ԿՂԶԻԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆԻ ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ԵՐԵԿՈՅԹ

Գնալըի բարձուքին երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ համայնքային աւանդական ամրան մարզական փառատօնի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որու պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի, Գարակէօզեան տան Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի եւ Շիշլի մարզակումբի վարչութեան համագործակցութեամբ կեանքի կոչուած այս աւանդական ծրագիրը ձօնուած էր Պատրիարքական Աթոռի երջանկայիշատակ գահակալ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի յիշատակին։ Փառատօնի շրջանակներէն ներս նոր սերունդը թէ՛ մարզական եւ թէ մշակութային ձեռնարկներով վերջին օրերուն ապրեցաւ մեծ խանդավառութիւն։ Եզրափակիչ փուլին ալ այդ ոգեւորութիւնը հասաւ գագաթնակէտին՝ մինչ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ցուցաբերած ուշադրութեան եւ հովանաւորութեան համար։ Նորին Ամենապատուութիւնն ալ տուաւ իր պատգամը՝ նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն յորդորելով ըլլալ համախումբ եւ միասնական, սնուիլ մեր արժէքներէն, որոնք կը պայմանաւորեն նաեւ նոր սերունդի դիմագիծը։

Մարզական փառատօնի աւարտին բոլորը ծափահարեցին իրարու յաջողութիւնները եւ ձեռքբերումները՝ ժամադրուելով յաջորդ տարուան նախաձեռնութեան համար։

Շաբաթ, Յուլիս 26, 2025