ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԴԻՄԱՑ

Սպիտակ տան մէջ, Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ ստորագրուած հռչակագիրը կը շարունակէ բնորոշել Հարաւային Կովկասի օրակարգը։ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հաղորդումներով, Երեւանի ղեկավարութիւնը ներկայիս կը ջանայ փարատել Թեհրանի եւ Մոսկուայի մտահոգութիւնները։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան օրերէ ի վեր կը ջանայ բացատրել, որ այդ հռչակագրով նախատեսուած TRIPP ուղին նպաստաւոր պիտի ըլլայ նաեւ Ռուսաստանի եւ Իրանի համար։ Հայկական կողմէն այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ ալ այս օրերուն մանրամասնութիւններ կը հրապարակեն հռչակագրով ստեղծուելիք կացութեան շուրջ։ 

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յիշեցուցած էր Սիւնիքի մարզէն ներս ռուս սահմանապահներու ներկայութեան եւ Հայաստանի՝ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) անդամ ըլլալու հանգամանքները։ Ի շարունակութիւն, Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք յայտնեց, որ իր երկիրը TRIPP-ի ծրագրերուն մէջ Հայաստանին կ՚աջակցի, եթէ այս վերջինը անհրաժեշտ կը համարէ այդ բանը։ «Մենք այս հարցը կը դիտարկենք հետեւեալ հարթութեան վրայ։ Հայաստան մեր ռազմավարական դաշնակիցն է եւ եթէ Հայաստան կը կարծէ, թէ որեւէ բան լաւ է իրեն համար, ապա մենք, ի հարկէ, այդտեղ Հայաստանին կ՚աջակցինք», ըսաւ Օվերչուք եւ աւելցուց, որ իր երկիրը կ՚աջակցի Հարաւային Կովկասի այն խաղաղ գործընթացներուն, որոնք լիովին կը համապատասխանեն իր շահերուն։ «Ի հարկէ, այն պայմանաւորուածութիւնները, որոնք ակնյայտօրէն կրնան գոյանալ եւ կը յառաջացնեն որոշ մանրամասնութիւններ, մենք զանոնք պէտք է ճշդենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ միասին», դիտել տուաւ ան։ Ալեքսէյ Օվերչուք տեղեկացուց, որ յաջորդ շաբաթ պիտի այցելէ Հայաստան եւ Ատրպէյճան TRIPP-ի վերաբերեալ հանգամանքներ քննարկելու համար։ Մօտաւոր ապագային նախատեսուած է նաեւ Նիկոլ Փաշինեանի Ռուսաստան այցելութիւնը։ 

Հարկ է յիշեցնել, որ Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան առանցքին վրայ 44-օրեայ պատերազմէն վերջ ստեղծուած էր երկու յայտարարութիւն։ Եռակողմանի այդ ձեւաչափին մէջ եւս տեղ գտած էր Հարաւային Կովկասի հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցը։ Այդ նպատակով ստեղծուած էր՝ երեք երկիրներու փոխ-վարչապետներու գլխաւորութեամբ համատեղ յանձնաժողով մը։ Ռուսաստանի կողմէ այդ յանձնաժողովը կը գլխաւորէր Ալեքսէյ Օվերչուք։

TRIPP-ի պարագային յառաջացած տարակարծութիւններու մթնոլորին մէջ, Երեւան յաջորդ շաբթուան սկիզբին պիտի հիւրընկալէ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանը։ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան, որ այս այցելութեան ընդառաջ Թեհրանի մէջ շփումներ ունեցաւ, յայտարարութիւններ ըրաւ «ԻՐՆԱ» գործակալութեան։ Ան նշեց, որ կը նախատեսուի Հայաստանի մէջ ստեղծել եւ արձանագրել ընկերութիւն մը, որու բաժնետոմսերը Հայաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն միջեւ պիտի բաժնուին։ «Սա չի նշանակեր Միացեալ Նահանգներու ներկայութիւնը տարածաշրջանի անվտանգութեան ոլորտին մէջ։ Մենք կը հասկնանք, որ սա Իրանի հիմնական մտահոգութիւններէն մին է ու կարծեմ, թէ սա լուծուած է», ըսաւ փոխ-նախարարը եւ աւելցուց, որ ԱՄՆ տարածաշրջանի երկիրներուն դէմ բացասական դեր մը պիտի չխաղայ։ Երեւանի դիրքորոշումը կ՚երաշխաւորէ որեւէ երրորդ կողմի ներկայութեան վերաբերեալ։

