ՊԱՅԾԱՌԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆ

Յիսուս Քրիստոսի մանկութեան, պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան կեանքի բոլոր այն յիշատակները՝ որոնք արձանագրուած են Աւետարանի պատմութեան մէջ, ամփոփուած են Աստուածայայտնութեան եւ յարակից տօներու խմբութեան մէջ։

Մեր Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի հրապարակային կեանքի իբր երեք տարուայ շրջանը գրաւոր քարոզութիւններուն, արարքներուն, բժշկութիւններուն եւ հրաշքներուն յիշատակները, առանց ուրոյն եւ յատուկ տօներու՝ յառաջ կը բերուին ամբողջ տարւոյ ընթացքին եւ յատկապէս կիրակի եւ պահոց լուր օրերուն, եկեղեցական պաշտամունքներու միջոցին կարդացուած աւետարական եւ այլ սուրբգրային հատուածներով։

Ասոնց մէջ բացառութիւն կը կազմէ մի միայն «Այլակերպութիւն»ը՝ որ «Պայծառակերպութիւն» կոչումով եւ աւանդաբար «Վարդավառ» անունով կը տօնուի յատկապէս։

Քրիստոսի քարոզութիւններու երրորդ տարիի ամրան տեղի ունեցած այդ տնօրինական դէպքը՝ զոր յոյներ եւ լատիններ կը տօնեն օգոստոս 6-ին, Հայոց Եկեղեցին՝ աւանդութենէն Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի վերագրութեամբ՝ նախապէս կը տօնէր Հայոց տոմարի՝ ցուցակ-տօնացոյցի տարեգլուխին, այսինքն՝ Նաւասարդ ամսու առաջին օրը՝ որ կը զուգադիպէր օգոստոս 11-ին։

Հաւանական է, որ այս կարգադրութեան նպատակը եղած ըլլայ հակադրել եւ հակազդել հեթանոսական այն մեծ տօնին, որ իբրեւ ամանորի աշխարհախումբ, այսինքն մարդոց մեծ բազմութեամբ հանդիսաւորութիւն՝ կը կատարուէր Աշտիշատի մէջ եւ անկէ ոչ շատ հեռու Իննակնեան մեհեանին շուրջը՝ յետոյ Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանք, ուր էին հայկական հեթանոսութեան գլխաւոր սրբարանները՝ մեհեաննեը։

Աւելի վերջի շրջաններուն, երբ Մովսէս Բ. Եղիվարդեցի Կաթողիկոսի (574-604 թթ.) ձեռքով Հայ տոմարի նորոգութիւնը կատարուեցաւ 551 թուականին, այս տօնին կատարման ժամանակն ալ փոփոխութեան ենթարկուեցաւ, եւ, նկատելով որ օգոստոսի մէջ սկսած էր կատարուիլ ուրիշ մեծ տօն մը, Ս. Աստուածածնի Վերափոխումը, Պայծառակերպութիւնը՝ Վարդավառը բաժնուեցաւ Նաւասարդի ամանորական Օրէն, եւ, իբրեւ տնօրինական յիշատակ, կապուելով Յարութեան տօնին, աւելի առաջ տարուելով փոխադրուեցաւ Զատիկէն 14 շաբաթ, կամ 98 օրեր ետքը հանդիպող կիրակիին (եւ այս տարի՝ 27 յուլիս, կիրակի) եւ այսպէս, զատկական շրջանին մէջ մտնելով, շարժական տօներուն կարգը անցաւ, Զատկի տօնին նման տեղափոխուելով երեսուն եւ հինգ օրերու շարքի մը վրայ՝ յունիս 28-էն մինչեւ օգոստոս 1։

Քրիստոնէական տօնը թէեւ այսպէս բաժնուեցաւ հեթանոսականէն, որ այդ միջոցին գրեթէ բոլորովին նուազած էր արդէն, բայց շարունակեց մինչեւ այսօր պահել անոր անուան «Վարդավառ» կցորդութիւնը եւ ինչ ինչ սովորութիւնները, այսինքն վարդերով կամ ծաղիկներով զարդարուելու, իրարու վրայ ջուր սրսկելու, աղաւնի թռցնելու գործողութիւնները՝ որոնք իսկապէ՛ս հայկական հին դիցապաշտ բարքերու վերջամնացութիւններ են, թէեւ քրիստոնէական բարեպաշտութիւնը սիրեց յետոյ անոնց մէջ տեսնել աստուածաշնչական հին աւանդութիւններու, այսինքն Ջրհեղեղի եւ Նոյեան աղաւնիի, եւ այլն…, իրողութիւններու մնացորդներ։ 

Այլակերպութեան կամ Պայծառակերպութեան կամ Վարդավառի տօնը Հայոց Եկեղեցին կը կատարէ երեք օրերու հանդիսաւորութեամբ, բացի Նաւակատիքի նախընթաց շաբաթ օրէն։

Հայոց Եկեղեցւոյ հինգ գլխաւոր տօներուն կամ «տաղաւար» տօներուն երրորդն է այս տօնը, եւ այս իսկ պատճառաւ երկրորդ օրուան երկուշաբթին «մեռելոց յիշատակ»ի օր է։

Պայծառակերպութիւնը՝ Յիսուս Քրիստոսի որպէս Լո՛յս յայտնութեան տօնն է…

Շնորհաւո՜ր բոլորիս…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յուլիս 25, 2025, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Յուլիս 26, 2025