«ՇԱՐԺԱՆԿԱՐԸ՝ ԾԻՆԵՐՈՒ ԱՆՔԱԿՏԵԼԻ ՄԱՍ»

«Ոսկէ ծիրան» 22-րդ շարժանկարի միջազգային փառատօնը կը շարունակէ բնորոշել Երեւանի առօրեան։ Երէկ, փառատօնի շրջանակներէն ներս, ասուլիս մը տեղի ունեցաւ Իրանէն յայտնի բեմադրիչ Ամիր Նատերիի հետ։ Այս վերջինը կը համարուի Իրանի նոր շարժանկարի առաջամարտիկներէն։ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Հայաստանի կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որու ընթացքին Նատերի ըսաւ. «Շարժանկարը՝ իմ ծիներու անքակտելի մասն է»։

Իրանի շարժանկարի հսկաներէն Ամիր Նատերի եւ Ճաֆար Փանահի «Ոսկէ ծիրան»ի շրջանակներէն ներս բոլորի ուշադրութեան կիզակէտին են։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 16, 2025