ԼԱՐՈՒԱԾ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին այսօր ի վերջոյ կը մէկտեղուին Ալասքայի մէջ։ Համայն աշխարհի ուշադրութիւնը լարուած է այս հանդիպման վրայ, որովհետեւ արդէն հասած է միջազգային բեմահարթակին վրայ այնքան սպասուած գագաթնային շփման օրը։ Երկու ղեկավարները առաջնահերթօրէն կանգ կ՚առնեն Ուքրայնայի հակամարտութեան վրայ։ Ուաշինկթըն-Մոսկուա առանցքին վրայ երկար ժամանակէ ի վեր այս հիմնախնդիրը դարձած է թէժ օրակարգ։ Ալասքայի ժամադրութեան ընդառաջ Տանըլտ Թրամփ տեղեկացուց, որ եթէ Փութինի հետ համաձայնութեան հասնի հրադադարի համար, ապա յաջորդելիք փուլերու շփումները եռակողմանի ձեւաչափով պիտի ընթանան՝ Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի մասնակցութեամբ։ Թրքական մամուլն ալ կը գրէ, որ այդպիսի հաւանական եռակողմանի գագաթաժողով մը կրնայ հիւրընկալուիլ Իսթանպուլի մէջ։
Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, բացի Ուքրայնայի հակամարտութեան կասեցումէն, երկու ղեկավարները կը շօշափեն Ռուսաստանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցներու բաւ համարուիլը։ Մոսկուայէն դրական պատգամներ հնչեցին Ալասքայի ժամադրութեան ընդառաջ։ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յոյս յայտնեց, թէ ԱՄՆ-ի հետ երկխօսութիւնը կը շարունակուի։
Իր կարգին, Փութին դրուատեց ԱՄՆ-ի անկեղծ ջանքերը՝ պատերազմը աւարտին հասցնելու ուղղութեամբ։ Բաց աստի, Քրեմլինի աղբիւրները «Reuters»ին տեղեկացուցին, որ կողմերը սկզբնական ընդհանուր համաձայնութիւն մը ապահոված ըլլալ կը թուին Ալասքայի այսօրուան հանդիպման սեմին։
Վոլոտիմիր Զելենսքին ալ, Ալասքայի ժամադրութեան ընդառաջ, շրջագայութեան մը ձեռնարկեց դէպի զանազան եւրոպական մայրաքաղաքներ։ Այս ծիրէն ներս, երէկ, Լոնտոնի մէջ, ան ընդունուեցաւ Անգլիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըրի կողմէ։
ԷՐՏՈՂԱՆ-ՌՈՒԹԷ ԶՐՈՅՑ
Միւս կողմէ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռութէի հետ։ Անոնք արծարծեցին Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան վերջին իրադարձութիւնները, նաեւ կանգ առին տարածաշրջանային եւ միջազգային բնոյթով հարցերուն վրայ։ Ըստ Էրտողանի՝ մշտական հրադադար մը ապահովելու նպատակով Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած Մոսկուա-Քիեւ բանակցութիւններուն արձանագրուած է յառաջընթաց եւ այս գործընթացի մարդասիրական խնդիրներու շուրջ դրական շարունակութեան հնարաւորութիւն ընձեռելը կը համարուի կարեւոր։
Ռութէ Էրտողանի նկատառման յանձնեց Թրամփ-Փութին գագաթաժողովին ընդառաջ Ուքրայնայէ ներս ստեղծուած կացութեան թարմ մանրամասնութիւններուն շուրջ։ Իր կարգին, Էրտողանն ալ ընդգծեց, որ Թուրքիա մօտէն կը հետեւի Ալասքայի գագաթաժողովին։