ՇԱՀՆԱԶԱՐ ՔԷՕԹԱՀԵԱՆ (6 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 1902 - 25 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 1999)
Ծնած է 6 դեկտեմբեր 1902-ին, Շապին Գարահիսարի Թամզարա աւանը: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին Արամեան Ազգային վարժարանէն ներս, իսկ երկրորդական ու բարձրագոյն ուսումը՝ Պէյրութի Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական ճեմարանէն ու Ամերիկեան համալսարանէն ներս: Հետեւած ու աւարտած է Կրօնական դաստիարակութեան եւ մանկավարժութեան ճիւղերը, 1934-ին:
Քէօթահեան վարած է ուսուցչական եւ տնօրէնի պաշտօններ, Սեբաստիրոյ Արամեան Ազգային եւ Ամերիկեան որբանոց-դպրոցներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Աթէնքի ազգային եւ յարանուանական վարժարաններէն ներս:
1924-1930 թուականներուն Աթէնքի մէջ «American Near East Relief» որբանոցներէն դուրս եկած հայ աշխատող եւ չափահաս որբերուն վերահսկիչ եւ խոր-հըրդատու եղած է:
Քսանհինգ երկար տարիներ Քէօթահեան ծառայած է Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Յունաստանի կեդորնին, իբրեւ վարիչ-քարտուղար: Աւելի ետք երբ անցած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ինն տարիներ կամաւոր ստանձնած է նոյն միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին ատենադպրութիւնը:
Ամերիկայի մէջ, Շահնազար Քէօթահեան քսանհին տարիներ իր ծառայութիւնը բերած է նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ, ստանձնելով Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանին դիւանապետ-քարտուղարի պաշտօնը:
Քէօթահեան երեք տարիներ ստանանձած է Յունաստանի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ պատասխանատուութիւնը, որ այդ թուականներուն առանց հովիւի մնացած էր:
Շահնազար Քէօթահեան իր ստանձնած պաշտօններուն եւ պարտաւորութիւններուն կողքին նաեւ թուղթին յանձնած է բազմաթիւ արձակ եւ չափածոյ գրութիւններ: Իր բանաստեղծութիւններէն մի քանին երգահաններու կողմէ ձայագրուած են: Ան տակաւին քսան տարեկան երիտասարդ, 1920-ականներէն սկսած է աշխատակցիլ սփիւռքահայ մամուլին:
Շահնազար Քէօթահեան արժանացած է գնահատանքի ու մրցանակներու: Այսպէս.
«Պայքար» շաբաթաթերթի կազմակերպած մրցման, Ա. մրցանակ. «Որո՞նք են արժանաւոր եկեղեցականներ պատրաստելու միջոցները» նիւթին շուրջ իր պատրաստած յօդուածով։
Գնահատական յուշատախտակ, Լոս Անճելսի Թէքէեան մշակութային միութեան կողմէ։
Առաջին մրցանակ՝ «Հայրիկն Հայոց» չափածոյ գրութեան համար, Լոս Անճելըսի Ամերիկահայ միացեալ արուեստի ընկերակցութեան կողմէ։
Յուշատախտակ, Լոս Անճելըսի նորակազմ Յունահայ միութեան վարչութեան կողմէ, առ ի գնահատանք սոյն միութեան մատուցած ծառայութեան՝ իբրեւ նախագահ։
Շահնազար Քէօթահեան իր անձնական միջոցներով հրատարակած է հետեւեալ աշխատութիւնները.
- Մանուկները դպրոցէն դուրս կամ ծնողները ինչպէս դաստիարակելու են իրենց զաւակները:
- Երգեր հայու՝ հայուն համար, քերթուածներու հաւաքածոյ:
- Յուշեր ու նիշեր - Անձեր ու անցքեր նախաեղեռնէն մինչեւ ներկայս (1990) Կենսագրական (վաւերագրական տուեալներով եւ անտիպ ու հազուագիւտ լուսանկարներով պատմական հատոր մը):
- Գողգոթայէն յաւերժութիւն (պոէմ)՝ Շահնազար Քէօթահեան Ապրիլեան մեծ եղեռնի յիսնամեակին առթիւ (1915-1965). Ձօն մեր բիւրաւոր նահատակաց։
Մահացած է 25 հոկտեմբեր 1999-ին, Լոս Անճելըսի մէջ, Ամերիկա:
ԺՊՏՈՒՆ ԱՉԵՐԴ
ժըպտուն աչերդ, շաղով ցօղով թաթաւուն,
Դէպի հոգիս կը թեւեն.
