ՓԱՐԻԶԻ «Հ. ՍԱՄՈՒԷԼԵԱՆ» ԳՐԱՏԱՆ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ. ԱՃՈՒՐԴԻ ՀԱՆՈՒԱԾ ՀԱԶՈՒԱԳԻՒՏ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆ - ՓՐԿՈՒԱԾ Է ԵՐԵՔ ԳԻՐՔ

Փարիզի Լատինական թաղամասի պատմական շունչով փողոցներէն մէկուն մէջ, երկար տասնամեակներ շարունակ կը գործէր հաստատութիւն մը, որուն անունը ամրօրէն կապուած է հայկական մշակոյթի եւ ընդհանրապէս արեւելեան մտաւոր ժառանգութեան հետ։ «Հրանդ Սամուէլեան արեւելեան գրատուն»ն է, որ հիմնուած է 1930 թուականին՝ Հրանդ Սամուէլեանի (Հրանդ Սամուէլ) ձեռքով եւ ժամանակի ընթացքին դարձած է ո՛չ միայն գիրքերու վաճառատուն, այլեւ կամուրջ՝ Արեւելքի ու Արեւմուտքի միջեւ։ Գրատունը այդ տարիներուն Փարիզի մէջ կազմաւորուող հայ համայնքի, բայց նաեւ գաւառաբնակ ամբողջ հայութեան հանդիպման վայրն էր։ 

«Հրանդ Սամուէլեան» գրատունը երբեք պարզ առեւտրական կեդրոն մը չէր։ Ան եղած է հայ գիրքի, մտքի ու սփիւռքեան յիշողութեան սրբավայր մը՝ միաժամանակ լեցուած բազմալեզու հրատարակութիւններով եւ եզակի նիւթերով։ Այնտեղ դարերու հեռաւորութենէն եկած հայկական ժառանգութիւնը կը հանդիպէր նոր ժամանակներու ձայնին՝ պահելով լեզուի եւ մշակոյթի շունչը։

Սամուէլեան, որ Պոլիսէն Փարիզ գաղթած հայ մտաւորական մըն էր, նիւթական սուղ միջոցներ ունենալով՝ գնած է գրադարանի սեփականատէր, պոլսահայ Պալենցի հին գիրքերու հաւաքածոն, որ դարձած է գրատան հիմքը։

Այդ օրերուն՝ 1920-ականներու վերջերուն, Ֆրանսայի հայկական գաղութը տակաւին նոր կազմաւորուող համայնք մըն էր, որ մարմին կը ստանար հայ գաղթական ընտանիքներու հոսքով։ 

Տարիներու ընթացքին «Սամուէլեան արեւելեան գրատուն»ը հաւաքած եւ ներկայացուցած է Հայաստանին ու հայ մշակոյթին վերաբերող անգին աշխատութիւններ, նաեւ՝ Մերձաւոր, Միջին եւ Հեռաւոր Արեւելքի՝ արաբական, պարսկական, թրքական, հնդկական, չինական ու ճաբոնական մշակոյթներու ուսումնասիրութիւններ։ Հոն կարելի էր գտնել նաեւ Ռուսաստանի, Յունաստանի եւ նոյնիսկ Ափրիկէի մասին հրատարակութիւններ։

Գրատան համբաւը կը տարածուէր աշխարհով մէկ՝ համախմբելով մտաւորականներ, պատմաբաններ, լրագրողներ եւ գիտնականներ։ Բազմաթիւ մեծանուն արեւելագէտներ ու պատմաբաններ անցած են անոր դռներէն։ 

Հիմնադրումէն ի վեր մինչեւ իր մահը՝ 1977 թուականին, գրատան ղեկը իր ձեռքը պահած է Հրանդ Սամուէլ։ 

Անոր մահէն ետք գործը շարունակած են զաւակները՝ Արմէն եւ Ալիս Սամուէլեանները։ Անոնք 1977 թուականէն մինչեւ 2016 թուականը յաջող առաջ տարած են ընտանեկան ժառանգութեամբ ստացած, սակայն, ձեւով մը մտաւորականութեան սեփականութիւնը դարձած հաստատութիւնը։ Երկուքն ալ մահացած են նոյն տարին՝ 2016 թուականին եւ անոնց մահով փակուած է պատմական գրատունը։ 

Սակայն Փարիզի մշակութային քարտէսին վրայ այս գրատան անունը կը մնայ իբրեւ լուսաւոր էջ մը՝ ձուլուած հայ եւ համաշխարհային հրատարակութեան պատմութեան։ 

