ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԳԻՆԵՁՕՆ

Սփիւռքահայ յայտնի գործիչ, բարերար ու գործարար Կիրակոս Գույումճեանի նոր գիրքին շնորհանդէսը երէկ երեկոյեան Երեւանի մէջ համախմբեց խումբ մը գրասէրներ, որոնք համախմբուած էին աշխարհի զանազան երկիրներէն։ Կիրակոս Գույումճեան, որ կը բնակի Քուէյթի մէջ, վերջերս հրատարակած է «Յուշագրական պատառիկներ» գիրքը, որուն համար երէկ գինեձօն մը կազմակերպուեցաւ Երեւանի «Քոնկրես» պանդոկի «Փիքասսօ» սրահի երդիքին տակ։ 

Հայաստանի Գրողներու միութեան հովանաւորութեան ներքեւ կազմակերպուած էր այս ձեռնարկը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Երեւանի մօտ Սուրիոյ դեսպան Նորա Արիսեան եւ Քուէյթի դեսպան Մուհամմէտ Թարըք Ալի էլ-Օրաիֆան։ Կիրակոս Գույումճեան եւ ընտանիքի անդամները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին ներկաները, որոնք ողջունեցին այս նոր գիրքի հրատարակութիւնը։ Հանդիսութեան բացման հանդէս եկաւ Ռիթա Կաղեան, որ հանդիսավարի դերը ստանձնած էր։ Կիրակոս Գույումճեանի կենսագրութեան ներկայացումէն վերջ, Պերճուհի Աւետեան հպանցիկ ակնարկով մը ծանօթացուց նոր գիրքը։ Անի Թորանեան Գույումճեանի գործէն հատուածներ ընթերցեց, իսկ աւելի վերջ գործն ու հեղինակը զանազան երեսակներով ծանօթացուց Տիգրան Գաբոյեան, որ Կիրակոս Գույումճեանի հետ կը համագործակցի գիրքերու հրատարակութեան պարագային։ Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Էտուարտ Միլիտոնեանի ողջոյնի խօսքէն վերջ յայտագիրը շարունակուեցաւ երաժշտական բաժնով մը։ Սոֆի Ստեփանեան թաւջութակի կատարումներով, իսկ Արամ Խաչատուրեան մեներգով մասնակցութիւն բերին ծրագրին։

Տեսակապով հեղինակը շնորհաւորեցին Պէյրութէն՝ «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան եւ Անթիլիասի Կաթողիկոսարանի Հայագիտական կեդրոնի տեսուչ Ահարոն Շխրտմեան։ Այս վերջիններուն առընթեր, Հալէպի «Գանձասար» թերթի խմբագիր Զարմիկ Պօղոսեան եւս տեսակապով միացաւ ծրագրին։

Եզրափակիչ փուլին ելոյթի հրաւիրուեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան, որմէ վերջ Կիրակոս Գույումճեանն ալ հանդէս եկաւ շնորհակալութեան խօսքով մը։

Յայտագրի գործադրութենէն վերջ տեղի ունեցաւ գինեձօնի խորհրդանշական պահը։ Այս փուլին Կիրակոս եւ Սիլվա Գույումճեան ամոլին միացաւ Տ. Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան, որոնք կատարեցին այդ խորհրդանշական ծէսը։ Ապա Կիրակոս Գույումճեան մակագրեց իր գիրքերը ներկայ ընթերցասէրներուն համար, որոնք արտայայտեցին իրեն նկատմամբ համակրանքը, խրախուսանքը՝ մանաւանդ, որ ան կ՚արտադրէ արեւմտահայերէնով եւ դասական ուղղագրութեամբ։

Այս բոլորէն վերջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին Կիրակոս Գույումճեանի հետ ջերմ զրոյցը շարունակուեցաւ։ Ներկաները անմիջական մթնոլորտի մէջ իրարու հետ կարծիքի փոխանակումներ ունեցան եւ հերթական անգամ շնորհաւորեցին Կիրակոս Գույումճեանը՝ իրեն մաղթելով նորանոր ձեռքբերումներ ու մանաւանդ՝ մշտադալար գրիչ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 22, 2025