«ՀԱՅ ԸԼԼԱԼԸ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆՍ ԱՆԲԱԺԱՆԵԼԻ ՄԱՍՆ Է»
«Հայաստան ծնած եմ եւ երբեք չեմ զգացած, որ պէտք է պայքարիմ ինքնութիւնս պահելու համար։ 2003 թուականին տեղափոխուեցայ Պարսելոնա եւ խումբ մը հայերով զգացինք հայկական ինքնութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը։ 2006 թուականին հիմնեցինք Պարսելոնայի հայկական մշակութային միութիւնը»։
(Սիրանուշ Սահակեան)
Յունիս 15-20, 2025, Պարսելոնա, Սպանիա։
Մշակոյթի, ազգային ինքնութեան եւ մայրենի լեզուի պահպանման դասախօսութեանս ընթացքին՝ հայկական մշակութային միութեան կազմակերպութեամբ եւ «Հայ տուն» կեդրոնին մէջ, տեսայ այն մեծ ուժը, որ հայերը հոն կ՚ուզէին դրսեւորել, որպէսզի հայ մնան։ Սիրանուշ Սահակեան՝ միութեան հիմնադիր անդամներէն, դուրս հանեց իր հպարտութիւնը երբ ըսաւ. «Հայ ըլլալը ինքնութեանս անբաժանելի մասն է»։
Բայց այդ անբաժանելի մասը պէտք է պահուի։
Պարսելոնայի հայկական գաղութը, որ այսօր կը հաշուէ մօտաւորապէս 4 հազար անդամ, մեծ համեմատութեամբ կազմուած է Հայաստանէն դուրս եկած հայորդիներով։ Փորձեցի տեսնել հայաստանեան սփիւռքի իւրայատկութիւնները, որպէսզի աւելի լաւ ձեւով կարենամ համեմատել հայկական դասական սփիւռքին հետ։
Արթիւր Մխիթարեանը ծնած է Երեւան։ 2007 թուականին ան իր տիկնոջ հետ եկած է Պարսելոնա։ Անոնք ունին երկու զաւակներ, որոնք ծնած են Պարսելոնա։ «Հայութիւնը ինծի եւ ընտանիքիս համար առաջին տեղ է», ըսաւ Արթիւր։ «Տունը արգիլած եմ սպաներէն խօսիլը։ Տիկինս եւ ես ամէն ինչ կ՚ընենք, որպէսզի պզտիկները իրենց ինքնութիւնը պահեն»։
Արթիւրը իր ազատ կամքով դուրս եկած է Հայաստանէն։ «Վատ չեմ զգար, որ Հայաստանը ձգեցի։ Բայց կարօտը հայրենիքին շատցաւ։ Օտարութեան մէջ ըլլալով աւելի լաւ կրնամ արժեւորել իմ հայրենիքը», ըսաւ ան։
Արթիւր ունի իր սեփական աշխատանքը՝ ծաղիկի վաճառականութիւն։ Կը զրուցէի հայու մը հետ, որ ունի բաւարարուածութիւն եւ ապահովութիւն՝ ընտանիքին կենսամակարդակը պահելու համար։ Արթիւր այն հայն է, որու սրտին ու հոգիին մէջ անդադար կը տրոփէ հայկականութիւնը։ «Ես Սպանիոյ մէջ աւելի լաւ ճանչցայ, թէ ի՞նչ է հայութիւնը», ըսաւ ան։
Ճիշդ է Արթիւրը։ Սփիւռքի մէջ կեանքը պայքար է ե՛ւ դպրոց։ Եթէ մէկ կողմէ կը սորվեցնէ, բայց, նոյնքան նաեւ քեզ զգաստ կը պահէ։
Պարսելոնայի հայկական մշակութային միութիւնը կազմակերպած է շաբաթօրեայ դպրոց մը, որ ունի աւելի քան 90 աշակերտներ, ուր կը սորվին լեզու, պատմութիւն, մշակոյթ եւ պար։ Անոնք ունին ճատրակի դպրոց եւ պատանիները առաջին դիրք գրաւած են Պարսելոնայի պատանեկան մրցաշարքին։
Մարիէթա Յակոբեանը ծնած է Երեւան։ 2023 թուականին ան եկած է Պարսելոնա։ «Ճարտարապետութիւնը շատ կը սիրեմ եւ այդ գլխաւոր պատճառներէն մէկն էր, որ եկայ այս քաղաքը», ըսաւ ան։ Մարիէթայի «սէրը» զիս չզարմացուց։ Պարսելոնայի գեղեցիկ ճարտարապետութիւնը կը զգլխէ ու կ՚անցնի ամէն գեղեցկութիւն։
