ՍԵՐՏ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի երէկ հանդիպում մը ունեցան Թիենցիի մէջ, Չինաստան։ Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքի շրջանակներէն ներս տեղի ունեցաւ Լաւրով-Արաղչի հանդիպումը, որու ընթացքին շօշափուեցան երկու երկիրներու օրակարգի այնպիսի խնդիրներ, որոնք միջազգային բեմահարթակի վրայ հրատապ կը համարուին։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Լաւրով եւ Արաղչի շօշափեցին՝ տարածաշրջանային եւ միջազգային բնոյթով զանազան հարցեր, որոնք Մոսկուա-Թեհրան առանցքին վրայ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ են։ Նախարարները համաձայն գտնուեցան զանազան մակարդակներու վրայ ապագային շփումներու կազմակերպման ուղղութեամբ։

Ռուսական կողմի տարածած հաղորդագրութեան մէջ հերթական անգամ ընդգծուեցաւ՝ Իրանի միջուկային ծրագրի շուրջ առկայ տագնապը բացառապէս քաղաքական ու դիւանագիտական միջոցներով կարգաւորելու կարեւորութիւնը՝ միջազգային իրաւունքներու չափանիշներու համապատասխան։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 16, 2025