«ԿՈՎԿԱՍԷՆ ԴԷՊԻ ՊԱԼՔԱՆՆԵՐ»
Համակրելի մեներգիչ Արթիւր Պաղտասարեան այս շրջանին օտար երաժշտասէրներու ալ սիրտը կը գրաւէ իր տպաւորիչ ձայնով։ Իսթանպուլի ֆիլարմոնիի միութեան «Ռէյ» համոյթը շաբաթավերջին մասնակցութիւն բերաւ Հարաւային Մակեդոնիայի Օհրիտ քաղաքի ամառնային երաժշտութեան փառատօնին, որ այս տարի 65-րդ անգամ կազմակերպուեցաւ։ Հարուստ աւանդութիւններով այս փառատօնի շրջանակներէն ներս, քաղաքի Ս. Սոֆիա եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Ռէյ» համոյթի համերգը, որու ընթացքին երաժշտասէրները ունեցան բացառիկ ապրումներ։
Համերգի պատուոյ հիւրերն էին Հարաւային Մակեդոնիայի նախագահ Քորթանա Սիլեանովսքա Տաւքովէ, փառատօնի ղեկավար Թեմփնոր Կէորկի Չուչքովսքի եւ Իսթանպուլի ֆիլարմոնիի միութեան նախագահ Աթիլլա Թունա։ Յայտագիրը անուանուած էր՝ «Կովկասէն դէպի Պալքաններ»։ Բոլոր երաժշտասէրները բացառիկ հաճոյքով հետեւեցան համերգին, որու երգացանկին մէջ ընդգրկուած էին նաեւ Կոմիտասէն, Առնօ Բաբաջանեանէն, Մուամէէր Սունէն, Աշուղ Վէյսելէն ստեղծագործութիւններ։ «Ռէյ» համոյթին մաս կը կազմեն՝ Իրէմ Պիւշրա Պայըր (մեցցոսոփրանօ), Շենիզ Էրտինչ (սոփրանօ), Պերք Էօզպէք (թենոր), Արթիւր Պաղտասարեան (պարիթոն) եւ Ալփէր Աքկիւլ (դաշնամուր)։