ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Երէկ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան հանդիսապետեց կիրակնօրեայ արարողութիւններուն, մատոյց Ս. Պատարագը եւ խօսեցաւ օրուան քարոզը։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ներսէսեան դպրաց դասու անդամներուն կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլուի եւ երգեհոնահարութեամբ Սիրուն Սիրունեանի։

Մինչ 2025 թուականի ամրան ոգեւորութիւնը արդէն զգալի է, կղզիի բարձունքին ալ հոգեւոր ապրումները թափ ստացած են։ Ստեղծուած մթնոլորտին մէջ Ս. Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս ջերմ ու անմիջական զրոյց տեղի ունեցաւ՝ կիրակնօրեայ արարողութեան մասնակից հաւատացեալներուն միջեւ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 14, 2025