ՆՈՐ ՄԵՂԱԴՐԱՆՔՆԵՐ

Հայաստանի իրաւապահ մարմինները նոր մեղադրանքներ հասցէագրեցին յայտնի գործարար ու բարերար Սամուէլ Կարապետեանին, որ ներկայիս կալանաւորուած է։ Իշխանութիւն-եկեղեցի դիմադրութեան մթնոլորտին մէջ, Սամուէլ Կարապետեան ձերբակալուած էր՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին եւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին զօրակցութիւն յայտնելէ վերջ։ Իրաւագէտները կը հրապարակեն տեսակէտներ, ըստ որոնց՝ Սամուէլ Կարապետեանի բանտարկութեան պարագային խնդրոյ առարկայ են իրաւական չափանիշներու մերկապարանոց խախտումներ։

Իր դէմ օրակարգի վրայ բերուած նոր մեղադրանքները կը վերաբերին՝ գումարներու լուացման վերաբերեալ պնդումներու։ Իր պաշտպանները կը շեշտեն, որ Սամուէլ Կարապետեանի դէմ գործը կ՚ընթանայ աննախադէպ հանգամանքներով։ Արդարեւ, անոր որեւէ յստակ գործողութիւնը որեւէ կերպով չէ առընչուած մեղսագրուած արարքին հետ, ընդհանրապէս գոյութիւն չունի։

«Ակնյայտ է, որ Հայաստանի մէջ վերջին շրջանին «գումարներու լուացումը» վերածուած է ամենատարածուած մեղադրանքին եւ պարբերաբար կը կիրառուի բացառապէս քաղաքական հաշուեյարդարի համատեսքին մէջ», ընդգծուած է՝ Սամուէլ Կարապետեանի պաշտպանութեան խորհուրդին կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ։

Հարկ է նշել, որ Սամուէլ Կարապետեան բանտարկուելէ վերջ յայտարարած էր նոր քաղաքական ուժ մը ստեղծելու մասին՝ որպէս այլընտրանքային կուսակցութիւն։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 16, 2025