ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀՈՒՆ
Փեքին-Նիւ Տելհի առանցքին վրայ այս շրջանին կը նկատուի լուրջ աշխուժութիւն՝ միջազգային թատերաբեմի ուժերու վերադասաւորման պայմաններուն ներքեւ։ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Վանկ Եին երէկ հիւրընկալուեցաւ Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարար Սուպրահմանեամ Ճայշանքարի կողմէ։ Երկու նախարարները Նիւ Տելհիի մէջ վարեցին բանակցութիւններ, որոնց աւարտին Վանկ Եի ըսաւ. «Կողմերը իրականացուցած են երկու երկիրներու առաջնորդներու կողմէ ձեռք բերուած փոխադարձ համաձայնութիւնը, աստիճանաբար վերսկսած են փոխանակումներն ու երկխօսութիւնները բոլոր մակարդակներու վրայ, սահմանամերձ շրջաններու մէջ կը պահպանուի խաղաղութիւն եւ հանդարտութիւն»։
Ան ընդգծեց, որ չինա-հնդկական յարաբերութիւնները ցոյց կու տան համագործակցութեան հիմնական հուն վերադառնալու դրական միտումը։
Վանկ Եիի խօսքով՝ արդի աշխարհի մէջ լայնօրէն տարածուած են միակողմանի ճնշումները, իսկ ազատ առեւտուրը եւ միջազգային կարգը լուրջ մարտահրաւէրներու կը բախին։ Նման պայմաններու ներքեւ Չինաստանն ու Հնդկաստանը՝ որպէս երկու խոշորագոյն զարգացող երկիր, աւելի քան 2,8 միլիառ ընդհանուր բնակչութեամբ պէտք է իրենց ներդրումը ունենան բազմաբեւեռ աշխարհի յառաջխաղացման եւ միջազգային յարաբերութիւններու ժողովրդավարացման ուղղութեամբ։
Վանկ Եի աւելցուց, որ Չինաստան եւ Հնդկաստան պէտք է լրջօրէն ուսումնասիրեն իրենց միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ի վեր գոյացած 75 տարուան փորձառութիւնն ու դասերը, հաստատեն ճիշդ ռազմավարական փոխըմբռնում մը եւ զիրար դիտարկեն՝ որպէս գործընկեր, այլ ոչ թէ հակառակորդ կամ սպառնալիքի աղբիւր։
Վանկ Եի կոչ ուղղեց՝ ամրապնդել փոխադարձ վստահութիւնը, վերացնել համագործակցութեան ընդլայնման ճանապարհին առկայ խոչընդոտները, ամրապնդել յարաբերութիւններու բարելաւման թափը։
Հարկ է նշել, որ Չինաստանի եւ Հնդկաստանի միջեւ սահմանային առեւտուրը պիտի վերսկսի հինգ տարուան ընդհատումէ մը վերջ։
Միւս կողմէ, չինացի նախարարը Նիւ Տելհիի մէջ ընդունուեցաւ նաեւ Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտիի կողմէ։