ՏԱՆԸԼՏ ԹՐԱՄՓ ԿԸ ԽՕՍԻ ԵՐԵՒԱՆԻ ԵՒ ՊԱՔՈՒԻ ՄԻՋԵՒ ՀՐԱՇՔ ՄԸ ԳՈՐԾԱԾ ԸԼԼԱԼՈՒ ՄԱՍԻՆ

Ուաշինկթընէն միշտ կը հնչեն ամենաբարձր մակարդակի վրայ պատգամներ՝ Երեւան-Պաքուի յարաբերութիւններու ապագային շուրջ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ շաբաթավերջին հերթական անգամ յայտնեց. «Հայաստան եւ Ատրպէյճան. մենք այստեղ հրաշք գործած ենք եւ խաղաղութեան համաձայնագիրը բաւական մօտ է ստորագրման, եթէ ոչ՝ արդէն իրականացուած է»։ Տանըլտ Թրամփի նմանօրինակ յայտարարութիւնները յաճախակի դարձած են վերջին շաբաթներուն՝ իւրաքանչիւր անգամ քիչ մը աւելի շեշտադրուած ոճով։ Թրամփի այս յայտարարութիւնները ներկայիս կը պայմանաւորեն Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան գործընթացը։ 

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ վերջին օրերուն սարքած մամլոյ ասուլիսին ժամանակ մանրամասն անդրադարձած էր այս իրադարձութիւններուն, սակայն քաղաքական մեկնաբանները որոշ մութ կէտեր ալ նկատած էին իր խորհրդածութիւններուն մէջ, շաբաթավերջին, հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի հետ։ Երկու ղեկավարները քննարկեցին տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի վերաբերեալ հարցեր։ Փաշինեան Փեզեշքիանը հրաւիրեց պաշտօնական այցելութիւն մը տալ Հայաստան։ Փեզեշքիան կրկնեց Իրանի դիրքորոշումը՝ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման վերաբերեալ խնդիրներու առումով։ 

Իր կարգին, շաբաթավերջին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն ալ խօսեցաւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու վերաբերեալ։ Անդրադառնալով տարածաշրջանի հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման՝ Ալիեւ ըսաւ. «Ատրպէյճանցիները պէտք չէ հայ սահմանապահի հանդիպին»։ Իր խօսքով՝ ճիշդ է, որ Երեւան եւ Պաքու շատ մօտ են խաղաղութեան համաձայնագիրը ստորագրելու, սակայն, Հայաստանի Սահմանադրութիւնը պէտք է փոփոխութեան ենթարկուի եւ ԵԱՀԿ-ի Միսնքի խումբը պէտք է լուծարուի։

Բաց աստի, Ալիեւի աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու գծով պատասխանատու Հիքմէթ Հաճիեւ յայտնեց, որ իր երկիրը գոհ է Ապու Տապիի մէջ կազմակերպուած Իլհամ Ալիեւ-Նիկոլ Փաշինեան հանդիպումէն։

Երկուշաբթի, Յուլիս 21, 2025