ՀԱՔԱՆ ՖԻՏԱՆ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այսօր կ՚այցելէ Նիւ Եորք, ուր Կիպրոսի հիմնախնդրին շուրջ նախատեսուած է ընդլայնուած ձեւաչափով անպաշտօն ժողով մը։ Երկօրեայ հաւաքոյթին կը մասնակցին նաեւ՝ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես, Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան նախագահ Էրսին Թաթար, Յունական Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Խրիստոտուլիտիս, Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Եորկօ Երափեթրիտիս եւ Անգլիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի գծով պետական նախարար Սթեֆան Տոութի։
Դիւանագիտական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ աւելի առաջ ալ Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած էր նոյն ձեւաչափով հանդիպում մը, իսկ ներկայ փուլին Անգարա ունի շարք մը ակնկալութիւններ։ Այսպէս, թրքական կողմը հետամուտ է քայլերու, որոնք պիտի ապահովեն համագործակցութեան մշակոյթի զարգացման, որպէսզի կղզիի երկու պետութիւններուն միջեւ բարիդրացիական յարաբերութիւններու խրախուսման ծառայեն։