ԺԻՒԼԻԱ ՍԵՏԵՖՃԵԱՆԻ ՓԱՐԻԶԵԱՆ ՃԱՇԱՐԱՆԸ ԿՐԿԻՆ ԱՐԺԱՆԱՑԱԾ՝ ՄԻՇԼԵՆԻ ԱՍՏՂԻՆ

Ժիւլիա Սետեֆճեանի «Baieta» ճաշարանը կրկին արժանացած է Միշլենի աստղին:

Սիկիլիացի հայ խոհարարը Ֆրանսայի ամենաերիտասարդ խոհարարն է, որ Միշլենի աստղին արժանացած է, առաջինը՝ 21 տարեկանին:

«Ի՜նչ ուրախութիւն եւ հպարտութիւն է տեսնել, որ իմ ճաշարանս կը շարունակէ արժանանալ Միշլենի ուղեցոյցի աստղին: Այս ճանաչումը յարգանքի տուրք է տարիներու քրտնաջան աշխատանքին, կարգապահութեան եւ կիրքին: Սրտիս խորէն կ՚ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր անոնց, որոնք օրական իմ կողքին են: Այս աստղը համատեղ ջանքերու արդիւնք է», յայտարարած է Ժիւլիա Սետեֆճեան:

Բաց աստի, Միշլենի աստղը կը շնորհուի այն ճաշարաններուն, որոնք կ՚առաջարկեն բացառիկ խոհարարութիւն: Հաշուի կ՚առնուին հինգ համընդհանուր չափանիշներ՝ բաղադրիչներու որակը, համերու ներդաշնակութիւնը, խոհարարական վարպետութիւնը, խոհարարին անհատականութիւնը, որ կ՚արտայայտուի խոհագիրներուն ընդմէջէն եւ, վերջապէս, հետեւողականութիւնը՝ ինչպէս ամբողջ ճաշացուցակին ընթացքին, այնպէս ալ՝ ժամանակի ընթացքին:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 16, 2025