Չորեքշաբթի 9, Յուլիս 2025
ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Ռաֆֆի Գրիգորեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան։
Ըստ ընկալեալ սովորութեան՝ ամէն տարի Պայծառակերպութեան տաղաւարի օրը կը կատարուի այս եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը, որուն ընդառաջ թաղականները Պատրիարքարան այցելեցին՝ օրհնութիւն ստանալու համար։ Միեւնոյն ժամանակ անոնք Նորին Ամենապատուութեան տեղեկութիւններ տուին՝ իրենց գործունէութեան շուրջ։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը թաղականներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնը եւ յղեց յաջողութեան մաղթանքներ՝ եկեղեցւոյ կանթեղը վառ պահելու ուղղեալ ջանքերու ճանապարհին։
Չորեքշաբթի, Յուլիս 9, 2025