«ՄԵՆՔ ԱՀԱԲԵԿԻՉ ՉԵՆՔ»

Երէկ, Երեւանի Քրէական ատեանին մէջ սկսաւ Բագրատ սրբազանի եւ միւսներու գործի դատավարութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի ալեկոծեալ ներքին քաղաքական կեանքի պայմաններուն ներքեւ, Տ. Բագրատ Արք. Գալստեանեան գլխաւորած էր ընդդիմադիր շարժում մը, ինչ որ մօտաւոր անցեալին բնորոշած էր երկրի օրակարգը։ «Սրբազան շարժում» կոչուած այդ ընդդիմադիր հոսանքի 18 մասնակիցները ներկայիս կը դատուին՝ մեղադրուելով ահաբեկչութեամբ եւ իշխանութիւնը իւրացնելու փորձով։

Երէկուան դատավարութիւնը տեղի ունեցաւ հանրային կարծիքի վառ ուշադրութեան պայմաններուն ներքեւ։ Տ. Բագրատ Արք. Գալստեանեան երկար ժամանակէ ի վեր կը մնայ բանտարկուած։ Իրեն նման բանտարկուած է նաեւ Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեան։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը իրերայաջորդ յայտարարութիւններով կը պահանջէ երկու բարձրաստիճան եկեղեցականներու ազատ արձակուիլը։

Երէկուան դատավարութեան ընթացքին Տ. Բագրատ Արք. Գալստեանեան մերժեց ամբաստանագրով իրեն վերագրուած մեղադրանքները։ «Մենք ահաբեկիչ չենք, իշխանութիւնները ահաբեկուած են», ըսաւ ան դատական նիստի ընթացքին։

Միեւնոյն ժամանակ, դատավարութեան տեւողութեան նորին սրբազնութիւնը դատաւորէն խնդրեց, որպէսզի իրեն չդիմեն աւազանի անունով։

Միւս կողմէ, դատարանի շէնքին առջեւ բողոքի մեծ ցոյց մըն ալ տեղի ունեցաւ՝ Բագրատ սրբազանի ազատ արձակման պահանջով։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 20, 2025