ԿԻՒՄՐԻԻ ՄԷՋ ԼՈՒՐՋ ԴԷՊՔ

Ռուսաստանի 102-րդ ռազմակայանը, որ կը գտնուի Հայաստանի Կիւմրի քաղաքին մէջ, երէկ երեկոյեան պատահած ծանրակշիռ դէպքով մը հանրային կարծիքի ուշադրութեան կեդրոնին յայտնուեցաւ։ Այսպէս, «Կիւմրի» հիւանդանոցը փոխադրուեցաւ ռուսական ռազմակայանի զինուորներէն մին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան գլուխէն հրազէնով վիրաւորուած էր եւ իսկոյն վիրահատութեան ենթարկուեցաւ։ 22-ամեայ զինուորը՝ Ալեքսէյ Կ. ներկայիս կը գտնուի հիւանդանոցի վերակենդանացման բաժնէն ներս, մահաքունի մէջ։ Մասնագէտները տեղեկացուցին, որ իր կացութիւնը ծայրայեղ ծանր է։ Սկզբնական տուեալներով՝ ռուսական ռազմակայանի զինուորը փորձած է ինքնասպան ըլլալ։

Հայաստանի ներքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նարեկ Սարգսեան յայտնեց, որ ոստիկանութեան այս դէպքին կապակցութեամբ ահազանգ հասած է վերոյիշեալ հիւանդանոցէն։

Ռուսական ռազմակայանի պարագային նման լուրջ դէպքերը պարբերաբար կը զբաղեցնեն հանրային կարծիքը։ Քանի մը տարի առաջ ռուս զինուոր մը՝ Վալերի Փերմիաքով Կիւմրիի մէջ ներխուժած էր Աւետիսեան ընտանիքի բնակարանը եւ հրազէնով սպաննած գրեթէ բոլոր տնեցիները՝ ներառեալ անչափահասներ։ Ան դատուելէ վերջ արտայանձնուած էր Ռուսաստանի։

Միւս կողմէ, վերջին օրերուն Քիեւէն պնդումներ բարձրաձայնուեցան այս ռազմակայանին շուրջ։ Այսպէս, Ուքրայնայի հետախուզական ծառայութիւնները պնդեցին, որ Ռուսաստան Կիւմրիի ռազմակայանին մէջ կուտակումներ կը կատարէ՝ տարածաշրջանը ապակայունացնելու նպատակով։

Այս ռազմակայանը Հայաստան-Ռուսաստան երկկողմանի համաձայնութեամբ կը գործէ։ Յամենայնդէպս, ըստ կարգ մը վերլուծաբաններու՝ Ռուսաստանի գլխաւորած Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան հետ Հայաստանի առկայ տարակարծութիւնները ապագային կրնան ցոլանալ նաեւ այս ռազմակայանի գործունէութեան վրայ։

Ուրբաթ, Յուլիս 11, 2025