ԳՆԱԼԸԻ ՄԷՋ ՄԻՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Շիշլի մարզակումբի նախաձեռնութեամբ, երէկ, Գնալը կղզիի մէջ տեղի ունեցաւ մինի ֆութպոլի մրցաշարք մը, որ առիթ դարձաւ մեծ ոգեւորութեան։ Այս նախաձեռնութիւնը ձօնուած էր Շիշլիի անմոռանալի երախտաւորներէն ողբացեալ Տիգրան Սարկաւագեան-Արզուեանի յիշատակին։ Ան բոլորին ծանօթ էր «Ռէիս» անուանումով եւ տասնամեակներ շարունակ ակումբին կատարած ներդրումով արդարացուցած էր այդ տիտղոսը։ Որպէս վարչային՝ ան մեծ վաստակ ներդարած էր, իսկ ակումբի ֆութպոլի ճիւղի ռահվիրան կը համարուէր, մինչ եղած էր նաեւ մարզիչ։

Մրցաշարքի ընթացքին Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Ութ խումբի ձեւաչափով վաթսուներկու մարզիկ մասնակցեցաւ մրցաշարքին, որու աւարտին Ալէն Թեքպըչաք յանձնեց դափնեկիրներու մրցանակները։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 11, 2025