Ու զարթևելով վառ յոյսերս անանուն.
Զիս փափկութեամբ կ՚օրօրեն…:
Ժըպտուն աչերդ, այս առաւօտ, ի՜նչ հըմայք,
Ի՜նչ գեղ, ի՜նչ խինդ, կը ծորեն,
Որ կը մոռնամ մի պահիկ թէ ի՜նչ քըմայք,
Կ՚անցնիմ կեանքի մութ ձորէն…:
Ժըպտուն աչերդ մէյ մէկ կայծե՜ր են անմար,
Մէյ մէկ ջահե՜ր աստղայեռ,
Որոնք ահա՜ զերթ արեւներ անհամար,
Սիրտըս սիրո՜վ են պըճներ…:
Ժըպտուն աչերդ… որպէս վարպետ մ՚հընօրեայ,
Կը նկարեմ ես այգուն.
Զի կ՚ուզեմ որ մի՛շտ կենսունակ, յաւե՜րժ մընայ
Ժպիտն անոնց հրազուն.
Ջի՛նջ աչերուդ շաղով, ցօղով թաթաւուն…:
Լոս Անճելըս
(ԺԱՄԱՆԱԿ, կիրակի 28-1-1961, էջ 3):
ՏԱՍՆԸՎԵՑԻԴ ԱՅՍ ԻՆՉ ԳԱՐՈՒՆ…
Աղջկանս՝ իր ծննդեան տարեդարձին առթիւ
Տասնըվեցը Մայիսդ է, համակ ժըպիտ, բոյր ու
համբոյր,
Տասնըվեցիդ այս ինչ շընորհք, այն ինչ հըմայք ու հըրապոյր.
Հեքեաթունակ Պարի՞կ մըն ես կախարդական, կամ՝ զըւարթուն,
Կախարդեցիր մեր սըրտերը, արեւ եղար բոցեղ
այգուն…:
Տասնըվեցը Գարունդ է, գեղազըւարճ, ծիծաղուն,
նաշխուն,
Գարունին մէջ ուրիշ Գարուն, նորոգ Գարուն,
յաւերժութիւն.
Գարունը թող պահ մը կենայ քեզ ճամբայ տայ, նախ
դուն անցնիս
Դուն տողանցես զերթ թագուհի, թագըդ արդէն
գըլխիդ ունիս…:
Տասնըվեցիդ՝ այս ինչ Գարուն, այս ինչ ծաղիկ, իմ
նազելիս,
Վարդը չըքնաղ, թող ըսպասէ, նախ՝ դուն բացուիս,
շառագունիս
Սոխակըն ալ թող լուռ մընայ, դուն ինքըդ ես
սոխակ սիրուն,
Երգէ մեզի երգերդ աղու, լըսենք ձայնըդ
եղահնչուն…:
Տասնըվեցիդ՝ ալ ի՞նչ ըսենք, ինչո՞վ յայտնենք
մեր իղձն ու սէր.
Բաւ չէ՞ մաղթենք- Գարունդ մընայ, մշտափթիթ
ու մշտատեւ,
Մանուկ հոգիդ աննիւթական ճոխ գանձերով
ըլլայ յորդուն,
Ողջոյն կեանքիդ այս Գարունին, կեանքըդ
բաշխէ, տուր ամէնուն:
Քեզի բաժին՝ ոչ մէկ ձըմեռ, միայն Գարուն, մէկ
եղանակ…
Սեւուկ աչերդ, վըճիտ, աննենգ, մաքրամաքուր,
անմեղունակ,
Թող զերծ ըլլան արտասուքէ… թող չը տեսնեն վիշտ,
տառապանք
Գարունըդ՝ քեզ, Ձմեռդ՝ մեզի, ալ ի՞նչ կ՚ուզես որ
քեզի տանք…:
Տասնըվեցիդ այս ինչ Գարուն, ինչ մեղեդի ու
ինչ թովչանք…:
14 մարտ 1962, Լոս Անճելըս
(ԺԱՄԱՆԱԿ, ուրբաթ 25-5-1962, էջ 3):
ՕՇԱԿԱՆԻ ՄԵՐ ՄԵԾ ՍՈՒՐԲԻՆ
Ծննդեան 1600-ամեակին աթռիւ
Օշականի մեր Մեծ Սուրբին ողջոյն, ողջոյն,
Տասըն եւ վեց դարեր ամրողջ ինչ օրհնութիւն.