Առասպելական հաւաքածոյին վերջաբանը՝ աճուրդի սրահին մէջ

Այս տարուայ յունիսի 12-ին, Փարիզի մէջ աճուրդի հանուած էր «Հրանդ Սամուէլեան արեւելեան գրատան» հռչակաւոր հաւաքածոն՝ շուրջ 300 հայկական գիրքեր եւ ձեռագրեր, որոնք կը պատկանէին զանազան ժամանակաշրջաններու։ Այդ մասունքները Աստուածաշունչի հնատիպ տպագրութիւններէն մինչեւ անզուգական ձեռագիր մատեաններ, բառարաններ եւ եզակի տպաքանակով հրատարակութիւններ, կը ներկայացնէին ո՛չ միայն հաւաքորդի մը անձնական գրադարանը, այլեւ՝ հայ գիրքի եւ մշակոյթի սփիւռքեան պատմութեան կարեւոր մէկ էջն էին։ 

Հայաստանի «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանի ղեկավարութիւնը անմիջապէս արձագանգած է հաւաքածոն փրկելու կոչին, որ Հայ գրադարանավարներու եւ արխիւագէտներու միջազգային ընկերակցութիւնը ահազանգով մը տարածած էր անմիջապէս։ Ահազանգին նպատակը յստակ էր՝ փրկել եւ գանձերուն գոնէ մէկ մասը վերադարձնել Հայաստան։ 

Ինչպէս կը վկայէ Մատենադարանի հանրային կապերու բաժնի պետ Էմմա Հոռոփեան, ամիսներ շարունակ փորձուած է կապ հաստատել աճուրդի պատասխանատուներուն հետ՝ քննարկելու նմոյշները աճուրդէն հանելու եւ ուղղակի վաճառք կազմակերպելու հարցը։ Սակայն աճուրդի ընթացակարգի կանոններն ու օրէնսդրական առանձնայատկութիւնները այդ ջանքերը անիրագործելի դարձուցած են։ 

«Իրաւասու անձերը անընդունելի համարեցին ուղղակի վաճառքը, նկատի ունենալով, որ աճուրդի ընթացքին գիները կրնան բազմապատկուիլ։ Միւս խոչընդոտը գրանցման եւ մասնակցութեան հետ կապուած բարդ թեքնիք հարցերն էին թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ արտասահմանեան կողմերէն», նշած է Հոռոփեան։ Այնուամենայնիւ, ան վստահեցուցած է, որ Մատենադարանը կը շարունակէ հետեւողական աշխատանք տանիլ՝ յատկապէս անհատներու հետ համագործակցելով, հայկական ձեռագրերը Հայաստան վերադարձնելու ուղղութեամբ․ «Մատեանները վերադարձնելը մեր գլխաւոր առաքելութիւնն է», հնչած է Մատենադարանէն։

Աճուրդը, որ կազմակերպած է «Gros-Delettrez» աճուրդատունը՝ գրասէրներու, հաւաքորդներու եւ հետազօտողներու առջեւ բացած է բացառիկ ընտրանի մը։ Ներկայացուած 300 նմոյշներէն որոշներուն մեկնարկային գինը կը հասնէր մինչեւ 18 հազար եւրոյի, իսկ անոնց պատմական եւ մշակութային արժէքը դժուար էր թիւով չափել։

Այդ օրը Փարիզի աճուրդասրահին մէջ, կարծէք փակուեցաւ «Հրանդ Սամուէլեան» գրատան պատմութեան վերջին էջերէն մէկը՝ ձգելով սակայն անջնջելի յիշատակ մը այն մասին, թէ ինչպէս սփիւռքի աշխարհագրական կեդրոններէն մէկուն մէջ կարելի էր ստեղծել հայկական հոգեւոր կեդրոն մը, որուն լոյսը կը հասնէր հեռաւոր տեղեր նոյնիսկ։ 

Եւ ահա Մատենադարանէն օրերս լաւ լուր լսուեցաւ․ աճուրդին մասնակցած է Կարապետ Եսայեանի ընտանիքը եւ ձեռք բերած՝ երեք հնատիպ գիրքեր։ 

Յուլիսի 31-ին Եսայեան ընտանիքը այդ գանձերը նուիրաբերած է «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանին։ 

Այս նուիրաբերութիւնը նշանակալից է ո՛չ միայն Մատենադարանի հաւաքածոյի հարստացման տեսանկիւնէն, այլեւ ունի խոր բարոյական արժէք։ Ան կարելի է նկատել իբրեւ իւրատեսակ ուղերձ ամբողջ հայութեան՝ միանալու «Մատեաններու տունդարձ» արշաւին, որու նպատակն է սփռուած հայկական ձեռագիրները եւ հնատիպ գիրքերը վերադարձնել Հայաստան։

Անգնահատելի է Եսայեան ընտանիքին այս քայլը, որ ազգային մշակոյթի հանդէպ բարձրագոյն յարգանք եւ պատասխանատուութիւն է։ 