Իր կարգին, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի, որ վերջին օրերուն Թեհրանի մէջ հիւրընկալեց Վահան Կոստանեանը, «Թասնիմ» գործակալութեան յայտնեց հետեւեալը. «Հարաւային Կովկասէ ներս ճանապարհներու պարագային տեղի ունեցածը բոլորովին կը տարբերուի այն բանէն, ինչ որ ենթադրաբար պէտք է տեղի ունենար։ Ես չեմ ըսեր, որ տեղի ունեցածը մտահոգիչ չէ։ Հայ պաշտօնեաներու՝ մեզի ըսածներուն հիման վրայ, այս ճանապարհը պէտք է կառուցէ ամերիկեան ընկերութիւն մը, որ կ՚արձանագրուի ըստ հայկական օրէնսդրութեան եւ կը գտնուի հայկական ինքնիշխանութեան ներքեւ։ Հայերը մեզի կ՚ըսեն, որ դիտարկած եւ ուշադրութեան առարկայ դարձուցած են Իրանի բոլոր կարմիր գիծերը այս առումով։ Հայ պաշտօնեաներու խօսքով՝ այնտեղ ամերիկեան զօրքեր պիտ չտեղակայուին եւ ճանապարհի անվտանգութիւնը պիտի ապահովէ Հայաստանը։ Ասոնք հայ պաշտօնեաներու ըրած յայտարարութիւններն են, ի հարկէ, մենք նոյնպէս կը ձեռնարկենք անհրաժեշտ նախազգուշական միջոցներու»։

Իր կարգին, Իրանի առաջին փոխ-նախագահ Մուհամմէտ Ռըզա Արիֆ յայտնեց, որ օտար երկիրներու միջամտութիւնը չի նպաստեր Հարաւային Կովկասէ ներս կայուն անվտանգութեան։ 

44-օրեայ պատերազմէն ի վեր Ատրպէյճան յամառօրէն օրակարգի վրայ կը պահէր «Զանգեզուրի միջանցք»ի բացման հարցը։ Սա Հայաստան-Իրան անխափան կապին տեսակէտէ լուրջ մարտահրաւէր մըն է։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Իրան միշտ յամառ կեցուածք դրսեւորեց, յիշեցնելով, որ պիտի չհանդուրժէր Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան դէմ ոտնձգութիւններուն։

Միւս կողմէ, նոյնպէս յետպատերազմեան ժամանակաշրջանին, Ռուսաստան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ տարաւ անմիջական աշխատանք՝ մանաւանդ, որ հրադադարն ալ իր իսկ միջնորդութեամբ ապահովուած էր։ Ռուսաստանի քաղաքականութիւնը, ընդհանրապէս, աստիճանական եղափոխութեան ենթարկուեցաւ՝ մանաւանդ, որ Ուքրայնայի հետ ալ պատերազմի մէջ է։ Ռուսաստանի միջնորդութեամբ ստեղծուած երկու յայտարարութիւնները գրեթէ ամբողջութեամբ ձախողեցան։ Այդ պայմաններուն ներքեւ Ռուսաստան նուրբ խաղ մը յառաջ կը տանէր՝ ձգտելով առաջին հերթին ո՛չ թէ խնայել իր ռազմավարական դաշնակից Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը, այլեւ գերադասելով «Զանգեզուրի միջանցք»ի վերահսկողութեան տիրանալը, անշուշտ, Ատրպէյճանի հետ համաձայնութեամբ եւ առերեւոյթ ուշադիր բառապաշարով։ Տարբեր հարց, ներկայիս Մոսկուայի եւ Պաքուի յարաբերութիւններն ալ բաւական վատթարացած են։

«Զանգեզուրի միջանցք»ի հարցին շուրջ Իրանի եւ Ռուսաստանի դիրքորոշումները միշտ տարբեր եղած էին՝ հակառակ, որ երկուքն ալ կ՚ուզէին արտատարածաշրջանային ուժերը դուրս թողուլ։ Մոսկուա կը ձգտէր միջանցքի վերահսկողութեան տիրանալ, իսկ Թեհրան կը ջանար չկտրուիլ իր հարեւանէն։ Իրանի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ նոյնիսկ յայտնած էին, որ այս հարցին շուրջ ռազմավարական դաշնակից չեն համարեր ռուսական կողմը։

Ի վերջոյ, երբ ներկայիս Ռուսաստանի դիրքը լրջօրէն ցնցուած է նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ, TRIPP-ի պարագային ցուցաբերուած հակազդեցութիւններու վրայ ալ կը ցոլանայ այս հանգամանքը։ Ռուսական կողմէ հնչած պատգամները, ըստ երեւոյթին, յարմարուելու համար բաց դուռ մը կը ձգեն։ Թեհրանի հակազդեցութիւնը յարաբերաբեր աւելի խիստ ըլլալ կը թուի՝ թէեւ յայտնի չէ, որ վերջնական արդիւնքի վրայ ազդելու ի՞նչ ներուժ ունի։ Հարաւային Կովկասէ ներս իրերու առկայ դրուածքը կրնայ փոխուիլ, եթէ միայն ապագային համաձայնութիւն մը գոյանայ ԱՄՆ-ի եւ Իրանի միջեւ. հաւանականութիւն մը, որ այս պահուն դժուար թէ կարենայ ներգործել՝ անելի մատնուած Հայաստանի ընթացքին վրայ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 15, 2025