«Կը հաւատամ, որ ազգային եւ մշակութային ժառանգը, որ ունիմ, միշտ ալ կ՚ապրի իմ մէջս։ Բայց, նոր մօտեցումներ կը փնտռէի, որպէսզի նորը ստեղծեմ», ըսաւ Մարիէթա։ Ան երիտասարդ տնտեսագէտ աղջիկն է, որ ունի քննական միտք։ «Ցեղասպանութիւնը ցաւի յատուկ տեսակ է, որուն մէջէն կը ծնի պայքար եւ այս ցաւ-պայքարը կը մղէ քեզ յառաջանալու կեանքի մէջ, ուր կը ճանչնաս եւ կը յիշես ազգդ եւ կրօնքդ։ Ցեղասպանութեան ցաւը երբ վերածես պայքարի, անպայմանօրէն կը յաղթես», շարունակեց Մարիէթա։
Մարիէթա հայրենասէր երիտասարդուհին է։ «Հայրենիքը հաւատք եւ արժէք է»։ Ան կը հաւատայ, որ հայրենիքի այս հաւատքը եւ արժէքը կը պահուի ու կը զարգանայ կրթութեամբ։ Մարիէթա համոզուած է, որ ներկայ օրերու ճարտարարուեստի յառաջխաղացը կը ստեղծէ բոլոր հնարաւորութիւնները, որպէսզի անձ մը կարենայ տարբեր երկիրներու փորձը, փորձառութիւնը եւ դաստիարակութիւնը ներմուծել հայրենի կեանքին մէջ եւ յառաջխաղաց արձանագրել։ Այս ալ սփիւռքի հայկական ուժն է, երբ իւրաքանչիւր սփիւռքահայ իր հետ կը բերէ իր ծնած-ապրած երկրի փորձը եւ կը տրամադրէ հայրենիքի վերելքին։ Սփիւռքը «դրամագլուխ» է, որուն լաւապէս տնօրինումը կրնայ մեծ արդիւնքներ նուաճել համահայկական տարբեր օրակարգերու համար։
Անի Սահակեանը ծնած է Հայաստան եւ 2021 թուականին եկած է Պարսելոնա։ Անին շատ լաւ կը գիտակցի, թէ ինչքան առանձնաշնորհումներ ունէր հայրենիքի մէջ եւ թէ սփիւռքեան իրականութիւնը ինչքան տարբեր է։ «Հայրենիքի մէջ կ՚ապրիս կեանք մը եւ չես գիտակցիր, թէ այդ բոլորը ինչ գինով կը պահուի քեզի համար։ Երբ Սպանիա եկայ, այդ բոլորը չկային։ Չկար նոյնիսկ աւանդական հայկական համայնք, որ զիս կապէր հայրենիքին», ըսաւ Անին։ Ան իր աշխոյժ մասնակցութիւնը կը բերէ գաղութին հոգեւոր դաստիարակութեան մէջ։ «Սփիւռքի մէջ հայ ապրիլը մարտահրաւէր է, առաքելութիւն, խաչ, որ պիտի կրես։ Այս խաչը պիտի կրենք, որպէսզի նոր սերունդը հայ մեծնայ։ Ահա այս ամենէն մեծ տարբերութիւնն է Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ ապրող հայուն պայմաններուն», ըսաւ Անին։
Անին այն հայուհին է, որ չէր բաւարարուեր միայն խօսելով։ Ան աշխոյժ մասնակցութիւն կը բերէ, որպէսզի եկեղեցական կեանքը կազմակերպէ եւ հայկական գաղութը կարենայ ունենալ պատարագ եւ հոգեւոր դաստիարակութիւն։
Անիին մօրենական կողմը Արցախէն է։ Իր մօրենական ընտանիքը ապրած է Արցախի պատերազմները։ Այս իմաստով ան գիտէ արժէքի գիտակցութիւնը եւ անոր պահպանումը։ «Կ՚ուզեմ, որ իմ հայրենակիցները՝ որոնք Հայաստան կ՚ապրին, պինդ պահեն մեր արժէքները՝ մանաւանդ ներկայ օրերուն», եզրափակեց Անին։
Սփիւռքը ինչքան բարդ է։ Շատ են սփիւռքի մէջ ապրող իւրաքանչիւր հայուն զգացումները, մարտահրաւէրներն ու պայքարը։