Այս առիթով արժանի է նշել, որ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժանմունքի աջակցութեամբ ալ նախագիծ մը սկսած էր, որ կը վերաբերէր «Սամուէլեան գրատան» մէջ պահուող հայկական մամուլի եւ այլ նիւթերու թուայնացման։ Թուայնացման մէջ հիմնականը ընդգրկուած է արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1900-1945), որոնք տպուած են հայկական տպագրութեան կեդրոններու մէջ. ինչպէս՝ Պոլիս, Պոսթոն, Պէյրութ, Գահիրէ․․․

«Մատեաններու տունդարձը»՝ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան ուշադրութեան ներքոյ

Նոյն օրերուն՝ յուլիսի 31-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը իր նիստին ընթացքին որոշում ընդունած է շուրջ 93 միլիոն հայկական դրամ յատկացնելու՝ «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանին։ Այս գումարը պիտի յատկացուի միջնադարեան մեծանուն մատենագիր Սարգիս Շնորհալիի «Մեկնութիւն Կաթողիկէից թղթոցն» աստուածաբանական եւ ձեռագրագիտական բացառիկ արժէք ունեցող հնագոյն ընդօրինակութիւններէն մէկը ձեռք բերելու նպատակով։

Մատենադարանի տնօրէնութեան ամիսներ տեւած հետեւողական բանակցութիւններու արդիւնքով կարելի եղած է ձեռագիրը հանել նախատեսուած աճուրդէն եւ զգալիօրէն նուազեցնել անոր նախնական գինը։ Այս պատմական նուաճումը պիտի ապահովէ, որ մատեանը իր լիակատար ամբողջութեամբ վերադառնայ Հայաստան։

Ձեռագրի մուտքը Մատենադարան կը նկատուի բացառիկ իրադարձութիւն ո՛չ միայն գրական եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանումի տեսակէտէ, այլեւ՝ հոգեւոր ու պատմական արժէքով։ Արձանագրելի է նաեւ, որ մեծադիր այս մատենագրութենէն մէկ թերթ արդէն պահուած է Մատենադարանին մէջ՝ տարիներէ ի վեր։

«Մատեաններու տունդարձ»՝ Հայ մշակոյթին մէկ կարեւոր նախաձեռնութիւն

«Մատեաններու տունդարձ» արշաւը կը հանդիսանայ սփիւռքի եւ հայրենիքի միջեւ մշակութային կապ մը, որուն հիմքին մէջ հայկական ձեռագրական ժառանգութեան վերադարձի գաղափարն է։ Այս նախաձեռնութիւնը նպատակ ունի վերականգնել եւ հայրենիք վերադարձնել սփիւռքի մէջ պահպանուած հին ու բացառիկ ձեռագիրները, մատեանները, տպագրութիւնները եւ գրական նմոյշները, որոնք այլ եւ այլ պատճառներով անհասանելի կամ կորսուած կը նկատուէին։ 

Այս շարժումը նաեւ ազգային ինքնութեան եւ մշակութային ինքնագիտակցության ամրապնդման մեծ գործօն մընէ։ Հայ ժողովուրդը, որ պատմութեան ընթացքին բազմիցս բաժնուած եւ ցրուած է աշխարհին վրայ, այսօր կը փորձէ մշակութային կապերը վերականգնել իր արմատներուն հետ՝ շնորհիւ այսպիսի նախաձեռնութիւններու։

Մատեաններու վերադարձը կը նպաստէ հին հայ գրականութեան, լեզուի եւ հոգեւոր ժառանգութեան պահպանման, գիտական ուսումնասիրութեան եւ տարածման։ Նաեւ, արմատներու վերագտնումը կը խթանէ սփիւռքեան եւ հայրենական մշակութային վերաճը եւ միասնութիւնը։

Ողջունելի է նաեւ, որ նախաձեռնութիւնը աջակցութիւն կը ստանայ Հայաստանի պետական կառոյցներէն, մշակութային եւ կրթական հաստատութիւններէ, ինչպէս նաեւ անհատներէ, որոնք զգալի ներդրում կը բերեն ձեռագրերու վերծանումին, պահպանումին եւ վերադարձին։

Սարգիս Շնորհալի․ 12-րդ դարու հայ մատենագիրն ու «Մեկնութիւն կաթողիկեայց»ի հեղինակ

Սարգիս Շնորհալի, նաեւ՝ Սարգիս Մեկնիչ (ծննդեան եւ մահուան թուականները անյայտ են) 12-րդ դարու տաղանդաշատ հայ մատենագիր էր, որ իր ազդեցիկ գործով ուրոյն տեղ ունի հայ միջնադարեան գրականութեան ու աստուածաբանական մտքի պատմութեան մէջ։

