ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ
Գոհունակութեամբ կը տեղեկանանք, որ Եշիլգիւղի վարժարանի տնօրէնուհի նշանակուած է Տիլարա Ներկիզ Շապճեան։ Սա թէ՛ ողջունելի եւ թէ յուզումնախառն նշանակում մըն է, որովհետեւ նորանշանակ տնօրէնուհին կը յաջորդէ Մելիքճան Զամանին, որու անժամանակ կորուստը խոր յուզում պատճառած էր ամբողջ համայնքին։ Եշիլգիւղի ընտանիքն ալ ցնցում ապրած էր այդ կորուստով, իսկ ներկայիս մխիթարութիւն կապրի՝ ի տես արժանաւոր յաջորդի մը նշանակման։
Տիլարա Ներկիզ Շապճեան 2013 թուականէն ի վեր կը պաշտօնավարէ Եշիլգիւղի վարժարանին մէջ։ Ան՝ որպէս անգլերէնի ուսուցչուհի առաքելութեան ձեռնարկելէ վերջ, ստանձնած է նաեւ վարչական պատասխանատուութիւն։ 2022 թուականէն ի վեր կոչուած էր՝ դպրոցի համակարգման պաշտօնին։ Գնահատելով այս բոլորը՝ Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը Շապճեանին վստահած է տնօրէնուհիի պաշտօն։
1982 թուականին Իսթանպուլի մէջ ծնած Տիլարա Ներկիզ Շապճեան Էսաեան վարժարանը աւարտելէ վերջ յաճախած է Մարմարա համալսարանի անգլերէնի ուսուցչութեան բաժինը։ Մագիստրոսութեան աստիճան ստացած է՝ մասնագիտանալով կրթութեան ոլորտի կառավարման եւ հակակշռման ուղղութեամբ։
Կը շնորհաւորենք նորանշանակ տնօրէնուհին, որուն կը մաղթենք յաջողութիւն։