ԱՐԺԱՆԱՒՈՐ ՄԱՐԴ ԸԼԼԱԼ

Մար­դոց վերջ­նա­կան նպատկն է՝ ըն­կե­րու­թեան մէջ ար­ժա­նա­ւոր ըլ­լալ, ար­ժա­նա­ւոր կեր­պով ապ­րիլ եւ այդ­պէս յի­շուիլ։ Ո՜վ չ՚ու­զեր ար­ժա­նա­ւոր ըլ­լալ, յի­շուիլ, յարգ ու պա­տիւ վա­յե­լել, նոյ­նիսկ ա­մե­նէն հա­մեստ մարդն իսկ ու­նի այդ փա­փա­քը, քա­նի որ մարդ­կա­յին բնա­կան զգա­ցում մըն է ան։ Եւ այն որ կեղծ հա­մես­տու­թեամբ մը կը մեր­ժէ յարգն ու պա­տի­ւը, վստահ ե­ղէք սի­րե­լի­նե՜ր, ա­մե­նէն ա­ւե­լի ան կը սպա­սէ յարգ ու պա­տի­ւի եւ կ՚ու­զէ ար­ժա­նա­ւոր մարդ ըլ­լալ հա­սա­րա­կու­թեան մէջ, փա­ռա­ւո­րուիլ եւ յարգուիլ։ Բայց մէ­կը երբ կ՚ու­զէ ար­ժա­նա­ւոր ե­րե­ւիլ, յարգ ու պա­տիւ վա­յե­լել, նախ ինք պէտք է որ ար­ժա­նիք ու­նե­նայ։

Ար­ժա­նի­քը՝ իր ա­մե­նա­լայն ի­մաս­տով, մտա­ւոր եւ հո­գե­կան բարձր յատ­կու­թիւն­ներ ու­նե­նալ, կա­րո­ղու­թիւն­նե­րու տէր ըլ­լալ, եւ մա­նա­ւանդ քա­ջա­սիրտ եւ վեհ հո­գի մը ու­նե­նալ կը նշա­նա­կէ։ Ար­ժա­նի­քի տէր մար­դը կը փայ­լի իր ար­ժա­նա­ւո­րու­թեամբ՝ ա­մէ­նու­րեք կը յայտ­նէ ինք­զինք իր կե­ցուած­քով։ Յե­տոյ իր խոր­հուրդ­նե­րով, խօս­քով եւ գոր­ծո՛վ։

Ար­ժա­նիք ու­նե­նալ կը նշա­նա­կէ վե­հանձն ըլ­լալ, տար­բե­րիլ ու­րիշ­նե­րէ, փայ­լիլ իր իսկ ա­ռա­քի­նու­թեա­նը լոյ­սով։ Ան ինք­զինք ան­մի­ջա­պէս կը յայտ­նէ, կ՚ե­րե­ւի, եւ հա­սա­րա­կու­թեան մէջ ը­սել կու տայ ա­մէն­քին. «Ար­ժա­նա­ւոր մարդ է ան»։­

Ար­դա­րեւ, խնդրա­կան է, թէ՝ ար­ժա­նի­քը ժա­ռան­գա­կան փո­խան­ցու­մի ար­դիւնք է, թէ ոչ՝ ստա­ցա­կան։ Ան­շուշտ վի­ճե­լի հարց մըն է այս, բայց սա ի­րո­ղու­թիւն մըն է, թէ՝ ան ըլ­լա՛յ ծի­նա­յին կամ ժա­ռան­գա­կան, ըլ­լա՛յ ստա­ցա­կան, ան­պայ­ման կը կա­րօ­տի մշա­կու­մի։ Ար­ժա­նի­քը պարզ «պի­տակ» մը չէ՛, այլ պէտք է խնա­մել զայն, հոգ տա­նիլ ա­նոր, եւ բա­ռին բո՛ւն ի­մաս­տով՝ մշա­կել։ Ար­ժա­նա­ւոր մար­դու մը կեան­քի ըն­թաց­քը կ՚ո­րո­շէ ա­նոր իս­կա­կան վի­ճա­կը։ Ար­դա­րեւ հոս ար­ժա­նա­ւոր ըլ­լալ, ու­րիշ տեղ մը՝ ա­նար­ժան, կա­րե­լի չէ, ու­րիշ խօս­քով մարդ կա՛մ ար­ժա­նա­ւոր է, կամ՝ չէ՛։