Ան նախ ուսանած է Կարմիր վանքը, ապա հաստատուած Քարաշիթի վանքը (Կիլիկիա), ուր իր խոր գիտելիքներով եւ վարդապետական գործերով մեծ յարգանք վայելած է։ Իր գրական գործունէութեան մէջ հետեւած է արեւելեան քրիստոնէական եկեղեցիի մեծագոյն հայրերու՝ Գրիգոր Աստուածաբանին, Բարսեղ Կեսարացիին եւ Եփրեմ Ասորիին։ 

Սարգիս Շնորհալիի ստեղծագործութիւններուն մէջ կան կարգ մը ճառերու, խրատներու եւ աստուածաբանական երկերու մեկնութիւններ, որոնք կ՚առանձնանան իրենց լեզուական հմայքով եւ վարդապետական խորութեամբ։ Այդ հմտութիւններու եւ գիտելիքներու համար անոր տրուած է «Շնորհալի» մականունը։

Ամենայայտնի աշխատութիւնը «Մեկնութիւն Կաթողիկեայց»ն է, որ կը համարուի հայ միջնադարեան աստուածաբանական գրականութեան բացառիկ նմոյշ՝ իր ուսումնական եւ հոգեւոր մեծ արժէքով։

ԳՐԱՏԱՆ ՀԻՄՆԱԴԻՐ ՀՐԱՆԴ ՍԱՄՈՒԷԼ(ԵԱՆ) (1891-1977)

Հրանդ Սամուէլի կեանքն ու գործունէութիւնը անքակտելիօրէն կապուած են Ֆրանսայի հայ սփիւռքի պատմութեան։ Ծնած Մարաշ, մանկութեան առաջին մեծ ողբերգութիւնը տեսած է, երբ միայն չորս տարեկան էր․ 1895 թուականի դէպքերուն իր հայրն ու մեծ եղբայրը սպաննուած են։ Նահանգի որբանոցներուն մէջ կրթուելէ ետք ընդունուած է Սիսի կաթողիկոսութեան դպրանոց, ապա Տարսոնի հայկական վարժարանը (1907-1909)։ 1909 թուաականէն ետք տեղափոխուած է Պոլիս։ 1911 թուականին կը մտնէ Պոլսոյ իրաւաբանական վարժարանը, ուր դասախօսութիւն կու տար Գրիգոր Զօհրապ։ Միաժամանակ կը գրէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին մէջ։ 

Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ կը ծառայէ Օսմանեան բանակի պահեստազօրին մէջ, ապա կը գործէ զինուորական հիւանդանոցներուն մէջ՝ Քոնիա, Պանտըրմա, Երուսաղէմ, Նազարէթ։ 1918 թուականի սեպտեմբերին Պաղեստինի մէջ գերի կ՚իյնայ անգլիական բանակին, բայց շուտով կը ծառայէ որպէս թարգման՝ շնորհիւ իր բազմալեզու գիտելիքներուն։ 1919 թուականին կը վերադառնայ Պոլիս, կը շարունակէ իրաւաբանական ուսումը եւ կը մասնակցի հայկական համայնքի մշակութային վերելքին՝ մինչեւ 1923 թուականը։ 1920 թուականին, Սեւրի դաշնագիրի օրերուն, կ՚անցնի Փարիզ, ուր կը բնակի Սորպոնի շրջանի փոքր պանդոկներուն մէջ։ Կ՚աւարտէ իրաւաբանական կրթութիւնը եւ կը պաշտպանէ աւարտաճառ՝ Կիլիկիոյ միջնադարեան առեւտուրին մասին։

Հրանդ Սամուէլեան կը դառնայ Դաշնակցութեան յստակ նուիրեալ մը, կը մասնակցի 1924 թուականի Փարիզեան ընդհանուր ժողովին եւ 1925 թուականին կը դառնայ «Յառաջ» օրաթերթի մշտական աշխատակից։ Կէս դար շարունակ ան կը գրէ դաշնակցական մամուլին՝ Պոսթոն, Պէյրութ, Գահիրէ եւ այլն։ 

Ան բանիմաց, հանդարտ ու վստահելի մարդ կը բնորոշուէր՝ մշտապէս ներկայ եղած է սփիւռքեան համայնքային կեանքին մէջ՝ Ֆրանսայի Հայկազեան մշակութային միութեան հիմնադիրներէն, «Յառաջ»ի երկարամեայ խմբագիր, գիրքերու թարգմանիչ, յուշագրերու հեղինակ։ Իր կեանքի վերջին օրերուն ալ՝ 1977 թուականի ապրիլի 24-ին, ծանր հիւանդ վիճակով, գրած է իր վերջին խմբագրականը։

Իր գործը շարունակող երկու զաւակները 2007 թուականին արժանացած են Լեժիոն տ՚Օնէօր շքանշանին։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Օգոստոս 12, 2025