ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԱՆԱՏՈԼՈՒԻ ՀՐԱՊՈՅՐԸ
Ֆրանսական մշակոյթի կեդրոնին մէջ երէկ կայացաւ հետաքրքրաշարժ բանախօսութիւն մը։ «Քառասուն տարուան ճանապարհորդութիւն մը արեւելեան Անատոլուի մէջ» խորագրեալ ձեռնարկին ընթացքին շուրջ քառասուն տարի առաջ դէպի հնագոյն հայկական բնակավայրերը կատարած իր շրջապտոյտին մասին արտայայտուեցաւ Ստեփան Պուտոյեան, լուսանկարներու ուղեկցութեամբ։ Բանախօսութիւնը վարեց պատմաբան Նազան Մագսուտեան։
Ստեփան Պուտոյեան 1968-ի ամրան ամիսներուն ճամբայ կ՚ելլէ Լիոնէն, իր «Շեւրոլէ» ինքնաշարժով, եւ կ՚ուղեւորուի դէպի Թուրքիոյ արեւելքը՝ շրջելու համար իր նախահայրերուն բնակավայրերը։ Հետզհետէ այդ ճանապարհորդութիւնները կը դառնան ամէնամեայ, շարունակուելով մինչեւ այսօր։ Ուղեւորութիւններու արդիւնքին ի յայտ կու գան հազարաւոր լուսանկարներ, որոնց միջոցով կարելի է տեսնել Անատոլուի խիստ արժէքաւոր ժառանգութիւնն ու տեսարանները, մնացորդները, ինչպէս օրինակ՝ 1974-ին կառուցուած Քեպանի ջրամբարի ջուրերուն տակ հանգչող կոթողները։
Երէկի զրոյցին ժամանակ Ստեփան Պուտոյեան ունկնդիրներուն փոխանցեց իր անկրկնելի փորձառութիւնը։
Հարկ է նշել, թէ ձեռնարկը իրականացաւ Անատոլուի ուսումնասիրութեանց ֆրանսական հիմնարկի գործակցութեամբ, «Խաչաձեւուող ուղիներ եւ յիշողութիւններ – Ֆրանսայի Անատոլուի սփիւռքին ձայները» հանդիպումներու շարքի շրջագծով։