Հայաշխարհին լոյս ու արեւ, անշէջ փարոս,
Ինչ մանանայ, մեղրախորիսխ, գետ մըշտահոս...:
Օշականի Անմահ Սուրբին մեր սիրտն ողջոյն,
Խորհըրդանիշ մեր իղձերուն, երազներուն,
Օշականը միայն մէ՞կ է, մէկ հատի՞կ է,
Ամէն հայու սիրտը մէյմէկ Օշական չէ՞…:
Օշականի Սուրբ Մեսրոպին մեր կեանքն ողջոյն,
Կեանքի դէմ կեանք, հուր անըսպառ, յաւերժութիւն.
Հըսկաներու աշխարհին մէջ, հըսկայ մ՚ալ, ինք,
Արարատի դէմ յանդիման բարձունք մ՚ալ ինք…:
Օշականի Մեծ Ուսուցչին մեր սէրն անհուն,
Միացման կէտ եւ փրկութիւն մեր ամէնուն,
Լաստ ու խարիսխ, բերդ անառիկ, չըքնաղ տեսիլք,
Կաթողիկէ Էջմիածին, օրհնեալ տեղիք…:
Օշականի ով մեծարեալ Վարդապետ Դուն,
Դեռ կը հսկես զոյգ աչքերով, անթարթ, անքուն,
Այբուբենքիդ մարգարտաշար մանեակ սիրուն,
Միշտ կը մընայ զարդը չըքնաղ մեր ամէնուն…:
Օշականի ո՜վ յոգնատանջ Մըշակ բեղուն,
Պարգեւեցիր ամէնայաղթ զէնք մը հայուն.
Մեծ Պարզեւիդ փոխան ի՞նչ տանք, ի՞նչ ընծայենք,
Ի՞նչ որ ալ տանք, նորէն ու միշտ պարտական ենք…:
Օշականի մեր Մեծ Սուրբին ողջոյն, ողջոյն,
Տասըն եւ վեց դարեր ամբողջ ինչ օրհնութիւն…:
Լոս Անճելըս
(ԺԱՄԱՆԱԿ, չորեքշաբթի 24-10-1962, էջ 3):
ՀԱՅ ԳԻՐՆ ԱՀԱ
Հայ Գիրն ահա, դարուց ի դար որպէս դըրօշ
արեւավառ,
Կուրծքը տըւած մըրրիկներուն ու շանթերուն, հուր
անըսպառ,
Եղեր է մեզ արթուն պահակ, պաշտպան հըզօր ու
հովանի,
Եղեր է մեզ պատըսպարան, ներշընչարան,
Տուն Հայրենի…:
Հայ Գիրն ահա, իբրեւ զուլալ ջուր մըշտահոս ու
անապակ,
Ոռոգեր է մեր դաշտերը, մեր սըրտերը յաւէտ
պապակ…
Գոյն-գոյն, ծաղկունք, ցօղաթաթաւ, բազմաբուրեան,
ժըպտուն, ծիծղուն,
Մեր Աշխարհի պերճ Գարունին երգը կ՚երգեն
բոցեղ այգուն…:
Հայ Գիրն ահա, որպէս յուռութք, որպէս հըմայք
ու կախարդանք,
Կախարդեր է հայու հոգին, լեցուցեր զայն զերթ
ոսկեհանք.
Չար թըշնամւոյն սուրէն հուրէն հալածանքէն մեզ
ազատեր,
Մեզ լիառատ ու յորդառատ, մըշտանորոգ
կեանք պարգեւեր…
Հայ Գիրն ահա, իբրեւ թարմ հաց, փըխրուն, եփուն
ու քաղցրահամ,
Կը կերակրէ, կը կազդուրէ մեզ ամէն օր ու ամէն ժամ.
Խաւարին մէջ անշէջ փարոս, գոռ ալեաց մէջ
լաստ փըրկութեան,
Երաշխիք մը, հաստատ, ամուր, մեր գոյութեան,
յաւերժութեան…:
Հայ Գիրն ահա, անմահանուն Կիւթէմպէրկի
Լոյս-Տաճարէն,
Խոնարհ, ուխտեալ, զոհաբերող հայու մըտքէն,
հայու ձեռքէն
Դարձած նեկտար, մեղրախորիսխ, մեզ կերակրի մեզ
կը հասնի
Հայ Գիրն ահա, միշտ նորատի, միշտ գեղաչուի,
փառքէ ի փառք կը սաւառնի…
Հայ Գիրն ահա, պարծանքն հայուն, փառքը հայուն,
գանձը հայուն,
Բոյն է դըրեր սըրտին մէջը, հոգւոյն խորը մեր
ամէնուն…
Արարատի ձիւնին նըման մաքրամաքուր ու անարատ,
Լայնախարիսխ, միշտ անառիկ, վերամբարձիկ
Բերդը Հայուն…:
Հայ Գիրն ահա, Սուրբ Սահակի, Սուրբ Մեսրոպի
մատներուն տակ,
Դարձեր է Գիրքն Աստուածաշունչ, Հայաբարբառ,
գեղաքանդակ.
