու տողանցքով մը, բայց զիս գոհունակ կը պահէին։ Ուստի վայրկեանին արդէն սկսած էի «աշխատանքիս»։ Այսպէս, քիչ մը ջղային, քիչ մըն ալ դերասանական նեղուածութիւն մը դէմքիս վրայ գծագրուած՝ շարունակեցի իմ կողմէ հնարուած հաճելի վէճն ու անոր յաջորդող ընկերացող մանկական արդարացումները։ Շինծու «վիճաբանական ասուլիս», եթէ կ՚ուզէք, որուն մէջ խառնուած էր մարդու ազատութիւնն ու քուէարկելու իրաւունքը։ Այլ խօսքով՝ խօսքի, արտայայտութեան եւ հաւասարութեան այս երկրին մէջ, այս օրէնքին ինծի համար անարդարութիւնը։
Կարելի չեղաւ համոզել զիրենք։ Ընդվզիլ ձեւացուցի եւ ամէն «բան» անընդունելի որակելով մէկ կողմ քաշուեցայ։ «Թիչըր»ը այդպէս ըսած էր եւ վերջ։ Պատգամ։ Հակառակ միւս բոլոր իրաւունքներուս, տակաւին ես ամերիկացի չէի նկատուեր այս անմեղ աչքերու եւ բերաններու դիմաց։ Նպատակիս հասած էի։ Հայերէնով վիճած էինք։ Այս մէկն ալ «բան» մըն էր։ Ալ չերկարեցի։ Ուստի զիրենք մեր նստասենեակը առաջնորդեցի։ Լարեցի «վիտիոյ»ի իրենց խաղը, ու ձգեցի, որ զբաղուին, ազատ եւ համարձակ։ Չէ՞ որ արձակուրդ էր եւ դաս-մաս չկար։
Ուրեմն եթէ այս երկրին օրէնքը այսպէս էր, ես նոյնիսկ իմ հարազատ թոռներուս վկայութեամբ, ամերիկացի չէի նկատուեր։ Հապա ի՞նչ էի… Հա՞յ մը…
Հիմա միտքս նոր եւ տեսակաւոր հոսանքներու տակ սկսած էր լողալ։ Նախ ուրախացայ, որ իրենց այս տարիքին արդէն իսկ նոր երազներով, յոյսերով եւ տենչերով կեանքի կապուած էին։ Լրջօրէն մտիկ ըրած էի երջանկութեան իրենց թոթովանքները։
Է՜հ, ինչ լաւ բան է երազելը։ Երազ ունենալը։ Երանի իրենց։ Այս ընթացքով եւ ո՞վ գիտէ թերեւս տարիներ ետք, «Սպիտակ տան» մէջ՝ հայ նախագահ մը։ Երանի ինծի, եթէ… եւ ինչո՞ւ չէ, երանի նաեւ մեզի՝ հայերուս…։
Նոր հայութիւն, որ արդէն իսկ կազմած է նոր մտայնութիւն։ Նոր ծրագրում։
Վայրկեանին զգացի, որ թոռներէս քիչ մը անդին նստած, մտովի ես ինծի հարցեր սկսած էի տալ։ Կարծես մէջս ունէի մտքերու պատկերաւոր ժխոր։ Սկսած էի տարակուսիլ ես իմ մասիս։ Մօտ վեց-եօթ տասնամեակներ առաջ, նոյնիսկ ծնած օրէս ի վեր, ծննդավայրէս ներս, իբրեւ հայ ճանչցուած էի տեղացի թաղեցիներուս մօտ։ Երբեք չէի լսած, որ ես հալէպցի կամ սուրիացի էի։ Պարզապէս հայ։ Պետական տոմարին մէջ «էրման ղատիմ» հին հայ՝ արձանագրուած է մեր ազգանունին առջեւ, ինչպէս մեզի նման հազարաւոր հայորդիներուն։
Բայց, այդ օրերուն մեր ակումբէն, մեր դպրոցէն կամ եկեղեցիէն ներս, մենք մեր գիտցած ուրիշ «հայերն» էինք միայն։ Այսինքն, կամ խարբերդցի, սասունցի, քիլիսցի եւ կամ տիգրանակերտցի, այնթապցի կամ ուրֆացի ճանչցուած։ Այսչափ պարզ եւ նոյնքան ալ բարդ։ Մեր գիտցած հայերը կամ հայը չէինք։
Ապա, երբ այս «Ամերիկա» կոչուած երկիրը հաստատուեցանք, չեմ գիտեր ո՞վ եւ ինչպէ՞ս մեր ճակտին դրոշմուեցաւ «ամերիկահայ» մակդիրը։ Այդ նախկին մեր ունեցած եւ կամ որակուած «ցի»երը մոռցանք։
