ԱՐՁԱՆԸ

Լրատուական մեր աշխարհը ողողուեցաւ Երեւանի մէջ Ազնաւուրի արձանին բացումով։ 

«Ողողուիլը» քիչ է, անշուշտ, այս պարագային ու հաւանաբար իմ գիտցած միւս հոմանիշներն ալ՝ «յորդիլը», «հեղեղիլը» բաւարար չեն եղածը նկարագրելու։ 

Գիտեմ, նորութիւն մը չէ՛ր այս հեղեղը։ Լաւ թէ՛ վատ, դրական թէ՛ բացասական ըլլայ պատահածը՝ այս է ըլլալիքը եւ ինչ խօսք, որ մեզ ուղղող ու առաջնորդող «խելացի» մեր հեռաձայններն ալ չեն զլանար այս հեղեղը բազմապատկելու։ 

Սկիզբէն ըսեմ. Հայաստանի Հանրապետութեան՝ Շարլ Ազնաւուրը գնահատելու ձեւին, անոր քանդակուած յուշարձանին, մանրամասնութիւններուն, գոյնին, չափին, ձեւին, ձեռքերուն, զետեղուած տեղին, տեղի ունեցած միջոցառումին վերաբերող անդրադարձ մը չէ՛ գրածս։ 

Երբե՛ք։ 

Ասկէ՞ ազնիւ, շնորհապարտ ու պատուաբեր արարք։ 

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Հերոս մըն է Շարլ Ազնաւուրը եւ եղածը ըլլալիքին նուազագոյնն էր, է՛ անոր համար։ Ճի՛շդ է, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային հերոսներուն վերաբերող ուիքիփետիայի գրառման մէջ «ֆրանսահայ շանսոնիէ» գրուած է Ազնաւուրի անուան դիմաց եւ սխալ ալ չէ՛, անշուշտ, թերեւս ալ ուիքիփետիային դիմող չգիտցողի մը համար առիթ է մտածելու, որ աղիւսակի միւս անուններուն՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, վարչապետին, Ազգային ժողովի նախագահին, զինուորականին, գործարարին կողքին ի՛նչ, ինչեր կրնայ ըրած ու «Ազգային Հերոս»ի կոչումին արժանացած ըլլալ ֆրանսահայ այս շանսոնիէն։

Հպարտալի այս օրուան առիթով ԿԳՄՍ-ի, աշխարհի ոչ մէկ երկրի մէջ նմանը չունեցող զարմանահրաշ մեր նախարարութեան, մեր նախարարին, Երեւանի քաղաքապետին եւ հոն ելոյթ ունեցողներուն սրտի խօսքերը լսեցի։ Ազնաւուրի որդին յուզուած էր, որ իր նախասիրած հիւրանոցին պատշգամէն յաճախ դուրս նայող Շարլ Ազնաւուրը այլեւս միշտ հոն պիտի ըլլար… 

Իր տղուն ձեռքը բռնած որդին անկեղծ էր, զգացի, բայց արձանը մէկ դի՝ ես երբեք չկրցայ պատկերացնել, որ ա՛յսօր, ա՛յս օրերուն, ա՛յս պահերուն, Ազնաւուրը Երեւանի ա՛յդ հրապարակին մէջ կամ ա՛յլուր կրնայ ըլլալ։ 

Զիրար ամբողջացնող, «փազըլ»ի մը յարմար ելեւէջներ չեն այս երկուքը։ 

Սրտիս զարկերը չարագացան։ Դիտածս, լսածս, ընկալածս զիս չյուզեց։ Քիչ մը հեռու, բեմին վրայ շարուած մանուկներուն մաս-մաքուր ձայներուն սպասեցի, անոնց խանդավառութեամբ տեղադրած կարմիր վարդերը հաշուեցի, մէջս յոյսով տոգորուեցաւ, բայց այս բոլորին պէտք չունէի Ազնաւուր իրողութիւնը վերապրելու համար ես։ 

Գիտեմ, շատո՜նց ծանօթ եմ Սայաթ Նովայի երգերուն մեծ սիրահար՝ գաղթական Միշային եւ Քնարին մանչին՝ Վաղինակին եւ անոր մինչեւ համաշխարհային ճանաչում երկարող դժուար, ինքնակերտ ճանապարհին։ Թերագնահատումը, քմծիծաղը, կտրուած սիրտն ու թեւերը միշտ համբերութեամբ ու կամքով յաղթահարած Ազնաւուրին ի՛նչ տեսակի հազուագիւտ կատարող եւ ի՛նչ որակի նախ մարդ յետոյ՝ հայ ըլլալը շատ լաւ գիտեմ ես։ 

Մատովս սահեցուցի այդ արձանին բոլոր լուրերն ու նկարները եւ գացի դէպի եութիւպը՝ սքանչելագործ. ինծի հրաշալի վայրկեաններ պարգեւող այս ոսկեդարանին մէջ Ազնաւուրին շատ յաճախ դիտածս, սեւ ու սպիտակ տեսագրութեամբ «La Boheme»ը բացի ես։ Ձայնը անջատեցի եւ սրտովս դիտեցի իր միա՛յն աչքերով ու ձեռքի թաշկինակով կատարած, ամբողջական ներկայացումի մը վերածուած կախարդական այս երգը։ Թաց աչքերուն մէջի վսեմ ցաւը, տխուր ժպիտին ետեւի տառապանքն ու կատարման աւարտին գետին նետուած այդ թաշկինակին հետ, մարդու մը «ճմռթկուած» հոգիին ծալքերուն մէջ պահուած բոլոր վիշտը, ցասումն ու տրտունջը զգացի ես։ 

Ձայնը անջատուած ձգեցի, շատո՜նց ականջներով չեմ լսեր ես։ 

Աթոռի մը վրայ նստելով կատարուած «Happy Anniversary»ն, մութ բեմին վրայ ինքնիրեն փաթթուած երգող եւ «In the old fashioned way» պարող մարդը դիտեցի ես. ողջ, կենդանի, իսկապէս գրկախառնուած զոյգի մը չհաղորդած իրական սէրն ու կրքոտ տենչը զգացի։

Մարդ ըլլալու, ա՛յլ մարդու մը կատարեալ ստեղծագործութիւնը վայելելու առիթն ու կարողութիւնը ունենալու հաճոյքը ըմբոշխնած՝

Լացի եւ լուրերը հեղեղած Ազնաւուրին արձանը ամբողջովին մոռցայ ես։ 

Վաղը նորէն կը լսեմ, կը դիտեմ անձայն ու ձայնով։ Նորէն կ՚ապրիմ մարդկային այս առեղծուածը՝ անգերազանցելի։

Արձանը ձեզի՝ իմ Ազնաւուրս ունիմ ես։

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Գահիրէ

Երկուշաբթի, Յուլիս 21, 2025