Տըւեր է լոյս, երազ, տեսիլք Եղիշէին Ոսկեգըրիչ,
Խորենացին ու Կողբացին անկէ առին իրենց թըռիչ…:
Տըւէք, մեզի Հայ Գիրն միայն, Հայ Գիրն իբրեւ
գեղոճ պարգեւ,
Թող ան ըլլայ մեր խընդութիւն, երջանկութիւն,
յոյս ու արեւ
Ուրիշ շընորհք, ուրիշ վայելք, երանութիւն ալ
չենք ուզեր,
Ուրիշ երգեր, մեղեդիներ, խինծ ու ժըպիտ մեզ
չեն յուզեր…:
Տըւէք մեզի Հայ Գիրն միայն, Հայ Բարբառը
Աստուածային,
Թող ան հընչէ, թող ան ըլլայ զանգը, կանչը մեր
Տաճարին,
Թող ան հընչէ աւանդական մեր երդիքին տակ ընտանի,
Պահէ ըզմեզ հայու շունչով, հայու ոգուով միշտ
կենդանի…:
Տըւէք մեզի Հայ Գիրն միայն, աշխարհն ամբողջ
մընայ ձեզի,
Հայ Գիրն միայն, պալատ, դըղեակ, թագ ու պըսակ
մընան ձեզի,
Հայ Գիրն ահա, մեզ առաջնորդ, մեզ խըրախոյս,
մեզի մենտոր
Մինչեւ ծագի հոգեգըրաւ, վարդանըշոյլ
Այգեբաց նոր…:
Լոս Անճելըս
(ԺԱՄԱՆԱԿ, երեքշաբթի 5-1-1965, էջ 2):
ՎԱՐԴԱՆՆ Է ԱՀԱ…
Վարդա՜նն է ահա, զինուորեալն հայուն, արժան
թոռն Հայկին,
Զըրա՜հ է հագեր, սաղաւարտ գըլխին, սուրն ալ ի ձեռին.
Բայց բո՛ւն իր զըրահ, ասպար ու նիզակ, զէնք ու
սաղաւարտ,
Իր հաւատքը սուր, Խաչ, Աւետարան, ե՜րգն իր
«Լոյս Զուարթ»:
Վարդա՜նն է ահա, Վարդանը հայուն, շուրջն են
բոլորուէր
Հայու փառք, պարծանք, վաթսունվեց հազար
թիկնեղ կըտրիճներ.
Այն ի՜նչ հերոսներ, այն ի՜նչ այրող սէր, այն ի՜նչ
խորունկ սէր,
Ո՜ր հայն անոնց հետ, հըպարտ խոյանքով,
զոհուիլ պիտ չուզէր…
Վարդա՛նն է ահա - Դաշտն Աւարայրի չէ՛ տեսեր երբեք
Այդպիսի Դիւցազն, այդպիսի քաջազն.
սըրտերնիդ բացէք
Տեղ ըրէք իրեն. թող ան մուտք գործէ, թող ան
հոն ապրի,
Զերթ սըրբազան հուր, ձեզ բոցավառէ, ու
ապա հանգչի…:
Վարդա՜նն է ահա, շո՜ւնչը կազդուրիչ Սուրբըն
Մեսրոպի,
Բարձո՜ւնք լուսեղէն, զերթ ձիւնասպիտակ
Սարն Արարատի.
Վարդա՜նն է ահա. լըսե՛նք իր պատգամն զոր մեզ
կըտակեց.-
Չը թողո՜ւլ երբեք. ինչ որ ան պահեց, ինչ որ ան
փըրկեց…:
Վարդա՜նն է առա. կըռուի դաշտ իջեր լոյսին ի խընդիր…
Յազկերտն մեծազօր, զո՜ւր կը մարտընչի.
իր քաջերն ընտիր
Ա՛լ թող չի կըռուին, զո՜ւր է պայքարիլ ընդ միշտ
լոյսին դէմ.