Նկա­րա­գիր մըն է՝ ապ­րե­լա­կերպ մը, ուս­տի փո­փո­խա­կան։

Ար­ժա­նի­քը շնորհ եւ մե­ծու­թիւն է՝ միշտ եւ ա­մէ­նու­րեք։

Ար­ժա­նի­քը ա­ռա­քի­նու­թիւն է եւ ազ­նուու­թիւն։ Իսկ ե­թէ մարդ տեղ մը ար­ժա­նա­ւոր կ՚ե­րե­ւի, ու­րիշ տեղ մը ա­նար­ժան, այդ կը նշա­նա­կէ փո­փո­խա­կան նկա­րա­գիր ու­նե­նալ, որ եր­բեք չի հա­մա­պա­տաս­խա­ներ ար­ժա­նա­ւո­րու­թեան։

Այ­նու ա­մե­նայ­նիւ, ար­ժա­նի­քը, կեան­քի մէջ եր­բեմն ան­տե­սուած, եր­բեմն փնտռուած, եր­բեմն ա­նար­գուած, եր­բեմն յար­գուած, եր­բեմն պան­ծա­ցուած, եր­բեմն մեր­ժուած եւ ու­րա­ցուած վի­ճակ մը ե­ղած է։ Ե­ղած է շրջան­ներ, երբ ար­ժա­նի­քը յար­գուած, յարգ ու պա­տիւ վա­յե­լած, մե­ծա­պէս գո­վուած ու պաշ­տուած է։ Բայց, ինչ­պէս կը վկա­յէ պատ­մու­թիւ­նը, ե­ղած է նաեւ շրջան­ներ՝ երբ նոյն ար­ժա­նի­քը ար­հա­մա­րհուած, ստո­րա­դա­սուած եւ մին­չեւ իսկ ոտ­նա­հա­րուած է։ Ար­դա­րեւ մարդ­կա­յին բարձր ար­ժէք­ներ՝ ճշմար­տու­թիւն, ար­դա­րու­թիւն, բա­րու­թիւն, մար­դա­սի­րու­թիւն յա­ճախ ար­հա­մար­հուած են։ Ե­ղած է շրջան­ներ պատ­մու­թեան մէջ՝ ուր ար­ժէք, ար­ժա­նիք, ար­ժա­նա­ւո­րու­թիւն ո՛­չինչ հա­մա­րուած են։ Ար­ժա­նի­քի սահ­մա­նումն ալ դա­րե­րու ըն­թաց­քին զա­նա­զան ձե­ւեր ստա­ցած է, զոր օ­րի­նակ, Ա­րե­ւել­քի մէջ ար­ժա­նի­քը իր յարգն ու պա­տի­ւը ստա­ցած է ի­մաս­տու­թեան շնոր­հիւ, իսկ հին Յու­նաս­տա­նը որ­պէս ար­ժա­նիք ըն­դու­նած է գե­ղեց­կու­թիւ­նը եւ հան­ճա­րը։ Հռոմ ար­ժա­նի­քը սահ­մա­նած է մե­ծու­թեան ու ա­ռա­քի­նու­թեան յատ­կու­թիւն­նե­րով մա­նա­ւանդ։

