ՑԱՒԻՆ ԵՒ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ
Մարդկային ապրումները միշտ ալ եղած են խառն եւ հակասական: Ցաւը եւ երջանկութիւնը, իբրեւ երկու ծայրայեղ զգացումներ, աւանդաբար դիտուած են որպէս իրարու հակադիր երեւոյթներ: Սակայն արդի հոգեբանութիւնը, փիլիսոփայութիւնը եւ ընկերաբանական հետազօտութիւնները կը հաստատեն, թէ այս երկու վիճակները երբեմն խոր կերպով կապուած են իրարու: Ժամանակակից աշխարհին մէջ, ուր արագ փոփոխութիւնները, առօրեայ ճնշումները եւ անհատական յոյզերը անընդհատ կը բախին, անհրաժեշտ է վերարժեւորել ցաւի եւ երջանկութեան փոխյարաբերութիւնը:
Մարդիկ յաճախ երջանկութիւն կը փնտռեն՝ մտածելով, որ զայն կրնան գտնել առանց ցաւ զգալու։ Սակայն կեանքի իրականութիւնը այլ է։ Ցաւը անբաժանելի մասն է մարդկային գոյութեան։ Ժամանակակից հոգեբաններու վերլուծութիւնները կը վկայեն, որ ցաւը ո՛չ միայն անխուսափելի է մարդկային կեանքին մէջ, այլեւ՝ անհրաժեշտ: Կորուստի, բաժանումի, հիասթափութեան եւ դժուարութիւններու պահերը կը կազմեն այն հողը, ուր կը բուսնի ինքնաճանաչումն ու ներքին խաղաղութիւնը։ Երբ մարդ մը փորձառութիւն ունի ցաւի, ան կը զարգանայ։ Մարդիկ յաճախ իրենց խորագոյն ինքնաճանաչումը կ՚ապրին այն ժամանակ, երբ կը ստիպուին դիմագրաւել իրենց ցաւը եւ հասկնալ անոր պատճառները: Իրենց մտքերը կը խորանան, զգացումները կը սրուին եւ ներքին ուժ մը կը զարգանայ։
Երջանկութիւնը ժամանակակից քաղաքակրթութեան մը մէջ, որ միշտ ճնշում կը բանեցնէ «դրականութենէն» եւ «հաստատուն գոհունակութենէն», շատ յաճախ կը վերածուի մակերեսային զգացումի: Բայց իսկական երջանկութիւնը կու գայ այն ատեն, երբ մարդը անցած է ցաւոտ փորձառութիւններէ եւ ունի խոր ըմբռնում իր ապրածի մասին: Ահա թէ ինչո՞ւ բազում մարդիկ կ՚ըսեն, թէ «ցաւ ապրելով՝ ես յայտնաբերեցի, թէ ի՛նչ կը նշանակէ իսկապէս երջանիկ ըլլալ»:
Փիլիսոփաներ ընդգծած են ցաւին անհրաժեշտութիւնը իբրեւ մարդկային գոյութեան եւ արժէքաւոր ապրումներու կարեւոր մէկ մասը: Նիցչէի նշանաւոր ասոյթը՝ «Ինչ որ զիս չի սպաններ՝ կ՚ամրացնէ», կը խտացնէ այս մտածելակերպը: Ըստ Քամիւի, իսկական ազատութիւնը կը սկսի այն պահուն, երբ մարդը կը հաշտուի գոյութեան անհեթեթութեան հետ: Այդ հաշտութենէն՝ նոյնինքն կեանքի հանդէպ ընդունում եւ երջանկութիւն կը ծնի:
Ժամանակակից ընկերութիւններուն մէջ ցաւը եւ երջանկութիւնը ո՛չ միայն անհատական, այլեւ հաւաքական երեւոյթներ են: Երբեմն գաղթականութեան փորձառութիւնը եւ մշակութային վտանգը կը կազմեն հաւաքական ցաւ մը: Բայց միեւնոյն ժամանակ, այդ ցաւէն ծնած համերաշխութիւնը, մշակոյթի պահպանումը եւ ինքնութեան վերարժեւորումը՝ կրնան հանդիսանալ երջանկութեան աղբիւրներ:
Շատ յաճախ երջանկութիւնը կը զգանք միայն այն ատեն, երբ նախապէս ապրած ենք ճնշում, ապագայի անորոշութիւն կամ վախ։ Այս զգացումները մեզ կը մղեն աւելի խոր գնահատելու խաղաղ ու ուրախ պահերը։ Անոնք կը սորվեցնեն մեզի, որ երջանկութիւնը վիճակ չէ միայն, այլ պահու մը գիտակցումը. այն պահուն երբ կը գտնուինք ներկայութեան մէջ՝ հասկնալով, որ կեանքը կարճ է եւ ամէն վայրկեան արժէք ունի։
Ժամանակակից մշակոյթը՝ մա՛նաւանդ ընկերային ցանցերու ազդեցութեամբ, մեծ ուշադրութիւն կը հրաւիրէ մշտական երջանկութեան պատկերի մը։ Սակայն այդ պատկերը՝ մշտապէս ժպտացող, յաջող եւ անփորձ ցաւի, միայն մակերեսային է։ Այս պատկերին ետին յաճախ կու գան խոր դատարկութիւն եւ ճնշումներ։ Այս պատճառաւ, պէտք է վերարժեւորել մեր մտայնութիւնը։ Ցաւին նկատմամբ ըլլանք աւելի ընդունողական եւ հասկնանք, որ առանց անոր՝ երջանկութիւնը կ՚ունենայ աւելի տկար իմաստ։
Սա չի նշանակեր, թէ պէտք է փնտռենք ցաւը՝ երջանկութեան հասնելու համար։ Այլ՝ ընդունինք, որ ցաւն ալ մէկ մասն է ճամբուն։ Երբ կը հանդիպինք դժուարութիւններու, փոխանակ փախչելու՝ փորձենք լսել, թէ այդ մէկը ի՛նչ կ՚ուզէ սորվեցնել մեզի։ Կը տեսնենք, որ շատ յաճախ, ճշմարիտ երջանկութեան դռները բացուած են՝ ցաւալի փորձառութենէ մը ետք։
Ցաւը եւ երջանկութիւնը հակադիր չեն, այլ՝ փոխլրացնող են: Յաճախ կը կարծենք, թէ այդ երկու զգացումները իրարու հակադրութիւններն են։ Սակայն ժամանակակից հոգեբանութիւնը եւ փիլիսոփայական մտածումները կը մատնեն, որ ցաւը միայն դժբախտութեան ցուցիչ չէ, այլեւ ճանապարհ՝ աւելի լաւ հասկնալու երջանկութեան խորութիւնը։ Անոնք երբեմն կը սնուին իրարու գոյութենէն, կ՚ամրապնդեն անհատին ինքնագիտակցութիւնը եւ կը խթանեն իր աճը: Ժամանակակից մարդը, որմէ կը պահանջուի շարունակ երջանիկ երեւիլ, պէտք է հասկնայ, թէ իսկական երջանկութիւնը կու գայ այն ատեն, երբ ինք պատրաստ է ընդունելու եւ վերլուծելու իր ցաւերը:
Ի վերջոյ, կեանքը կը կազմուի հակադրութիւններու մէջ. լոյս եւ մութ, ուրախութիւն եւ ցաւ, կորուստ եւ վերագտնում։ Եւ երբ մարդ կը սորվի համակերպիլ այդ հակադրութիւններուն հետ, կեանքը կը ստանայ աւելի խոր իմաստ։ Ցաւը կը դառնայ ո՛չ թէ արգելք երջանկութեան, այլ կամուրջ մը դէպի աւելի իսկական, աւելի ամբողջական ապրում։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