ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ՄԷՋ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՏՕՆԸ

Երէկ, Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Ս. Աստուածածնի վերափոխման տօնի առթիւ ստեղծուեցաւ բացառիկ ոգեւորութիւն։ Տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց եւ խրատականը խօսեցաւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Զաւէն Աւ. Քհնյ. Պըչաքճեան, որու ձեռամբ կատարուեցաւ նաեւ խաղողօրհնէքը։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, Օրթագիւղի ընտանիքի վարիչները նախաճաշի սեղանով մը հիւրընկալեցին արարողութիւններու մասնակից հաւատացեալները, որոնց բարեմաղթանքներ յղեցին տաղաւարի առթիւ։

Վերի դրուագը կը ցոլացնէ խորանին առջեւ տօնական օրուան յիշատակ մը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 18, 2025