ԹՐԱՄՓ ԳՈՐԾԻ ԳԼՈՒԽ

Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան կարգաւորման հաւանականութիւնը միջազգային հանրային կարծիքի ուշադրութեան կիզակէտին մնալ կը շարունակէ։ Ներկայիս ակնկալութիւնները կը խտանան Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Քիեւ առանցքին վրայ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, որ վերջին օրերուն բազմակողմանի շփումներ ունեցաւ այս ուղղութեամբ, արդէն պատրաստութիւններու ձեռնարկած է՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի մասնակցութեամբ գագաթաժողովի մը կազմակերպման նպատակով։ 

Թուրքիան ալ անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի տարածաշրջանի իրադարձութիւններուն։ Անգարա ուղիղ կապի մէջ է շահագրգիռ մայրաքաղաքներուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ։ Նախօրէին Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցած գագաթաժողովէն վերջ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիոյի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարրոյի հետ։ Երկու հեռախօսազրոյցներուն ընթացքին ալ քննարկուեցան Ալասքայի եւ Ուաշինկթընի մէջ վերջին օրերուն կազմակերպուած քննարկումներու արդիւնքները։ Իր կարգին, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանն ալ երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռութէի հետ։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներուն՝ այս զրոյցի բովանդակութիւնն ալ նման էր Հաքան Ֆիտանի պաշտօնակիցներուն հետ ունեցածներուն։

Ուքրայնայի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ ջանքերը յառաջ կը տարուին բազմաթիւ ուղղութիւններով եւ այս մթնոլորտին մէջ շահագրգիռ բոլոր կողմերէն կը հնչեն յայտարարութիւններ, որոնք ատեն-ատեն իրերամերժ ըլլալու տպաւորութիւն ալ կը ստեղծեն։ Սպիտակ տան աղբիւրները հաղորդեցին, որ Ալասքայի մէջ տեղի ունեցած Թրամփ-Փութին գագաթաժողովը արդէն ճանապարհ հարթած է բանակցութիւններու յաջորդ փուլին համար։ Թրամփ երէկ ալ նշեց, որ Ուքրայնայի անվտանգութեան համար ձեւ մը պիտի գտնուի, բայց, առանց ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան հեռանկարի։ Սպիտակ տան աղբիւրներն ալ զուգահեռաբար տեղեկացուցին, որ այս փուլին բացառուած է ամերիկեան զօրքերու ներկայութիւնը Ուքրայնայի մէջ։ 

Ուաշինկթընի կողմէ խտացուած ջանքերու ներկայ մթնոլորտին մէջ, Եւրոպայէն յարաբերաբար աւելի խիստ յայտարարութիւններ կը հնչեն Մոսկուայի դէմ։ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն երէկ յայտնեց, որ անհրաժեշտ է Ռուսաստանի վրայ ճնշում բանեցնել՝ խաղաղութեան հասնելու համար։ Ան համոզուած է, թէ Ռուսաստան-Ուքրայնա հաւանական հաշտութեան մը պարագային անվտանգութեան երաշխիքները պէտք է ըլլան շատ ամուր, այլապէս եթէ որոշ ժամանակ անց այդ խաղաղութիւնը խախտուի, ապա Եւրոպա կը պարտաւորուի ամբողջ գործը վերստին տեսնելու։ Իր կարգին, Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Քայա Քալասն ալ նշեց, որ եւրոպական կողմը պիտի շարունակէ պատժամիջոցներ գործադրել Ռուսաստանի դէմ ու պիտի մարզէ Ուքրայնայի բանակը։ 

Վոլոտիմիր Զելենսքին ալ երէկ տեղեկացուց, որ մօտակայ տասն օրերու ընթացքին պիտի մշակուի իր երկրի անվտանգութիւնը երաշխաւորելու ուղղեալ ծրագիր մը։ 

Միւս կողմէ, Ռուսաստան երէկ հազար զոհուած զինուորի մարմին յանձնեց Ուքրայնային։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 20, 2025