Ար­ժա­նի­քը, պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին ու­նե­ցաւ բազ­մա­թիւ ի­մաստ­ներ ու նշա­նա­կու­թիւն­ներ։ Բայց ար­ժա­նի­քը մնաց միշտ հաս­տատ դիր­քի մը մէջ, այն՝ որ է, ա­նայ­լայ­լե­լի, մշտնջե­նա­ւոր, կա­յուն վի­ճակ մը, զօ­րա­ւոր նկա­րա­գիր մը եւ յատ­կա­նի՛շ մը։ Եւ իր կա­յուն յատ­կու­թեան պատ­ճա­ռով է, որ մարդ կա՛մ ար­ժա­նի­քի տէր՝ ար­ժա­նա­ւոր է եւ կամ՝ ո՛չ։ Այս ի­մաս­տով, ար­ժա­նի­քը ան­ձին ինք­նու­թեան ստու­գա­նիշն է։

Մեր օ­րե­րուն, ար­ժա­նի­քը, ըն­դհան­րա­պէս կը գոր­ծա­ծուի որ­պէս չա­փա­նիշ՝ ճշդե­լու հա­մար մար­դոց նիւ­թա­կան դիր­քը, թե­րեւս բա­րո­յա­կան կա­ցու­թիւ­նը։ Այս ի­մաս­տով, ար­ժա­նի­քը այ­լեւս հեռ­ու է նե­րուժ մը եւ ինք­նար­ժէք վի­ճակ մը ըլ­լա­լէ։ Ար­ժա­նի­քը այ­լեւս «թուա­բա­նա­կան ար­ժէք» մը ար­տա­յայ­տող ա­սա­ցուածք մը ե­ղած է՝ գին մը, սահ­ման մը ո­րո­շե­լու հա­մար ի­րե­րուն, նիւ­թե­րուն։

Մինչ­դեռ ար­ժա­նի­քը, ինչ­պէս ը­սինք, թուան­շան մը, դիրք մը, ե­րե­ւոյթ մը չէ՛։ Ան ճշմա­րիտ ի­րո­ղու­թիւն մը, ճշմար­տու­թիւն մըն է։ Ար­ժա­նի­քը մար­դուն՝ հո­գի, մար­մին եւ միտք հա­մադ­րու­թեան ներ­դաշ­նա­կու­թիւ­նը ա­պա­հո­վող, ի­մա­ցա­կա­նու­թեան, զգա­ցում­նե­րու եւ ապ­րում­նե­րու ամ­բող­ջու­թիւնն է։ Մարդ­կա­յին բարձր ար­ժէք­նե­րու՝ գե­ղեց­կու­թեան, ճշմար­տու­թեան եւ բա­րու­թեան եւ բո­լոր շնորհ­նե­րու ըն­դե­լու­զո՛ւմն է։

Ար­ժա­նի­քը հե­ռան­կար մըն է՝ ի­տէալ մը, թռիչք մը եւ ձգտում մը բարձր գա­ղա­փար­նե­րու եւ կա­տա­րե­լու­թեան։ Յա­ճախ կը կրկնենք՝ մարդ իր մարդ­կա­յին տկա­րու­թիւն­նե­րով եւ թե­րու­թիւն­նե­րով ան­կա­տար էակ մըն է, ա­հա­ւա­սիկ ար­ժա­նիք ու­նե­նալ կը նշա­նա­կէ անդ­րա­դառ­նալ իր մարդ­կա­յին թե­րու­թիւն­նե­րուն եւ տկա­րու­թիւն­նե­րուն, եւ ջա­նալ լիաց­նել ու զօ­րաց­նել զա­նոնք։ Մէկ խօս­քով ձգտիլ կա­տա­րե­լու­թեա՛ն։

