ՄՈՒՐԱՑԿԱՆ՝ ԲԱՅՑ ՈՉ ԱՂՔԱՏ
Աշխարհի մէջ կան երեւոյթներ, որոնք հին են այնքան՝ ինչքան մարդկութիւնը. երեւոյթներ՝ որոնք հակառակ հազարամեակներու չեն կրցած հիմնական լուծում մը ունենալ: Այս երեւոյթները արմատացած են եւ դարձած են ընկերութեան էական մէկ մասը: Անոնցմէ մէկն է աղքատութեան ծնունդը նկատուող մուրացկանութիւնը: Գրեթէ բոլոր ժամանակներուն գոյութիւն ունեցած են անհատներ, որոնք հիւանդութիւններու, անկարողութեան, մոլութիւններու եւ աղքատութեան պատճառով իրենց օրուան հացը ստիպուած եղած են «վաստակել» մուրացկանութեամբ:
Անշուշտ, հին ժամանակ մարդկութիւնը մուրացկանութեան «ատելութեամբ» եւ կամ նողկանքով չէ՛, որ կը նայէր. հակառակը. հին քաղաքակրթութեան մէջ մուրացկանները կը նկատուէին Աստուծոյ փորձութեան ենթարկուածներ, որոնք կարիքը ունէին այլոց օգնութեան կարիքը՝ յաղթահարելու համար այդ փորձութիւնը: Մուրացկանութիւնը որպէս յոռի երեւոյթ չէր դիտուեր, որովհետեւ մարդիկ կը հաւատային, որ մուրացկաններուն օգնելը մարդուն կու տար հոգեւոր վարձատրութիւն. անշուշտ, այս համոզումին արձագանգը կը գտնենք գրեթէ բոլոր կրօններուն մէջ: Աղքատութիւնը նիւթական եւ ընկերային խնդիր մըն է, սակայն, գրեթէ ամէն կրօն իր մէջ առած է աղքատութիւնն ու մուրացկանութիւնը եւ վերածած կրօնական պարտքի: Անշուշտ, կրնանք ենթադրել, որ այս երեւոյթը հին ժամանակ ապրող մուրացկաններուն համար շահաբեր էր, որովհետեւ մարդիկ մուրացկաններուն կեղծ կամ իրաւ ըլլալը քննելէ աւելի հոգեւոր վարձատրութեամբ հետաքրքրուած էին. այդ իսկ պատճառով պատմիչներ կը վկայեն, թէ ինչպէս Հռոմի գրեթէ բոլոր փողոցները լեցուած էին մուրացկաններով, որովհետեւ գրեթէ բոլոր կրօններուն համար պատիւ էր մուրացկաններուն եւ աղքատներուն օգնելը:
Օրինակը տանք Քրիստոնէութեան մօտեցումով. Մատթէոսի Աւետարանին 5:7-ին մէջ կը կարդանք. «Երանի՜ ողորմածներուն, որովհետեւ անոնք ողորմութիւն պիտի գտնեն»: Այս «Երանի՜» ըսողը Քրիստոս ինք է եւ հետեւաբար քրիստոնեաներուն համար (մանաւանդ սկզբնական շրջանին) աղքատներու օգնելը ո՛չ թէ ողորմութիւն, այլ գրեթէ անգիր պարտաւորութիւն մըն էր. պէտք էր օգնել, ողորմած ըլլալ, որպէսզի Աստուած ալ իրենց հանդէպ ողորմած ըլլայ: Անշուշտ, այն ողորմութիւնը, որ Քրիստոս կը քարոզէր, Աւետարանը կը տարածէր լոկ նիւթական օգնութիւնը չէր. ողորմութիւն էր նաեւ բարոյական եւ հոգեւոր աջակցութիւնը, հիւանդներուն, բանտարկեալներուն օգնութիւն ցուցաբերելը եւ այլն:
Անշուշտ, այդ ժամանակաշրջանը աւելիով հասկնալու համար ըսենք հետեւեալը. Փարիսեցիներուն եւ Հրեաներուն մօտ եւս ողորմութիւնը Աստուածային էր. Հին կտակարանի Սաղմոսներուն մէջ կը կարդանք. «Օգնող եւ ողորմութիւն ընող մարդը օրհնեալ է» (Սաղմոս 41.1):
Այդ ժամանակ եւս մարդ դրամասէր ու փառամոլ էր, սակայն, հոգեւորը եւս ունէր իր ծանրութիւնը եւ մարդիկ իրենց աշխարհիկ կեանքին չափ եւ կարելի է քիչ մը աւելի կը մտածէին նաեւ յաւիտենական կեանքին եւ Աստուծոյ հաճութիւնը շահելու: Օրինակի համար՝ Գործք Առաքելոց գիրքին մէջ կը տեսնենք, թէ ինչպէս մարդիկ իրենց ունեցուածքը կը բաժնէին աղքատներուն:
Մուրացկանութեան հանդէպ մարդոց մօտեցումը դրական էր նաեւ այն իմաստով, որ Յիսուս Քրիստոս եւ իրեն հետեւող առաքեալները մուրացկաններուն ատելութեամբ չէին մօտենար. ընդհակառակը Յիսուս բազմիս կ՚ըլլար մուրացկաններու եւ աղքատներու հետ. անոնց հետ սեղան կը նստէր. Յիսուս Քրիստոս այս մէկը կ՚ընէր ցոյց տալու համար, որ մարդոց միջեւ ընկերային տարբերութիւններ պէտք չէ դնել. մարդը որպէս աղքատ ու հարուստ պէտք չէ զանազանել:
Այս բոլորը նկատի ունենալով, հին ժամանակ մուրացկանութեան համար «մեղաւոր» կը նկատուէր ո՛չ թէ մուրացկանը, այլ հասարակութիւնը, որոնց պարտաւորութիւնն է օգնել կարիքաւորին՝ թէ՛ մարդկային եւ թէ հոգեւոր տեսանկիւնէն: Նոյնիսկ հին փիլիսոփայութեան մէջ կը տեսնենք, որ աղքատութեան մէջ մեղաւոր կը նկատուի շրջապատը. օրինակի համար՝ Արիստոտել կը հաւատար, որ հասարակութիւնը պարտաւոր է աղքատներուն աջակցիլ. անշուշտ, այս համոզումը կարելի է տեսնել տարբեր փիլիսոփաներու մօտ եւս:
Համաշխարհային գրողներէն Ժան Ժաք Ռուսօ իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Թշուառութիւնը յաճախ պայմանաւորուած է հասարակութեան եւ ընկերային անարդարութեամբ եւ ո՛չ մարդու անձնական սխալներով». նման համոզում կարելի է գտնել Քարլ Մարքսի, Հիւկոյի եւ բազմաթիւ այլ մտաւորականներու մօտ:
Անշուշտ, մուրացկանութեան մասին խօսելով պէտք է նկատի ունենալ երկու երեւոյթ. կան մուրացկաններ, որոնք անօգնական են եւ իրապէս կարիքը ունին մարդոց օգնութեան եւ անդին կան մուրացկաններ, որոնք այդ մէկը որպէս շահաբեր միջոց կ՚ընտրեն: Այդ շահադիտական մօտեցումը վստահ ենք, որ հին ժամանակներուն եւս գոյութիւն ունէր, սակայն, մարդկութիւնը տարուած ըլլալով հոգեւորով՝ այդքան ալ կարեւորութիւն չէ տուած այդ կեղծիքին: Մանաւանդ միջնադարուն երբ եկեղեցին եւ պետութիւնը միատեղ աղքատներուն օգնութիւն կը ցուցաբերէր, կամաւոր աղքատներ ու մուրացկաններ շատ ծնունդ առին: Ցաւ ի սիրտ, նման շահամոլ աղքատներ գոյութիւն ունեցան եւ ունին գրեթէ բոլոր ազգերուն մէջ՝ ներառեալ հայերը: Եւ մեր այս յօդուածին հիմնական դրդապատճառը Հայաստանի փողոցներուն մէջ հայ մուրացկաններուն թիւի անհամեմատ աւելացումն է:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Մուրացկանութիւնը ամօ՞թ է:
Պատասխան. Մուրացկանութիւնը ինքնին ամօթ չէ, որովհետեւ այդ մէկը պայմանաւորուած է մարդու ընկերային ու տնտեսական ծանր վիճակով եւ շատ պարագաներու մէջ ան ստիպուած է մուրացկանութիւն ընելու՝ ապահովելու համար իր գոյութիւնը: Ամօթ կրնայ ըլլալ այն պարագային, երբ հասարակութիւնը կամ անհատները կը մեղադրեն մուրացկանը իր աղքատութեան եւ կամ ունեցած դժուարութիւններուն համար՝ մոռնալով, որ աղքատութիւնը յաճախ անհատէն կախուած վիճակ մը չէ եւ որոշ հանգամանքներու հետեւանք է: Մուրացկանութիւնը մարդկային ցաւի ու դժուարութեան արտայայտութիւնն է եւ այդ մէկը ամօթ նկատելը անարդար է:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան