ԵԹԷ ԿՐՆԱՍ ՍՈՐՎԵՑՈՒՐ…

«Թող ան համբերութիւն ունենայ խիզախ ըլլալու»։ Աշակերտական կեանքին համար համբերութիւնը կարեւոր է, որովհետեւ աշակերտը շատ բան կ՚ուզէ ձեռք բերել եւ ակնթարթի մը մէջ, սակայն կեանքը ամէն բան անմիջապէս չի տարմարդուն: Աշակերտին տրուելիք մեծագոյն դաստիարակութիւններէն մէկը այն է, որ նպատակի մը իրականացումը ջանքեւ ժամանակ կը պահանջէ   եւ յաջողութեան ընթացքին անբաժան մէկ մասն է համբերութիւնը, որ կը զարգացնէ ներքինտոկունութիւնը եւ դժուարութիւններու ու մարտահրաւէրներու հանդէպ դիմադրողականութիւն մը կը ստեղծէ: 

Համբերութեան ուսուցումը աշակերտին կ՚օգնէ նաեւ իր ապագայ կեանքին մէջ. կը սորվեցնէ անոր հեռու մնալմրցակցութենէն, որովհետեւ յաջողութիւնը նպատակ մըն է, որ կրնայ ձեռք բերուիլ որեւէ տարիքի եւ որեւէ ժամանակ. այս գիտակցութիւնը ուժ կու տայ, որպէսզի նպատակներուն հասնելու ճամբուն ընթացքին չյուսահատի ու չհրաժարի իրնպատակներէն, որովհետեւ մարդուն նպատակը ո՛չ թէ շուտ յաջողիլ է, այլեւ՝ յաջողիլ: Ձախողութիւններուն ուսպասուած յաջողութեան միջեւ եղած համբերութիւնն է, որ կը բարելաւէ մարդկային յարաբերութիւնները: Համբերութեան գիտակցութիւնը եւ յաջողութեան մէկ օրէն ձեռք չբերելու գիտակցութիւնը առիթ կու տայ մարդուն շատաւելի առողջ որոշումներ կայացնել: 

Խիզախութիւնն ու համբերութիւնը իրարմէ անբաժան են, որովհետեւ համբերութիւնը ինքնին խիզախութիւն կըպահանջէ։ Մարդիկ յաճախ կը կարծեն, որ քաջութիւնը գործողութիւն ընել է. շատ աւելի մեծ քաջութիւն էհամբերութիւնը. Արիստոտել կ՚ըսէ. «Քաջութիւնը բոլոր առաքինութիւններուն մայրն է, որովհետեւ առանց քաջութեանմենք չենք կրնայ հետեւիլ առաքինութեան». եւ վստահաբար, առաքինութիւն է նաեւ համբերելը: Շատեր կը կարծեն, որհամբերութիւնն ու քաջութիւնը հականիշ բառեր են. կը կարծեն քաջը ան է՝ որ համբերելու փոխարէն կը գործէ. այսպէսկը հաւատան, որովհետեւ համբերութիւնը կը տեսնեն որպէս սպասում, իսկ քաջութիւնը՝ գործողութիւն եւիրականութեան մէջ սպասողն ու գործողը իրարու հակառակ են: Մենք կը հաւատանք, որ այդպէս չէ, որովհետեւ ճշմարիտքաջութիւնը իր մէջ ունի համբերութիւն, տոկունութիւն եւ յամառութիւն: Միշտ չէ, որ քաջութիւնը բան մը ընել է. քաջութիւն է օրինակ չհրաժարիլը եւ այդ մէկը համբերութեան մաս կը կազմէ. համբերութեան ճամբով է, որ մարդ իրնպատակներուն հասնելու ճամբուն վրայ վախը կը մեղմէ եւ մարդուն առիթ կու տայ վերապատրաստը-ւելու եւ աւելիխելամիտ գործելու: 

