«ԱՆՅԱՅՏ ԿՆՈՋ ՄԸ ՆԱՄԱԿԸ»
Որքան ալ հին ժամանակներուն նման տարածուն չըլլայ, նամակը տակաւին հաղորդակցութեան ձեւ մըն է եւ կը ցոլացնէ զգացումներն ու մտածումները, երբ անոնք բառերով արտայայտուին։ Երբեմն վիշտերը, նախատինքները, երբեմն կորուստները, նուաճումները, ուրախութիւնները, յոյսերը, երբեմն ծիծաղը, սէրը քանի մը նախադասութեան մէջ… Նամակները կ՚արտացոլեն մեր ներքին աշխարհը հայելիի մը նման, անոնք կրնան մեզ մղել զգալ անարտայայտելին մեր սրտերուն մէջ։ Ահա նամակներու մէջ անարտայայտելի թուացողները վարպետօրէն ցոլացած է Սթեֆան Զվէյկ՝ «Անյայտ կնոջ մը նամակը» վէպին մէջ։
Աշխատանքը կը սկսի անյայտ կնոջ մը երեխայի մահով եւ կ՚աւարտի նոյն կնոջ մահով։ Նամակներէն ականատես կը դառնանք կնոջ դժուար կեանքին։ Երիտասարդ կին մը, որ կորսնցուցած է հայրը եւ կը դժուարանայ լեզու գտնել մօրը հետ։ Պայմանները դժուար են եւ կարծես սա բաւարար չէ, կինը կը սիրահարուի տղամարդու մը՝ զայն առաջին անգամ տեսնելու պահէն։ Ան միակողմանի սիրոյ մէջ կ՚իյնայ եւ յանկարծակիօրէն կը յայտնուի ուրիշ աշխարհի մը մէջ։
Ռ. անունով յայտնի հեղինակը կը կարդայ անստորագիր նամակ մը, որ ստացած էր արձակուրդէն վերադառնալէ յետոյ: Անյայտ կնոջ մը կողմէ գրուած էր նամակը։ Կինը մանկութեան տարիներուն ապրած է Վիեննայի մէջ, գրողի հետ նոյն շէնքին մէջ։ Նոյնիսկ երբ մօր հետ տեղափոխուած է Ինսպրուկ, անոր կիրքը այս տղամարդու նկատմամբ երբեք չէ նուազած եւ ան վերադարձած է Վիեննա, երբ 18 տարեկանին հասած է։
Կինը կը փորձէ կրկին հանդիպիլ հեղինակին։ Թէեւ անոնց ճանապարհները քանի մը անգամ կը միանան, սակայն, այս կարճ ժամանակահատուածի մէջ կինը ճշմարտութիւնը չ՚ըսեր հեղինակին, որ տարիներ շարունակ սիրահարուած է անոր։ Ան կը կարծէ, որ եթէ ճշմարտութիւնը պատմէ, գրողը լիովին չի հասկնար զինքը եւ ան չի տարբերիր «պարզ կիներէն»։ Այս պատճառով ան չի նշեր նաեւ երեխայի գոյութեան մասին։
Թէեւ ան դժուար ժամանակներու մէջէն կ՚անցնի, սակայն կը շարունակէ սիրել հեղինակը։ Ան բազմիցս կը փորձէ ինքն իրեն յիշեցնել, թէ հեղինակը զայն չի յիշեր, սակայն երեխան կորսնցնելէ յետոյ ան կը գրէ եւ կ՚ուղարկէ նաման մը՝ նշելով, որ կը զգայ, թէ ինքն ալ կը մահանայ։ Հեղինակը այս նամակներով կը փորձէ յիշել կինը եւ միաւորել յիշողութեան մէջ ցիր ու ցան եղած կտորները։
Այս նամակը՝ ինչ-որ նիւթի մը մասին չէ, այլ «ինքնութեան մէջ ապրող սիրոյ» առանցքային տեսլական մըն է։ Անյայտ կինը իր գոյութեան դատաստանը կը ներկայացնէ այն անձի միջոցով, որ տարիներով սիրեց։ Իրական սիրոյ ողբերգական, բայց աներեր քաւութեան գրական ստեղծագործութիւն մըն է այս գործը։ Գիրքին մէջ յիշողութիւնը արթուն է՝ որպէս ինքնութեան երկրորդ մաշկ։ Մէկ այլ ուղղութեամբ՝ նամակը կը խորհրդանշէ առանձնութեան ինքնարտացոլումը, որով կինը կը մնայ սեփական հոգւոյն գերավարը:
Զվէյկ գիրքը սիմֆոնիք ոճով մը կառուցած է՝ լեզուն պարզ, բայց հոսանքաւոր, բառերը՝ փափուկ։ Գիրքը նաեւ դարձած է սիրոյ խորափոր նկարչութիւն: Հեղինակի ճաշակը կ՚երեւի մանրանկարչական մանրամասնութիւններով, յիշողութիւններու բոյրերով։ Այս նամակը ուղղակի ցաւ մըն է ձեռագիրով՝ թուլութիւնն ու տոկունութիւնը միախառնուած:
Գիրքը կը հարցադրէ՝ կարելի՞ է ամբողջ գոյութեամբ սիրել մէկը, որ երբեք չենք ճանչնար իրականութեան մէջ։ Գիրքը նաեւ ընթերցողը կը սթափեցնէ ինքնըստինքեան զննելու՝ արդեօք աղջկայ նման որքա՞ն նամակ կը գրէինք սրտանց, կամ կուրաբար կը նուիրուէինք սիրոյ։
«Անյայտ կնոջ մը նամակը»ն կը զուգորդէ խոր հոգեբանական վերլուծութիւն՝ նամակներու միջոցով։ Թէեւ անոր մէջ կայ միակողմանի ընկալում եւ որոշ ընթերցողներու համար թոյլ տինամիք, բայց կը շարունակէ մնալ ժամանակակից եւրոպական լաւագոյն գրական ստեղծագործութիւններէն մին։
Գիրքը փոքր, սակայն յագեցած փիլիսոփայութեամբ ու հոգեբանական ծանրութեամբ կը ներկայացնէ սիրահարուած կնոջ մը պատմութիւնը։ Եթէ կը սիրէք ծանր հոգեբանական վիճակի կեդրոնացող կերպարի մը ներաշխարհը, ապա սա հիանալի ընտրութիւն մըն է։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