Մար­դիկ կան որ ի­րենք զի­րենք կա­տա­րեալ կը հա­մա­րեն։ Ե­թէ կա­տա­րեալ են իս­կա­պէս, ու­րեմն պէտք է որ ար­ժա­նիք ու­նե­նան, ար­ժա­նա­ւոր ըլ­լան։ Բայց ե­թէ չեն անդ­րա­դար­ձած ի­րենց թե­րու­թիւն­նե­րուն, ա­պա ու­րեմն կա­րե­լի՞ է ար­ժա­նի­քի տէր հա­մա­րել զա­նոնք։ Ար­ժա­նիք ու­նե­նա­լու միակ կերպն է՝ ինք­նա­ճա­նա­չո՛ւմ։ Ան­կեղծ ու քա­ջա­բար ինք­նաքն­նու­թիւն։

Ա­սի­կա խո­նար­հու­թիւն կամ հա­մես­տու­թիւն չէ՛, այլ պար­զա­պէս ի­րա­տե­սու­թիւն, ճանչ­նալ ինք­զինք, սրբագ­րել սխալ­նե­րը, զօ­րա­նալ իր տկա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ եւ կա­տա­րե­լա­գոր­ծել թե­րու­թիւն­նե­րը։ Ա­հա­ւա­սիկ ար­ժա­նա­ւոր մար­դը ա՛յս է։ Այս ի­մաս­տով ար­ժա­նի­քը մար­դուն նպա­տակն է։ Ի­րա­կան ար­ժա­նի­քը ան­կեղծ է՝ ի­րաւ եւ ճշմա­րիտ։ Ան նպա­տակ մըն է, երբ մարդ գի­տակ­ցա­բա՛ր ինք­զինք ա­ւե­լի բարձր տես­լա­կան­նե­րու կը պատ­րաս­տէ։ Երբ բարձր գա­ղա­փար­ներ կը նկա­տէ եւ ա­նոնց հաս­նե­լու կ՚աշ­խա­տի։ Ար­ժա­նի­քը վեր է ա­մէն նկա­տու­մէ՝ ծա­գու­մէ, ցոյ­ցէ, համ­բա­ւէ, գի­տու­թե­նէ, հարս­տու­թե­նէ։ Ար­ժա­նի­քը բա­րո­յա­կան ան­գին գա՛նձ մըն է, որ մարդս կը բարձ­րաց­նէ եւ միշտ բարձր կը պա­հէ։ Ան հո­գե­կան ըն­տիր յատ­կու­թիւն մը, հո­գե­վի­ճակ մըն է, որ կա­րե­լի չէ սահ­մա­նել նիւ­թա­կան ար­ժէք­նե­րու չա­փա­նի­շով։

Ար­ժա­նի­քը ազ­նիւ զգա­ցում է՝ սէ՛ր է, նուի­րում է, զո­հո­ղու­թիւն է, անձ­նուի­րում է, պարտք ու ի­րա­ւունք ճանչ­նալ է։ Պատ­րաս­տա­կա­մէու­թիւն է ա­մէն բա­րի­քի, ա­մէն նուի­րու­մի, ճշմար­տու­թիւն, բա­րու­թիւն եւ գե­ղեց­կու­թիւն ճանչ­նալ է։ Ա­ռա­քի­նու­թիւն է, ազ­նուու­թիւն է, կո­չու­մին հա­ւա­տար­մու­թի՛ւն է…։

Ար­ժա­նի­քը սրտին եւ հո­գիին մշա­կու­մով հետզ­հե­տէ ա­ճող սերմ մըն է։ Ար­ժա­նի­քը աշ­խա­տանք կը պա­հան­ջէ՝ ե­թէ «ժա­ռանգ» մըն է՝ պէ՛տք է ա­ւելց­նել, ե­թէ ստա­ցա­կան շնորհ մըն է՝ պէ՛տք է ար­ժա­նի ըլ­լալ ա­նոր, եւ ե­թէ ար­ժա­նա­ւոր է մէ­կը՝ պա­տաս­խա­նա­տու պէ՛տք է զգայ ինք­զինք միշտ պա­հե­լու եւ ա­ճեց­նե­լու հա­մար զայն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օ­գոս­տոս 20, 2015, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2015