Համբերութեան կողքին խիզախութիւնը ունի իր յատուկ տեղն ու կարեւորութիւնը։ Ուսման ընթացքին աշակերտըպիտի հանդիպի սխալներու, ականատես պիտի ըլլայ որոշ անարդարութեանց եւ այդ մէկը զինք յուսահատութեան կրնայառաջնորդել: Եթէ աշակերտը ունենայ խիզախութիւն, այդ պարագային չի՛ վախնար սխալելէ. միակ բանը, որ դպրոցըմերօրեայ աշակերտին չի փոխանցեր՝ սխալելէ չվախնալն է. մեր մօտ «սխալիլ» ու «ձախողիլ» հասկացողութիւնըամբողջութեամբ սխալ պատկեր մը ունի. աշակերտները պէտք է հասկնան, որ ձախողիլը եւ սխալիլը սխալ չէ. սխալ էսխալը գիտնալով հանդերձ անոր մէջ մնալը։ Համբերութեան ու խիզախութեան մէջ աշակերտը պէտք է սորվիինքնավստահութիւն ունենալ։ Նախորդ յօդուածներու մէջ տուինք թռչունին օրինակը. կը սխալի, կը ձախողի, սակայն, երբեք չի յուսահատիր: Տկար մարդը իր առաջին ձախողութեան դիմաց կը յուսահատի, սակայն, համբերատարն ուխիզախը իր սխալներն ու ձախողութեան պատճառները վերատեսութեան ենթարկելով՝ կը փորձէ կրկին ու կրկին՝ մինչեւհասնի իր նպատակին եւ յաջողութեան: Այս ուսուցումը աշակերտական տարիներէն երբ տրուի, մաս կը դառնայ անորնկարագրին եւ ամբողջ կեանք մը կը բարելաւէ: 

Լէօ Թոլսթոյ կ՚ըսէ. «Ամէն մեծ բան կը պահանջէ ժամանակ եւ համբերութիւն»։ Հետեւաբար եթէ այսօր մէկը յաջողէ իսկ ուրիշը ձախող՝ յուսահատութեան պատճառ մը չէ. այսօր մեր մէջ գոյութիւն ունին շատ «յաջողներ», ինչպէս նաեւշա՜տ ձախողներ. տասնամեակ մը ետք այդ ձախողներէն շատեր պիտի դառնան յաջողներ, իր ներկայ «յաջող»ներէն շատեր՝ձախողներ, որովհետեւ յաջողութիւնը եւ ձախողութիւնը վերջնական քարացած «յուշանուէր» մը չէ, որ տրուած էմարդուն։ Այն պայքարը, զոր անոնք կը մղեն յաջողութեան հասնելու՝ համբերութիւն ու խիզախութիւն կը պահանջէ: 

Առ այդ, ուսուցիչին պարտականութիւնն է տալ հետեւեալ դասը. «Կեանքիդ մէջ երբեք մի՛ վախնար դանդաղյառաջանալէ. վախցիր յուսահատելէ եւ կանգ առնելէ: Ամէն օր սորվէ, քիչ քիչ աճէ ու յառաջացիր, որովհետեւ նպատակըարագ հասնիլը չէ՝ այլ խիզախութեամբ ու համբերութեամբ հասնիլն է: Համբերութեամբ, խիզախութեամբ եւ հաւատքովկրնաս հասնիլ նպատակիդ»։ Եւ այս ուսուցման մէջ կարեւոր է ցոյց տալ նապաստակին եւ կրիային օրինակը. նապաստակը արագ է, սակայն ցրուած. կրիան կամաց է՝ սակայն նպատակասլաց. կրիան իր նպատակներուն շատ աւելիշուտ կը հասնի՝ քան նապաստակը:

•շարունակելի…

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Վատ գնահատական ստացող աշակերտը պէ՞տք է նախանձի բարձր գնահատական ստացողին:

Պատասխան. Վատ գնահատական ստացող աշակերտը պէտք չէ նախանձի բարձր գնահատական ստացող աշակերտին, այլ պէտք է զինք ընդունի որպէս օրինակ եւ մղիչ ուժ սեփական յառաջընթացի համար: Նախանձը կրնայ կործանարար ըլլալ եւ վերածուիլ թշնամանքի: Պէտք է աշակերտը դաս եւ ուժ քաղէ անկէ եւ համոզուի, որ աշխատասիրութեամբ ու ջանքով կարելի է հասնիլ յաջողութեան: Ուրիշի յաջողութեան հանդէպ ճիշդ վերաբերումը կրնայ հիմք դառնալ սեփական յաջողութեան:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂ­ԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Օգոստոս 4, 2025