Ո՞վ է ցարդ կըրցեր, խափանել լոյսը, մութին
հակընդդէմ…:
Վարդա՜նն է ահա. վըկաներն հազար եւ երեսունվեց,
Զոր ոսկեգըրիչ անմահն Եղիշէն, փառք հիւսեց, գովեց,
Մեզ հե՛տ են անոնք, մեզ հետ պիտ մընան, ցորքան
կը մընան,
Հայու Սուրբ Հաւատք, Հայու Վեհ Հոգին, գեղոճ,
աննըման…:
Վարդա՜նն է ահա, մեր անո՜ւշ Վարդան, մեր
արե՜ւ Վարդան.
Ո՛վ ունի այպէս գանձ նըւիրական. ա՜հ, մեր
Գա՜նձ Վադան:
Լոս Անճելըս, Գալիֆ.
(ԺԱՄԱՆԱԿ, ուրբաթ 26-2-1965, էջ 3):
ՈՒ ԿԸ ԺՊՏԻ…
Ու կը ժըպտի՜, կը ժըպտի՜, աղջընա՜կ մ՚է սիրասուն,
Հա՛զիւ բոլորած ութ գարուն.
Դեղձան մազերն իր ոկսեայ, անփոյթ փըռած ուսերուն,
Ու ի՜նչ աչքեր կապտաւուն…:
Ի՜նչ ալ անուշ կը ժըպտի աղջնական այս թըռւըռուն,
Անբի՜ծ, անմե՜ղ զըւարթուն.
Նորաբողբոջ, վա՜րդ շըքեղ, խոստում մ՚ազնիւ,
քաղցրանուն,
Ա՛կ մը վըճիտ, կարկաչուն…:
Կը ժըպտի նէ, վասընզի նախ ե՛ս իրեն ժըպտեցայ.
Ժպիտն արժէք ունի երբ, իրեն արժան, փոխադարձ,
սիրով զեղուն սիրտ մ՚ալ կայ,
Սիրտ մը կայտռուն, եռեւեփ…:
Ու այդ ժպիտն ամէն օր, անձայն, անխօս, թեւ կ՚առնէ,
Կ՚ըլլայ դըրա՜խտ լուսաշող,
Կ՚ըլլայ երկի՜նք աստղազարդ, դաշնաթաւալ կեա՜նքն
իսկ է,
Յաւերժութի՜ւնն հոգեդող…:
Ու ի՛նչ ալ հարկ այս համեստ, կարճ քերթուածին,
Երբ աղջնական այն լուսածին,
Արարչութեան հրաշակերտ, համակ խորհուրդ անքըննին,
Մէկ քերթո՜ւածն է ինքնին…:
Լոս Անճելըս
(ԺԱՄԱՆԱԿ, կիրակի 4-7-1965, էջ 3):
ԱՅՍ ԱՌԱՒՕՏ
Այս առաւօտ դա՛րձեալ ժըպիտ,
Այս առաւօտ դա՛րձեալ արեւ,
Այս ի՜նչ շընորհ,
Այս ի՜նչ պարգեւ,
Այս ի՜նչ հըրաշք, գա՜նձ, արդարեւ…:
Այս առաւօտ լազուարթ կամար,
Ծիծղուն դէմքեր, բիւր, անհամար,
Այս ի՜նչ դըրախտ,
Այս ի՜նչ տեսիլք,
Այս ի՜նչ երազ հոգեպարար…:
Այս առաւօտ այս ի՜նչ ծաղկունք.
Տես, վարդն ահա, իր սոխակին
Կ՚ընէ աչք-ունք…
Իսկ զըւարթունք
Դաշներգով մը կու տան կոչունք…:
Այս առաւօտ հոգիս թեթեւ,
Անմեղունակ ու մանկունակ.
Կ՚ուզէ խօսիլ,
Կ՚ուզէ բացուիլ
Կեանքին, լոյսին տալ նոր բարեւ…:
Այս առաւօտ սիրտըս սիրոյ
Ծո՛վ մ՚է անհուն, գեղո՜ւն, յորդո՜ւն,
Այնքան յորդուն,
Որ ամէնուն
Բա՛ւ է տալու կեա՜նք բաբախուն…:
Այս առաւօտ ես անվարան
Ըլլամ ճըրա՜գ, բո՜յժ, բալասան
Լուռ տառապող,
Ու տըւայտող,
Հոգիներու անտիրական…:
Այս առաւօտ, այս ի՜նչ արեւ,
Այս ի՜նչ դըրախտ, եդեմական…:
Լոս Անճելըս
(ԺԱՄԱՆԱԿ, կիրակի 4-7-1965, էջ 3):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