ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԴՊՐՈՑԻ ՀԻՄՔԻՆ ԱՄՐԱԿԱՅՈՒՄԸ ԿԸ ՏՕՆԱԽՄԲԷ
Թոփգաբուի ընտանիքը երէկ ապրեցաւ յատկանշական օր մը։ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի կայուն եւ յարատեւ գործունէութեան համար տասնամեակներէ ի վեր ներդրուած անսակարկ ջանքերուն տեսակէտէ առանցքային իրադարձութեան մը տօնախմբութեան համազօր էր երէկուան հաւաքոյթը, որ համախմբեց համայնքային շրջանակները։ Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Սուճուեան եւ գործակից ընկերները, Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան եւ Թոփգաբուի ընտանիքէն բազմաթիւ պատասխանատուներ այս առթիւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրասիրեցին բոլոր ներկաները։
Հարկ է նշել, որ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի շէնքը այս շրջանին երկրաշարժի դէմ դիմադրունակութեան երաշխաւորման նպատակով վերանորոգման ենթարկուած է։ Ամրակայման աշխատանքները միջոցէ մը ի վեր կը կատարուին թափով։ Անցեալ կրթական շրջանի աւարտին անմիջապէս գործը սկսած է եւ ներկայիս արդէն անոր առիւծի բաժինը աւարտած կը համարուի։ Թաղային խորհուրդը կը նախատեսէ նոր կրթական շրջանին հասցնել դպրոցը, որպէսզի ամէն ինչ դարձեալ պատրաստ ըլլայ աշակերտները ընդունելու համար։ Ատենապետ Նուրհան Սուճուեանի գլխաւորած թաղային խորհուրդին այս վճռակամութիւնն ու հետեւողականութիւնը համատարած գնահատանքի արժանացած է համայնքային շրջանակներէն ներս։ Արդարեւ, մեր վարժարաններու երկրաշարժի դէմ դիմադրունակութեան խնդիրը երկար ժամանակէ ի վեր համայնքային շրջանակներէն ներս խոր մտահոգութեան առարկայ կը դառնայ։ Այս պայմաններուն ներքեւ, իսկապէս սահմանափակ միջոցներով հանդերձ, Թոփգաբուի ընտանիքը վճռակամութիւնը ունեցած է դպրոցի շէնքի ամրակայումը իրականացնելու։ Կարճ խօսքով, սա Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տեսակէտէ անկիւնադարձային նախաձեռնութիւն մըն է եւ անոր գործունէութեան ապագային տեսակէտէ կը համարուի կարեւոր հիմնաքար մը։
Թոփգաբուի ընտանիքը երէկ մանրամասնօրէն համայնքային շրջանակներուն ծանօթացուց դպրոցի շէնքի պարագային առնուած բազմակողմանի քայլերը։ Սա, միեւնոյն ժամանակ, յարմար առիթ մըն էր՝ երախտագիտութեան տուրք մատուցելու համար բոլոր անոնց, որոնք ներգրաւուած են այս կարեւոր նախագիծին։
Միւս կողմէ, երէկուան հաւաքոյթը առիթ հանդիսացաւ դիմաւորելու համար մեր համայնքի երիտասարդ ուսանողներէն Ռոնի Քոլուքըսաեանը, որ ի զօրակցութիւն Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին Ֆրանսայէն դէպի Թոփգաբու հեծանիւով ուղեւորութիւն մը իրականացուց։ Ան երէկ հասաւ Թոփգաբու եւ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի մուտքին հիւրերու կողմէ ծափահարութիւններով եւ գնահատանքով դիմաւորուեցաւ՝ քանի իր այս եզակի շարժումը կը հետապնդէր նաեւ զօրակցութեան կոչ մը ուղղելու նպատակը՝ ի նպաստ դպրոցին, որու ամրակայման աշխատաքներու ի կատար ածման համար անհրաժեշտ է համայնքին աջակցութիւնը։