ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՆԵՐԽՈՒԺՈՒՄ
Իսրայէլ կը շարունակէ ներխուժել Սուրիոյ տարածքը, ինչ որ տարածաշրջանի խաղաղութեան ու կայունութեան տեսակէտէ լուրջ սպառնալիք մը կը համարուի։ Միջազգային լրահոսին մէջ լայն արձագանգ գտած է, թէ Իսրայէլի զօրքերը օգոստոսի 18-ի երեկոյեան ներխուժած են Սուրիոյ հարաւ-արեւմուտքի Քունէյթրա նահանգի երկու բնակավայրերը, ուր խուզարկումներ իրականացուցած են քանի մը տուներէ ներս։
Սուրիական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ ներխուժման ընթացքին Իսրայէլի զօրքերը կրակ բացած են մոթոսիքլեթներու վրայ։ Քաղաքացիական բնակչութեան շրջանակներէն ներս տուժածներ չեն եղած եւ տուներու խուզարկութիւններու արդիւնքին ձերբակալուողներ ալ չեն եղած։
Աւելի վաղ Իսրայէլի ուժերը ներխուժած էին Քունէյթրայի արեւելեան Սամտանիա գիւղը՝ ստեղծելով ժամանակաւոր անցակէտ մը։ Բաց աստի, անոնք Սուրիայի քաղաքացի մը ձերբակալած էին խուզարկութեան արդիւնքով։
Սուրիոյ վրայ Իսրայէլի յարձակումները միջոցէ մը ի վեր կը շարունակուին եւ այս կապակցութեամբ Թուրքիա հանդէս կու գայ լուրջ հակազդեցութեամբ։ Արդարեւ, Թուրքիա-Իսրայէլ առանցքին վրայ արդէն գոյութիւն ունին լուրջ տարակարծութիւններ Կազզէի պատերազմին հետեւանքով, իսկ Սուրիայէ ներս արձանագրուած դէպքերն ալ կու գան բարդուիլ այս բոլորին վրայ։ Անգարայի ղեկավարութիւնը վերջին շրջանին լուրջ ջանքեր կը գործադրէ, որպէսզի Դամասկոսի նոր իշխանութիւնները կարողանան կարգ ու կանոն վերահաստատել Սուրիայէ ներս՝ մասնաւորապէս ՓՔՔ-ԵՓԿ-ի կողմէ հովանաւորուած Սուրիոյ ժողովրդավարական զօրքերու զինեալներու զէնքերու վայր դրման տեսակէտէ։
Միւս կողմէ, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Էսատ Շէյպանի Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իսրայէլէն պատուիրակութեան մը հետ։ Քննարկուեցան տարածաշրջանային բնոյթով շարք մը հարցեր՝ ներառեալ Սուրիոյ հարաւին կայունութեան ամրապնդումը։ Կը հաղորդուի, որ քննարկումները կեդրոնացած են լարուածութեան թուլացման եւ Սուրիոյ ներքին գործերուն չմիջամտելու, տարածաշրջանէ ներս կայունութիւնը խթանելու ուղղեալ փոխադարձ ըմբռնման հասնելու, Սուրիոյ հարաւին հրադադարի մշտադիտարկման հարցերուն շուրջ։
Այս քննարկումները տեղի ունեցան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու՝ Սուրիայէ ներս անվտանգութեան եւ կայունութեան ամրապնդման ու տարածքային ամբողջականութեան պահպանման ուղղեալ դիւանագիտական ջանքերու շրջանակներէն ներս։