Անի Բայաթեանը ծնած է Երեւան եւ Պարսելոնա եկած է 2015 թուականին։ « Տան մէջ միայն հայերէն կը խօսինք», ըսաւ Անին։
Անին գործունեայ անդամ է Պարսելոնայի մշակութային միութեան եւ անոր Հայ տան մէջ։ «Ամէն միջոցառում կը կազմակերպենք, որպէսզի հայ նոր սերունդը հայ պահենք», ըսաւ Անի։
Երբ կը խօսէի Անիին հետ, կը տեսնէի, թէ ինչքան սէր եւ յարգանք ունի Հայաստանի եւ հայկական արժէքներու նկատմամբ։ Երբ հարցուցի, թէ Հայաստանը իրեն համար ի՞նչ կը նշանակէ, ան ըսաւ. « Հայաստանը տուն է, մանկութիւն եւ կարօտ»։
Հապա՞ Հայաստանի ապագան։ «Բան չեմ կրնար ըսել», ըսաւ Անի։
Հայաստանը հայրենիք է, որ կու տայ ինքնութիւն, պատկանելիութիւն եւ հպարտութիւն, սակայն ներկայ օրերու իրավիճակը յուսահատութեան եւ յուսախաբութեան մթնոլորտ կը ստեղծեն։
Միջինարեւելեան ժողովրդային առածը կ՚ըսէ. «Լեռներ իրարու չեն հանդիպիր, բայց մարդիկ իրարու կը հանդիպին»։ Այս իմաստով շատ հաճելի եւ հետաքրքրական էր դարձեալ հանդիպիլ Տաթեւ Սուլեանին։ Ան վեց տարիներ վարած էր Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիի գործավարի պաշտօնը։ Տաթեւ ծնած է Քեսապ, ուսանած է Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի դպրեվանքին մէջ, աւարտած է Համազգայինի հայագիտական հիմնարկը, եւ մագիստրոս վկայական ստացած է՝ պատմութեան մէջ, Երեւանի Պետական համալսարանէն։ 2012-ին ան հասած է Պարսելոնա։ «Այլեւս հոս եմ եւ հոս պիտի ապրիմ», ըսաւ Տաթեւ։
Եւ հոս ապրելու գիտակցութեամբ՝ Տաթեւ կը կերտէ իր անձնական, ընտանեկան եւ հաւաքական-ազգային կեանքը։ Եւ ինչպէս չկերտել ազգային կեանքեր, երբ Տաթեւի ակունքները կու գան ուժեղ Քեսապէն եւ աշխոյժ Պէյրութէն։ «Ես շատ բան կը պարտիմ Միջին Արեւելքի եւ անոր դաստիարակութեան», ըսաւ Տաթեւ։ Ան ստանձնած է մշակութային միութեան ատենապետութեան պատասխանատուութիւնը եւ ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ հայապահպանումի առաքելութեան մէջ։ Ան իր ազգային ծառայութիւնը կ՚որակէ որպէս «կամաւոր բանակ եւ ազգային պարտք»։
«Հայուն ազգային ինքնութեան կերտումը եւ ապահովութիւնը միայն դպրոցով չ՚ըլլար։ Կարեւոր է, որ հայերու իրար հետ ունենան կապ եւ հաղորդակցութիւն։ Շատ մեծ զոհողութիւններով ստեղծեցինք Հայ տունը, որպէսզի հայեր Պարսելոնայի մէջ համախմբուին», ըսաւ Տաթեւ։ Ես տեսայ, թէ ինչպէս Հայ տունը կը համախմբէ հայութիւնը։
Հայապահպանումի մեր սփիւռքեան «պատերազմի»ն մէջ, մենք պէտք ունինք Տաթեւի նման նուիրեալներու, որոնք կը գիտակցին կամաւոր բանակի եւ ազգային պարտքի կարեւորութիւնը։