Զարմանալի էր: Սեւամորթ ամերիկացին հպարտութեամբ ինքզինք եւ ամէն առիթով եւ ամէն տեղ կրնար ճակատաբաց բացայայտել կամ ինքզինք ներկայացնել իբրեւ «աֆրիքըն ամերիքըն», իսկ տեղացի հայերը կ՚ամչնային…։ Նախ ամերիկացի էին եւ ապա հայ։ Ինչո՞ւ նման մօտեցում։ Չէի հասկնար։ Բայց այս ուրիշ հարց է։
Հիմա չեմ գիտեր, թէ ես ամերիկահայ եմ, թէ ոչ ամերիկաբնակ հայ, սփիւռքահայ, կամ «սփիւռքիստանցի» հայ։ Աստուած իմ, այս ի՜նչ անուններ են։ Մակդիրներ։ Ինքնութիւնդ բացայայտելու տարօրինակ ձեւեր եւ որդեգրումներ։
Յաճախ կը սարսափիմ։ Կարծես այս ընթացքովս կամաց կամաց ես ալ սկսած եմ նաեւ տարակուսիլ նոյնիսկ ես իմ մասիս։ Որո՞ւ կ՚ուզենք պատկանիլ կը մտածեմ։ Մտահոգիչ հարցում։ Ահա քեզի սփիւռքեան ինքնախաբէութիւն: Բայց ո՞վ պիտի կարենայ զայն հարթել։ Անգամի մը համար կ՚արժէ սփիւռքի քարտէսին վրայ աչք մը նետել, տեսնելու համար մեր ողբերգութիւնը։
Տխուր ժպիտ մը կ՚ուրուագծուի դէմքիս վրայ: Ինչպէ՞ս մեր պատրանքը տարանջատել իրականութենէն։ Յստակ է, թէ արդէն մեր մօտ Ամերիկան իր կաթսային մէջ ձուլած է մարդկային բոլոր հոսանքները։ Աւելին՝ Ամերիկայի մէջ կը հանդիպիս զարմանալի երեւոյթներու։ Ամերիկան, իր թեւերուն տակ առած է մեր համրանքը։ Տեսանելի է արդէն։ Նոյնիսկ կարգ մը նահագներէ ներս հայ աւանդութիւնները նոր ձեւ ստացած են։ Կարծես զանազան եւ բազմազան քամիներուն անձնատուր եղած ըլլան։
Ամերիկահայ… հայ ամերիկացի… ամերիկաբնակ հայ…
Հոս, այս հսկայ Գալիֆորնիոյ մեր հայահոծ նահանգէն ներս, միշտ կը լսուի պաղտատցի, լիպնանցի կամ սիրիացի եւ երեւանցի…
Այս «ցի»ն արդէն փակցուած է մեր ճակտին, իբրեւ անձնաթուղթ։ Բայց ոչ ոք կը խօսի կամ կը ներկայանայ հայ անունով։
Արդեօք բազմութիւն մըն ե՞նք, որ չենք գիտեր ի՞նչ կը փնտռենք։
Յուսախաբ եւ յաճախ ալ տխրութեամբ կը մտածեմ։ Բարդ ընթացք։ Կարծես հայու կեանքը հոսած է իր ակունքներէն դուրս։
Կեանքը դաժան է։ Ուստի էական է ականջ տալ մեր արմատներու ձայնին։ Մոռնալ բոլոր «ցի»երը։ Մնալ մէկ էութեան մէջ։ Հայը հայ տեսնել իր բարոյական եւ ազգային բոլոր նախաձեռնութեամբ, առանց սակարկելու մեր համակրանքը այս կամ այն համանյքին:
Ծովն ու ովկիանոսը կտրեցինք ու կը փորձենք մեր հայու դիմագիծը պահել այս նոր հողին վրայ։ Վիպական ենք, յաճախ ալ անհեռատես եւ երբեմն ալ միամիտ։
Գիտակցինք, որ հայուն մնայուն լաստը իր հայրենիքն է եւ հոգեկան աւանդը՝ վերջ ի վերջոյ Արարատը: Ամէն օր կը սպասենք։
Ու այս մէկուն իրագործումը կախուած է մեր մտածելակերպէն, մեր որոշումէն եւ մեր գործելակերպերէն։
Հաստատ գիտցէ՛ք, որ ինչ ալ ըլլան այս երկրի օրէնքները, ես միայն պիտի մնամ հայ։ Անձնապէս նախագահական աթոռին աչք չունիմ եւ ո՛չ ալ ունեցած եմ որեւէ ժամանակ: Այդ պատիւը եւ առանձնաշնորհումը ձգած եմ թոռներուս։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