ՀԲԸՄ-Ի «ԲԱՑԱՅԱՅՏԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ» ԾՐԱԳՐԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) «Բացայայտէ Հայաստանը» ծրագրին մասնակից սփիւռքահայ երիտասարդները շաբաթավերջին այցելեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր հիւրընկալուեցան Վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեանի կողմէ։ Հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբազնութիւնը երիտասարդներուն փոխանցեց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները։ Ան կարեւորեց նոր սերունդի ներկայացուցիչներու այցելութիւնները Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ինչ որ լաւագոյն հնարաւորութիւնն է ճանչնալու եւ բացայայտելու երկիրը։ Նորին Սրբազնութիւնը երիտասարդներուն յորդորեց ըլլալ ՀԲԸՄ-ի բարի աւանդութիւններու շարունակողը, զօրացնել իրենց հաւատքը, սէրը առ Հայաստան եւ Մայր Եկեղեցին։ Ան յորդորեց Հայաստանի տպաւորութիւնները փոխանցել հասակակիցներուն եւ ընկերներուն, որպէսզի անոնք եւս ապագային այսպիսի այցելութիւններ իրականացնեն։ 

Վերջաւորութեան սրբազանը պատասխանեց երիտասարդներու հարցումներուն։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 4, 2025