Լեւոն Գրիգորեանը փաստաբան է եւ միջազգային օրէնսգիտութիւններու մասնագէտ։ Լեւոնը Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Սպանիոյ մասնաճիւղի ատենապետն է եւ ազգային-եկեղեցական լայնածաւալ գործունէութիւն կը ծաւալէ։ Անոր հայրը Հալէպէն է եւ մայրը՝ Պաքուէն։ Լեւոն ամուր կապուածութիւն ունի Արցախի եւ անոր հիմնախնդրին։ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին Լեւոն ունեցած է բեղուն գործունէութիւն, երբ իր բոլոր իրաւական լծակները ի սպաս դրած է արցախեան հիմնահարցին քարոզչութեան՝ Սպանիոյ պետական եւ քաղաքական լայն շրջանակներու մէջ։ «Արցախը հայ ժողովուրդի սիրտն է ու Հայաստանի փրկութիւնը։ Արցախը տալով մենք մեր մարմնէն մաս մը տուինք», ըսաւ Լեւոն։
Եւ դարձեալ Սիրանուշը՝ «Հայոց եղեռնը վէրք է, աւելի ճիշդ ծննդեան նշան, որ ժառանգած եմ ծնողքէս եւ կը փոխանցեմ իմ զաւակներուս։ Իսկ Արցախը բաց վէրք է, որ երբեք չի սպիանար»։ Սիրանուշ ամուսնացած է Տաթեւ Սուլեանի հետ։ «Դասական սփիւռքի համար հայ ինքնութիւնը եւ մշակոյթը պահելը եղած է անհրաժեշտութիւն եւ փոքր տարիքէն սկսած։ Հայաստանցիները, որոնք ներգաղթած են Հայաստանէն, իրենց համար անհրաժեշտութիւն եղած է գոյատեւել եւ պահել ընտանիքները։ Շատերը նոյնիսկ չեն մտածեր հայ ինքնութիւնը պահելու մասին», ըսաւ ան։
Դասական թէ հայաստանեան սփիւռք, կայ ու կը մնայ մէկ հիմնական իրականութիւն, թէ հայ ըլլալը ինքնութեան անբաժանելի մաս ընելն է։
Լեւոնը շեշտեց այս հայու ինքնութեան անբաժանելի մաս ըլլալու իրողականութիւնը։
Սպանիոյ զօրավար Ֆրանքոն եւ Սուրիոյ նախագահ Հաֆըզ Էսատը ունեցած են բարեկամական ջերմ կապ։ Այս երկու երկիրները՝ փոխադարձ համաձայնութեամբ, բաւական թիւով քրիստոնեայ սուրիացի ընտանիքներ տեղափոխած են Սպանիա՝ ներառեալ հայեր։ Այս ընտանիքները ժամանակի ընթացքին ձուլուած են տեղական հաւաքականութիւններուն մէջ։ «Այսօր այդ հայ ընտանինքերուն նոր սերունդը մէջտեղ եկած է եւ կը գիտակցի իր հայկական ինքնութեան», բացատրեց Լեւոն ու շարունակեց. «Արդէն իսկ հաւաքած ենք քսանհին հայ ընտանիքներ, որոնք կ՚ուզեն վերագտնել իրենց ինքնութիւնը»։
Մեր հայկական օրակարգերը ինչքան շատ են եւ բարդ։ Բայց կայ մէկ մեծ առաքելութիւն-պարտականութիւնը՝ հայկական ինքնութիւնը անբաժանելի մասը ընել իւրաքանչիւր հայու համար։ Այս ընելու համար հայը պէտք ունի զգաստութեան. Զգաստութիւն, որ մեր կարողականութիւնները պիտի համախմբէ։
Այս իմաստով…
Հայաստանը պէտք է վերագտնէ իր ներքին համերաշխութիւնը եւ համակեցութիւնը՝ վերջ դնելով իր բոլոր անհասկացողութիւններուն։
Հայաստան եւ սփիւռք պէտք է վերստեղծեն իրենց կապը եւ համագործակութիւնը՝ որպէս գործակից եւ զիրար ամբողջացնող օղակներ։
Արցախի հիմնահարցը պէտք է պահել մեր օրակարգի հիմնական եւ իրականացնելիք մարտահրաւէր։
Այս եռամիասնութիւնը ապահովելով պիտի ստեղծենք ուժ՝ հայուն ուժը։ Այս ուժը հայուն ինքնութիւնը պիտի դարձնէ իր անբաժանելի մասը։ Այս հայուն ինքնութիւնը հայուն կեանքը պիտի դնէ պատմութեան շարունակականութեան գործընթացին մէջ։
ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Նիկոսիա, 1 Յուլիսի, 2025