ԳՆԱԼԸԻ ՄԷՋ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՔԱՅԼԱՐՇԱՒ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի մասնակցութեամբ, շաբաթավերջին Գնալը կղզիի մէջ տեղի ունեցաւ՝ վերջին տարիներուն աւանդական դարձած համայնքային վարիչներու քայլարշաւը, որ կազմակերպուած էր Շիշլի մարզակումբի նախաձեռնութեամբ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էր Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Մասնակիցներու շարքին էր Իսթանպուլի երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու։ Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ գործակից ընկերները պատրաստութիւնները անթերիօրէն կատարած էին։

Քայլարշաւը սկսաւ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն, մասնակիցները շուրջ մէկ ժամուան ընթացքին կատարեցին կղզիի շուրջբոլորը։ Աւարտին ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին Ալէն Թեքպըչաք եւ Սեւան Սվաճըօղլու։ Նորին Ամենապատուութիւնն ալ այս աւանդական նախաձեռնութիւնը կարեւորեց՝ առողջ ապրելակերպի խրախուսման տեսակէտէ։ Ան բարձր գնահատեց նաեւ Շիշլի մարզակումբի գործունէութիւնը՝ մանաւանդ նոր սերունդը համախումբ պահելու առումով։

Ելոյթներու աւարտին քայլարշաւի մասնակիցները միասնաբար նախաճաշեցին Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 11, 2025