Երկուշաբթի 11, Օգոստոս 2025
ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՃԱՏՐԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ
Շիշլի մարզակումբի նախաձեռնութեամբ, շաբաթավերջին, Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ ճատրակի մրցաշարք մը, որ կազմակերպուած էր ի զօրակցութիւն Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին։ Այս առթիւ միութեան երդիքին տակ ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն, մրցաշարքի մասնակիցները հանդէս եկան յաջող խաղարկութեամբ։ Ծրագրի ընթացքը վերահսկեց Շիշլի մարզակումբէն Սարվէն Չաքմաք։ Աւարտին, դափնեկիրները ստացան իրենց մրցանակները եւ բոլորը զիրար շնորհաւորեցին այս յաջող մրցաշարքին առթիւ։
Երկուշաբթի, Օգոստոս 11, 2025